Շարլ Ազնաւուրի Հետ
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Շարլ Ազնաւուրի մասին շատ խօսուած ու մելան հոսած էր իր կենդանութեան: Շատ խօսուեցաւ ու գրուեցաւ, նաեւ` յետմահու: Գովաբանական խօսքերն ու գրութիւնները բազմաթիւ ըլլալով հանդերձ, ամբողջական չեն կրնար ըլլալ: Տակաւին այնքա՜ն գրելիք կայ իր մասին: Այս քանի մը տողերուս մէջ, եթէ խօսիմ իր արուեստի մասին, վստահաբար նորութիւն մը տուած պիտի չըլլամ: Փոխարէնը` պիտի ջանամ քանի մը յիշատակներով վերյիշել այն...



















