Յօդուածներ

Ակնարկ.  Օդային-Հակաօդային  Բախումներու Հարթութիւն

Ակնարկ. Օդային-Հակաօդային Բախումներու Հարթութիւն

Տարածաշրջանային մակարդակի վրայ զինուորական իրադարձութիւններու արձանագրած մագլցողականութիւնը կը յուշէ, որ տարողութեան նոր հարթութիւն թեւակոխած են պատերազմական գործողութիւնները: Այդ հարթութիւնը աւելի կը յատկանշուի զինուորական ինքնաթիռներու յաճախակի երեւումներով, կործանիչներով, բայց նաեւ հակաօդային հակադարձութիւններով եւ զինուորական օդանաւերը վար առնելով: Եթէ սուրիական տարածքներու վրայ ահաբկիչները ռուսական զինուորական օդանաւ կը խոցէին, ապա քրտական զինեալ խմբաւորումները կը յաջողէին թրքական երկու կործանիչ վար իջեցնել: Մինչ սուրիական հակաօդային...

Մենք Մեր Խաղաղութիւնն Ենք Կերտում

Գերեալ Հայ Զինուորի Սիրտը` Պաքուի Գերեզմանատանը

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Քաղաքական վերլուծաբան Աւա՜ղ,  դա իրողութիւն  է, ինչքան էլ դառը եւ ցաւալի հնչի, բայց` անժխտելի ճշմարտութիւն, եւս մէկ ակնառու վկայութիւն, թէ իրականում ի՛նչ աստիճան վայրագ է թշնամին: Վկայութիւն, անշուշտ, ոչ մեզ` հայերիս համար: Մենք սոսկ այս վերջին իրողութեամբ չէ, որ քաջածանօթ ենք ճակատագրի քմահաճոյքով հազիւ մի քանի դար առաջ մեզ «հարեւան» դարձած  քոչուոր խաշնարածների ցեղախմբի` ներկայումս ազրպէյճանական յորջորջուող հանրութեան...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական Անդրադարձ. Ամերիկեան Միջազգային «Ազատական» Կարգավիճակին Անկումը

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ 1919-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն իր նշանաւոր ազատ ինքնորորոշման ազատական գաղափարներով փորձ մը կատարեց վերադասաւորելու միջազգային յարաբերութիւնները: Սակայն անոր փորձը բախեցաւ ֆրանսական եւ անգլիական գաղութատիրական գաղափարներուն: Հակառակ անոր որ Ազգերու լիկան ստեղծուեցաւ, սակայն անիկա անկարող եղաւ դէմ դնելու մեծ պետութիւններուն կայսերապաշտական ծրագիրներուն: 1919-1945 թուականերուն որոշ անիշխանականութիւն մը կար միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ, մինչեւ որ 1945-ին վերջ գտաւ Համաշխարհային...

Նամականի

Անդրադարձ. 1918-ի Մայիսեան Դրուագներ Ա.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Արշաւիր (Աշօ) Շահխաթունի (1885-1957) (1)1918-ին նշանակուած է Երեւանի զինուորական պարետ` հրամանատար եւ պաշտօնավարած` մինչեւ 1920-ի վերջերը, անդամակցած է ՀՅԴ-ի: Ստորեւ կարգ մը յապաւումներով կը ներկայացնեմ «Արամը» (2) գիրքէն  «Սարդարապատի հերոսամարտը եւ մահափորձ Արամ փաշայի դէմ» իր յուշագրութենէն բաժիններ` արեւմտահայերէնի վերածելով եւ խառն շարքով: Ա.- «Քանի մը վայրկեան ետք եկաւ ճարտարագէտ Մալխասեանը եւ յայտնեց, որ քաղաքէն դուրս տանող ջուրի...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Սթրազպուրկի Դահլիճէն

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Սթրազպուրկի Դահլիճէն

Յիշատակելի էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յունուար 24-ի ելոյթը Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական ժողովին առիթով: Բաւական երկար էր Սարգսեանի խօսքը, որ կ՛ընդգրկէր թէ՛ արտաքին ու թէ՛ ներքին եւ ընդհանրապէս կովկասեան տարածաշրջանը հետաքրքրող քաղաքական զանազան նիւթեր: Բնականաբար օրակարգի վրայ առաջնահերթ էր այն հաստատումը, որ Հայաստան, ստորագրած ըլլալով Եւրոմիութեան հետ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, արդէն իսկ գործի լծուած է բազմազան բնագաւառներու...

Հալէպ, Հալէպի Մէջ, Հալէպէն Հեռու. Բաց Զրոյց` Ներսի Եւ Դուրսի Միջեւ (Գ.)

Հալէպ, Հալէպի Մէջ, Հալէպէն Հեռու. Բաց Զրոյց` Ներսի Եւ Դուրսի Միջեւ (Գ.)

  ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ.- Երբ «զրոյց» կ’ըսեմ, արդէն լրջութեան նուազագոյն մակարդակ մը նկատի ունիմ: Այլապէս Հայաստան-սփիւռք կամ այլուր կատարուած երթուդարձերն ու փոխանակումները, ի խնդիր ազգային կամ հայրենասիրական անանուն ախորժակներու յագեցման, տեսադաշտէս դուրս կը գտնուին: Անկարելիութիւնը, անկարելի դարձուածը նոյնինքն մակերեսէն վար, խորք իջնելու արարքն է: Անոր պատճառները շատ են: Ձեր այդ թուարկած նախաձեռնութիւններն ու իրագործումները, որոնց մենք արդէն մամուլէն ծանօթ ենք, բայց...

«Լիբանանահայութեան Ուժը Ամբողջ  Սփիւռքի Եւ Հայութեան Ուժն Է»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Յաւելումներու Ստեղծած Տագնապին Ի Տես. Միասնաբար Ամուր Պահենք Հայ Դպրոցը

  Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Տարիներու սպասումէն ետք պետական մարզի ուսուցիչներու ամսականներու արդար յաւելումներու օրինագիծի վաւերացումը խորհրդարանին կողմէ, տագնապի նոր էջ մը բացաւ սեփական մարզի վարժարաններուն մօտ, որոնք պարտաւորուած ըլլալով կիրարկել նոր օրէնքը, ուսուցիչներու ամսականներու յաւելումին համար ստիպուած զգացին տարեսկիզբէն ու վերամուտէն ետք յատուկ յաւելումներ կատարել աշակերտական կրթաթոշակներուն վրայ: Երկրի տարածքին ծնողներու կողմէ հսկայական աղմուկ բարձրացաւ, յատկապէս քրիստոնեայ վարժարաններու պարագային: Ցարդ կատարուած...

«Պատասխանատուութենէ Զերծ Եղած Ժամանակները Նոյնիսկ, Ան Ինքզինք Պատասխանատու Կը Զգար»

«Պատասխանատուութենէ Զերծ Եղած Ժամանակները Նոյնիսկ, Ան Ինքզինք Պատասխանատու Կը Զգար»

Կը հրատարակենք Յակոբ Եափուճեանի յուղարկաւորութեան առիթով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Մկրտիչ Մկրտիչեանի դամբանականը Համազգայինը իր բոլոր շրջաններով ու կառոյցներով սուգի մէջ է: Յակոբ Եափուճեանը բոլորին կողմէ սիրուած ու գնահատուած անձնաւորութիւն էր. մեր միութեան շրջանակներուն մէջ եւ անոնցմէ դուրս: Լեւոն Շանթ, իր նշանաւոր թատրերգութիւններէն մէկուն վերջաւորութեան, գլխաւոր հերոսի բերանին մէջ դրած է` «Մահը ի՛ր ճամբով, կեանքը ի՛ր ճամբով» իւրայատուկ աշխարհահայեացք եւ...

Մեր Կորուստները.  Ազգային-Կուսակցական Գործիչ  Յակոբ Եափուճեան Իր Մահկանացուն Կնքեց

Ցաւակցագիրներ

Կը հրատարակենք ՀՅԴ Բիւրոյի` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի եւ Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի ցաւակցագիրները: 3 փետրուար, 2018 Ողբ. ընկ. Յակոբ Եափուճեանի ընտանիքին, Խորը ցաւով ընդունեցինք ընկ. Յակոբ Եափուճեանի վաղահաս մահուան լուրը: Այս տխուր առիթով մեր վշտակցութիւնը կը յայտնենք հանգուցեալ ընկերոջ ընտանիքին եւ անմիջական բոլոր հարազատներին: Երիտասարդ տարիքէն զինուորագրուելով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, ընկ. Յակոբը եղաւ...

«Ընկեր Եափուճեանը Իր Դրոշմը Դրած Է Մեր Սերունդի Հասարակական Գործունէութեան Վրայ»

«Ընկեր Եափուճեանը Իր Դրոշմը Դրած Է Մեր Սերունդի Հասարակական Գործունէութեան Վրայ»

Կը հրատարակենք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ Յակոբ Հաւաթեանի դամբանականը Ուրբաթ, 26 յունուարի երեկոյեան ժամը 7:00-ին ստացայ ընկեր Յակոբի հեռաձայնը: Ան քիչ մը յոգնած ու մտահոգ ձայնով յայտնեց, որ անհանգիստ է եւ հաւանաբար չկարենայ ներկայ գտնուիլ միջընկերական զեկուցական հաւաքին եւ խնդրեց, որ այս մասին հաղորդեմ օրուան զեկուցաբեր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Հրանդ Մարգարեանին: Ան յայտնեց, որ ընթացիկ բժշկական քննութիւններու միջոցով...

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Կոնդակը` Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Մայիսեան Հերոսամարտի 100-ամեակին Նուիրուած

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Կոնդակը` Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Մայիսեան Հերոսամարտի 100-ամեակին Նուիրուած

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը` նուիրուած Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին: ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԾԱՌԱՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ, ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՄԲՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ԿԱՄՕՔՆ ԱԶԳԻՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՊԵՏ ԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ, ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՄԱԶԳԱԿԱՆ ՆԱԽԱՄԵԾԱՐ ԱԹՈՌՈՅ ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՐԲՈՅ ԿԱԹՈՒՂԻԿԷ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՔՐԻՍՏՈՍԱՒԱՆԴ ՍԻՐՈՅ ՈՂՋՈՅՆ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ, ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆՑ ՀԱՅՈՑ ՍՐԲՈՅ ԵՐՈՒՍԱՂԻՄԱՅ ԵՒ...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Դիմաւորել 100-ամեակը-5. Ոգեկոչումը Կ՛ունենա՞յ Միասնութեան Խորքային Եւ Ոգեկան Ներուժ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Աղմուկ-հրավառութիւնները եւ մարդորսական յարդի բոցերը պէտք չէ մոռցնեն հայրենիքին եւ ազգին ինքնուրոյն բովանդակութիւն եւ դէմք տուող հարցերը, որոնք ֆրանսացին կ՛ընեն ֆրանսացի, արաբը` արաբ, յոյնը` յոյն, ճափոնցին` ճափոնցի, եւ հայը` հայ: Այդ հարցերը, բոլորի պարագային, ընդհանուր բնորոշումով, մշակութային են, հետաքրքրասիրութիւն-լուսանկար-մշակութասիրութենէ տարբեր որակ ունին, պէտք է ունենան. անոնք կու գան դարերու խորքէն, կը կրկնուին, կը ներշնչեն, ինչպէս պատմութիւն խտացուցած առասպելները,...

Հանդարտ Զրոյց` Պոլսահայ Վաստակաշատ Գրագէտ Ու Լրագրապետ Ռ. Հատտէճեանի Հետ («Մարմարա»-ի Խմբագրութիւնը Ստանձնելուն 50-ամեակին Առիթով)

Հանդարտ Զրոյց` Պոլսահայ Վաստակաշատ Գրագէտ Ու Լրագրապետ Ռ. Հատտէճեանի Հետ (Գ.) («Մարմարա»-ի Խմբագրութիւնը Ստանձնելուն 50-ամեակին Առիթով

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Լ. Շ.- Նոյն այս տասնամեակը, գրական դիտանկիւնէ, կը յատկանշուի պոլսահայ երիցագոյն կամ երէց գրողներու մեկնումով: Օրինակ, Յակոբ Մնձուրին կը մահանար 1978-ին, Յակոբ Մարթայեան-Տիլաչարը` 1979-ին: Պոլսահայ արդի բանաստեղծութեան հիմնադիրներէն Ա. Շաւարշը, նմանապէս, կեանքին հրաժեշտ կու տար Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ, 1979-ին, իսկ Հայկազուն Գալուստեանը` Հայաստանի մէջ, 1985-ին: Այս աշխարհէն կը հեռանային նաեւ բանաստեղծներ` Եդուարդ Սիմքէշեանը (1979) ու Մկրտիչ Հաճեանը (1985,...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Նոր Գործելադաշտ Մը ՀՅԴ-ին Համար

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ 31 յունուար 2018-ին Դաշնակցութեան հայաստանեան կազմակերպութեան կեանքին մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր դէպք մը, որ կոչուած է նոր էջ մը բանալու հայկական աշխատաւորական շարժման պատմութեան մէջ, էջ մը, որ վերակենդանացման եւ վերաթարմացման կրնայ ենթարկել ՀՅԴ-ի ընկերային ուղեգիծը: Յիշեալ թուականին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամը ստեղծեց «Աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակ»-ը` նեցուկ կանգնելու համար հայաստանաբնակ աշխատաւորներու արժանապատուութեան: Նորաստեղծ գրասենեակը հրապարակեց...

Սօսէ Մայրիկ (Աղբիւր Սօսէ, 1868-1953). Յեղափոխական հայու եւ Դաշնակցական ֆետայիի կանացի՝ մայրակա՛ն դէմքը

Սօսէ Մայրիկ (Աղբիւր Սօսէ, 1868-1953). Յեղափոխական հայու եւ Դաշնակցական ֆետայիի կանացի՝ մայրակա՛ն դէմքը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Սերոբ Աղբիւր, Աղբիւր Սօսէ 9 Փետրուար 1953ին, Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ, 85 տարեկան հասակին իր աչքերը առյաւէտ փակեց հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի դիւցազնուհին՝ Աղբիւր Սօսէն։ Սօսէ Մայրիկ հայ ֆետայական շարժման առիւծին՝ Սերոբ Աղբիւրի (Վարդանեան) կինն էր։ Ծնած էր 1868ին (ըստ որոշ աղբիւրներու՝ 1869ին) Սասուն, Նեմրութ լերան փէշերուն գտնուող Թեղուտ գիւղը, բազմանդամ ընտանիքի տէր Մարգար Դրօ-Աստանտուրի յարկին տակ։ Հազիւ...

Խմբագրական.  Վարդանանքը` Ազգի Ամբողջականութեան  Հերթական Փայլատակումը

Խմբագրական. Վարդանանքը` Ազգի Ամբողջականութեան Հերթական Փայլատակումը

Վարդանանց պատերազմի երեւոյթը պէտք է փորձել դիտարկել մեր համազգային փիլիսոփայութեան, ազգի շարունակականութեան ապահովման համար ամէն տեսակի միջոցներու դիմելու անտեղիտալի վճռակամութեան հերթական առարկայացման մէջ: Հերթական այն առումով, որ միեւնոյն ամբողջականութեան յաջորդ անմիջական փուլը Վահանեանց շարժումն է եւ Նուարսակի դաշնագիրի յաղթանակը: Եւ եթէ Վարդանանք-Վահանեանց ճակատամարտ-փարթիզանական կռուելաձեւ հասկացողութիւններու մէկ ամբողջականութիւնը շրջագծենք, ապա յաղթանակը բարոյականէն անդին ամրագրուած կ՛երեւի նաեւ առարկայական առումով: Այս ամբողջականութեան մէջ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Մշակոյթի Եւ Գրականութեան Օր Մը Քեսապի Մէջ Նախաձեռնութեամբ Համազգային Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, վերջերս  Քեսապի «Սահակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մշակութային եւ գրական երեկոյ մը` նուիրուած Պարոյր Սեւակի մահուան 47-ամեակին, ինչպէս նաեւ` Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեանի հեղինակած «Քեսապ-2014. տեղահանութիւն եւ վերադարձ» գիրքին մատուցման ու գինեձօնին: Մասնաճիւղի վարչութեան անունով Մարալ Կարճիկեանը բարի գալուստի խօսքէն ետք ներկայացուց օրուան բանախօս...

Ափսո՜ս

Ափսո՜ս

ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆ Պատանի տարիքիս քոյրս նշանուեցաւ Պօղոսին հօրաքրոջ տղուն հետ, եւ մենք եղանք խնամի: «Բաբգէն Սիւնի» ակումբը մեր տան քովն էր եւ մեր թաղի տղոց` երկրորդ տունը, բոլորս պատանեկան միութեան անդամ էինք: Երբ Պօղոսին հետ ծանօթացայ, հարցուցի. «Կ՛ուզե՞ս պատանի ըլլալ», առանց երկմտանքի` «այո՛» ըսաւ. զինք եւ եղբայրը ակումբ տարի եւ պատանիներու վարիչին ներկայացուցի. այն ժամանակ մեր վարիչը պարոն Թովմաս Հապէշեանն...

Ա՛լ Ժամանակն Է Դուրս Գալու Դասականացած Տօնահանդէսներու Ձեւականութենէն (Վարդանանց, 451 Թ.)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Եթէ Վարդանանց պատերազմը դեռեւս կ՛ոգեւորէ մեզ ու զայն կերտող դէմքերը կը շարունակեն ապրիլ նաեւ մե՛ր շրթներուն, ատիկա անոր համար է, որ արուեստով լուսաւորուած են ե՛ւ դէպքը ե՛ւ դէմքերը: Սկսեալ Եղիշէէն մինչեւ Ներսէս Շնորհալի եւ մինչեւ Վահան Թէքէեան եւ Օշական, ու արուեստի այլ մարզերու ներկայացուցիչները, իրենց արուեստագէտի շունչով մեծապէս նպաստած են Վարդանանցը մեզի մօտեցնելու եւ զայն մնայուն թարմութեամբ մը...

Հաղորդագրութիւն

Հրաշափառ Յարութիւն

ՆՈՐԱՅՐ ՊԱՀԼԱՒՈՒՆԻ Տօնում ենք վաթսունամեակը` Հայաստանի հրաշափառ յարութեան: Տօնում ենք հայ ժողովրդի ազատութեան ու անկախութեան օրուայ տարեդարձը. ազատութիւն եւ անկախութիւն, որոնք դարբնուեցին Սարդարապատով, Բաշ Ապարանով ու Ղարաքիլիսէով, ծնունդ առան հայոց Ազգային խորհրդի յայտարարութեամբ եւ մարմին ստացան Հայաստանի Հանրապետութեամբ: Եւ այս նուաճումները, որոնք իրաւունքն ու հիմնական պահանջն են իւրաքանչիւր ժողովրդի ու ազգութեան, հայ ժողովուրդը ձեռք բերեց ի գին ամէնից դաժան նահատակութեան:...

Page 727 of 1110 1 … 726 727 728 … 1,110

Արխիւներ