Շարլ Ազնաւուր Իր Արուեստով Եւ Մարդկային Վեհ Առաքինութիւններով Դարձաւ Լուսածիր Ասուպ Մը` Գեղեցկացնելով Երգարուեստի Սիրահարներու Հոգիները
ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ «Շարլ Ազնաւուր մեզ ապրեցուցած է իր երգերով: Հայկական ծագում ունեցող ներգաղթեալի որդին պետութիւն էր պետութեան մէջ, հայրենիք` հայրենիքի մէջ»: Էմանուէլ Մաքրոն Ֆրանսայի նախագահ5 հոկտեմբեր 2018 Համաշխարհային երգարուեստի պատմութիւնը իր զարթօնքը ապրեցաւ, երբ 1950-ական թուականներուն երաժշտական նոր ոճ մը տարածուեցաւ` համաշխարհային տարողութեամբ, որ կոչուեցաւ էսդրատային երգ, որ խորքին մէջ արդի երաժշտութեան տեսակ մըն է, ուր կը գործածուին ելեկտրական...



















