Յօդուածներ

Խոստովանանք

Հին Բարեկամներէս` Պարոն Պաղտասարը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Անմեղ հարցում մը: Արդեօ՞ք կը ճանչնաք այս մարդը: Պարոն Պաղտասարը: Հարկաւ` ոչ: Ուրկէ~ ո՛ւր: Ես ալ չէի ճանչնար: Պարզեմ: Մեր թաղի հայ դրացիներէս մէկուն խնամին է: Զինք «Պէ-Պէ» կ՛անուանեն: Այսպէս է ծածկանունը: Ժամանակին ֆրանսացի հանրայայտ դերասանուհիներէն` Պրիժիթ Պարտոյին` մենք «Պէ-Պէ»-ով կը ճանչնայինք: Բայց այս մէկը բոլորովին տարբեր էր: Հիմա կը պարզեմ: Բարձրահասակ, լեցուն ստամոքսով, հաստ պեխերով ու յօնքերով,...

«Լիբանանահայ Գիրքը – 2017»

«Լիբանանահայ Գիրքը – 2017»

Ուրբաթ, 12 հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան  մշակութասէր ընտրանիի մը հաւաքավայրը  դարձեալ Հայկազեան համալսարանն էր: Այս անգամ, վերջին տասնամեակին չորրորդ անգամը  ըլլալով, «Տէրեան հայագիտական գրադարան»-ը կազմակերպած էր արդէն աւանդութիւն դարձած  Լիբանանահայ գրողը գնահատելու  «Լիբանանահայ գիրքը-2017»-ին հանդիսութիւնը: Հեղինակներու, պատկան մարմիներու  ներկայացուցիչներու, բարեկամներու եւ ընդհանրապէս հայ գիրն ու գիրքը սիրողներու   ներկայութեամբ, ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բարի գալուստի եւ բացման խօսքը...

Խմբագրական.  «Ապրիլ Միասին»- ի Առաջադրանքն  Ու Զայն Արգելակողները

Խմբագրական. «Ապրիլ Միասին»- ի Առաջադրանքն Ու Զայն Արգելակողները

(Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան 17-րդ Վեհաժողովին Առիթով) Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովի Երեւանի մէջ կայացումը նախ կը տեղաւորուի ֆրանսերէնի պահպանման համար պաշտօնական Փարիզի կիրարկած լեզուամշակութային քաղաքականութեան տրամաբանութեան մէջ: Լեզուի, լեզուամշակոյթի ու ընդհանրապէս լեզուամտածողութեան պահպանումը եւ տարածումը ինքնին շեշտակիօրէն քաղաքական երանգներ, լուռ ենթանպատակներ կը ներառեն եւ ըստ էութեան տարբեր աշխարհագրական միջավայրերու մէջ պետութիւններու ներկայութեան եւ արմատաւորման նպաստող կարեւորագոյն ազդակ են` պատմական ժամանակներէն...

Թարգմանչաց Շարժումին Մերօրեայ Խորհուրդը

Թարգմանչաց Շարժումին Մերօրեայ Խորհուրդը

ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ Թերեւս հայ ազգը աշխարհի տարածքին գոյութիւն ունեցող միակ ազգն է, որ եկեղեցական մակարդակի վրայ յատուկ տօն ճշդած է թարգմանիչներուն համար: Այս տօնախմբութեան ընթացքին յատուկ կերպով կը նշուին գիրերու գիւտէն անմիջապէս ետք ծաւալած թարգմանչական շարժումի ներկայացուցիչները: Բայց տօնին խորհուրդը չի սահմանափակուիր միայն մեր սուրբ թարգմանիչ հայրերուն կատարած վիթխարի աշխատանքին յիշատակումով, այլ նաեւ կը խորհրդանշէ հայոց այբուբենի գիւտը, հայկական առաջին...

Թարգմանչաց Տօն.  Երբ Աստուած Խօսեց Հայերէն

Թարգմանչաց Տօն. Երբ Աստուած Խօսեց Հայերէն

ՅԱՍՄԻԿ ԹԱՄԱՄԵԱՆ Դարեր շարունակ հայ ազգը, կանգնելով դժուարութիւնների, պառակտման, պատերազմի ու ոչնչացման եզրին, գտել է փրկութեան իր ճանապարհը. զէնքից բացի` հաւատ, միտք ու գրիչ: 387թ. Հայաստանը, բաժանուած լինելով երկու մասի, այս անգամ եւս կանգնեց մեծ խնդրի առաջ. մի կողմից կրօնական, իսկ միւս կողմից քաղաքական: Դեռ 301 թուականին, երբ քրիստոնէութիւնն ընդունուեց որպէս պետական կրօն, հայ ժողովուրդը գրում ու կարդում էր յունարէն...

Քաղաքական Սուրբերն Ու Անոնց Պատգամը

Սիրենք Մեր Լեզուն

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Հայ ժողովուրդի ամենանուիրական եւ կարեւոր տօներէն մէկն է Թարգմանչած տօնը, որ նուիրուած է Թարգմանչաց շարժումին, հայ գիրի եւ դպրութեան մշակներուն եւ գիրերու գիւտին: Գիրերու գիւտէն անմիջապէս ետք Մեսրոպ Մաշտոցը, Սահակ Պարթեւն ու անոնց աշակերտներն անցան թարգմանական գործին, որուն նպատակն էր երկիրը յունական ազդեցութենէն ազատել, հայկական դպրոցներ հիմնել, քրիստոնէական եւ այլ գիրքեր հայերէն թարգմանել, եկեղեցական ծէսերը հայկականացնել: Մեր պատմութեան...

Պօղոս Գուբելեանի Գրականութիւնը

Պայքար Այբուբենական

ԳՐԻՇ ԴԱՒԻԹԵԱՆ Մաքառումի դասն անողոք Մենք սերտել ենք Վարդանանքով, Ու դարերի փոշու դիմաց Տոկացել ենք հանց լեռ Մասսեաց, Արարատուած երկնասլաց: Այժմ չի պատի ձեր հողմը բութ Գագաթներին մեր ձիւնակութ, Որ մխրճել ենք դարերի Լուսաթաթախ գիրկն եթերի: Այնտեղ ԱՅԲ-ն է արեւ վառում, Արդարութիւն աղաղակում, Ոգով վեհին է կարկառւում: ԲԵՆ-ը բանի բուրվառն է սուրբ, Բոց է բորբոք, Բարձունք է լուրթ: ԳԻՄ-ը գոյի...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Ալիպորոն-Պորոնալին Կամ Ինչպէս Ձաղկել Գեղագիտական Կեղծիքը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ոչ հեռու անցեալին, իրաւ եւ կեղծ գեղարուեստի մասին երբ կը խօսէի, կը յիշէի «Պորոնալի»-ի պատմութիւնը, որ այնքան տպաւորած էր զիս: Չէի գիտեր, դէպքին վայրը, դերակատարները, չէի գիտեր թէ նման դէպք իրապէս պատահա՞ծ էր, թէ՞ ոչ: Բայց պատմութիւնը այնքան դիպուկ էր արուեստի եւ գրականութեան պարագային իրաւը կեղծէն ջոկելու համար, արտահանելու արժէքը, զոհ չըլլալու համար կեղծին եւ խնկարկող, փայլիլ ուզող...

Հանդարտ Զրոյց` Պոլսահայ Վաստակաշատ Գրագէտ Ու Լրագրապետ Ռ. Հատտէճեանի Հետ («Մարմարա»-ի Խմբագրութիւնը Ստանձնելուն 50-ամեակին Առիթով)

Յուշատետր. «Ես Այդ Շունն Եմ»

Ռ. Հ. Դեռ կը մտածեմ շան ճակատագրին մասին, շունը, որ այնքան հաւատարիմ է մեզի, եւ որուն անունը սակայն յաճախ կը գործածուի որպէս նախատինք: Այդքան արհամարհելի՞ է շունը: Եթէ այդպէս ըլլար, շունը կը դառնա՞ր դէպի անջրպետ արձակուած առաջին անասունը, այդպիսի պատիւի մը կ՛արժանանա՞ր: 1957-ին, երբ նոր թափ կը տրուէր դէպի անջրպետ թռիչքներու, Լայքա անուն նշանաւոր շունը արձակուեցաւ դէպի անջրպետ, շաբաթ մը...

Խիղճին Վէրքը Դարման Չունի

Յեղաշրջման Ուղիով

Թշուառութեան չափը, որ անցնի, աղէկ նշան է` կ’ըսեն: Եւ այդպէս ալ եղաւ: Թշուառութիւնը յորդեցուց հայրենի ժողովուրդին համբերութիւնը եւ զայն ուղղեց «աքթիվիզմ»-ի դաշտ` յաղթահարելու համար վաղուց գերիշխող սթաթիւս քոն: Ողջունելի է հայրենի ժողովուրդին եռանդը, ողջունելի է երկրին հանդէպ յոյսի վերահաստատումը, ժպիտի վերադարձը, ողջունելի է մութ հեռանկարներու լուսաւորումը, եւ յատկապէս ողջունելի է այն յեղափոխութիւնը, որ հարթեց այս բոլորին ուղին: Միւս կողմէ պարզուած...

Խիղճին Վէրքը Դարման Չունի

Ընկե՛ր… «Խելքի Աշեցէ՜ք»

Հ. ԱԴԱՄԵԱՆ Մարդկային պատմութեան տարբեր փուլերու ընթացքին, եթէ ուսումնասիրենք ղեկավարութեան իմաստը եւ ղեկավարի մը առանձնայատկութիւնները, ուղղակիօրէն տարբերութիւններ պիտի զգանք իւրաքաչիւր ժամանակաշրջանի մէջ` անոր իմաստը ըմբռնելու կամ զայն կիրարկելու ձեւին մէջ: Օրինակ` սկզբնական շրջանին, երբ մարդիկ տակաւին կ՛ապրէին ցեղախումբերով, անոնք կը հաւատային, որ իրենց ղեկավարը ընտրուած է գերբնական ուժի մը կողմէ եւ օժտուած է գերբնական կարողութիւններով: Ապա, երբ մարդիկ սկսան ընդունիլ...

Խիղճին Վէրքը Դարման Չունի

Դիմադրականութեան Ուժը

ԱԼԵԱԿ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Մեծ հայրս ծնած է 1912-ին: Թէեւ երբեք չեմ ճանչցած զինք, սակայն անոր եւ իր սերնդակիցներուն ապրած ժամանակաշրջանը միշտ ալ հմայած է զիս: Անոնք ապրած են այն տարիներուն, երբ կերտուած է պատմութիւն: Անոնք ճանչցած են Արամ Մանուկեանը, Լեւոն Շանթը, Սողոմոն Թեհլիրեանը. վկայ եղած են Հիթլերի, Լենինի եւ Ստալինի փառքի օրերուն, Խորհրդային Միութեան հիմնադրութեան, համաշխարհային երկու պատերազմներուն... Կը մտածեմ. մենք...

Խիղճին Վէրքը Դարման Չունի

Տեսակի Կռիւը

ՄՀԵՐ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ Պարզ է, որ ամէն մարդ նոյն ձեւով չի մտածեր, ո՛չ ալ նոյն ձեւով կը գործէ. նկարագիրները կը տարբերին, նաեւ` մտածելակերպերը, տրամադրութիւնը, ճիշդի ու սխալի ըմբռնումը, ընդունելիի եւ անընդունելիի տարբերութիւնը, սկզբունքը, անկեղծութիւնն ու անոր պակասը, եւ նոյնիսկ` ԵՍ-ի գործօնը: Հետեւաբար, որոշ զննումներէ ետք, կարելի է ընկերութեան մը մէջ եղող, ապրող ու գործողները դասակարգել տարբեր ենթաբաժանումներով: Առաջինը անոնք են, որոնք...

Սպասում

Հայկական Շարժապատկերի Ժառանգը Եւ Ժառանգորդները

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Հարցը.- Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը 2006 թուականին գոյացուց «Ազգային կինօ-կեդրոնը», որ դարձաւ ժառանգորդը «Հայֆիլմ»-ին նկարած ժապաւէններուն եւ անոնց հեղինակային իրաւունքներուն: 2016 թուականին, «Հայֆիլմ»-ի վերապետականացումէն ետք, կինօ-կեդրոնը իրաւատէրը դարձաւ նաեւ անոր սթիւտիոներուն եւ գոյքին: Կառավարութիւնը, սակայն, որոշած էր սեփականաշնորհել Ազգային կինօ-կեդրոնը: Մեզմէ ոմանք առիթ ունեցած են տեսնելու, թէ ինչպիսի՛ անշուք վիճակ ունի այդ կեդրոնը այսօր: Անձնապէս կարկանդակ գնած եմ ձախ...

Լիբանանի Հայ Աւետարանական Վարժարաններու  Կրթական Սեմինար – ՔՋԱԿ

Լիբանանի Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Կրթական Սեմինար – ՔՋԱԿ

Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ Լիբանանի հայ աւետարանական վարժարանները, կրթական մարմիններու, տնօրէններու, ուսուցիչներու համագործակցութեամբ, իրենց դռները բացին 2018-2019 տարեշրջանին` յօգուտ հայ դպրոցին, հայ մանուկին, հայ ուսուցիչին եւ հայ ծնողին: Վերամուտին առիթով հայ աւետ. վարժարաններուն ուսուցիչներու ընտանիքը քով-քովի բերելու, զանոնք գնահատելու եւ խրախուսելու համար, ՄԱՀԱԵ միութեան Լիբանանի կրթական խորհուրդի հովանաւորութեամբ եւ Կրթական համադրող յանձնախումբին կազմակերպութեամբ հինգշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2018-ին ՔՋԱԿ-ի մէջ...

Սպառնալիքներով, Պարտադրանքներով Քաղաքական  Գործընթացներ Իրականացնելը Երկիրը Լաւ Տեղ Չի Տանի

Սպառնալիքներով, Պարտադրանքներով Քաղաքական Գործընթացներ Իրականացնելը Երկիրը Լաւ Տեղ Չի Տանի

«Երկրի Հարցը» Հաղորդման Հիւրն Է ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը ՀԱՐՑՈՒՄ.- Մէկ կարեւոր ճշդում, ուզում եմ հասկանալ, ի վերջոյ, ազգային համերաշխութեան կամ համաձայնութեան կառավարութիւնը Դաշնակցութեան լքելու մասին որոշումը կայացրել է վարչապետ Փաշինեա՞նը, թէ` դուք: Համարեա միաժամանակ այդ երկու հաղորդագրութիւնները տարածուեցին: Եղաւ ձեր հաղորդագրութիւնը եւ գրեթէ այդ րոպէներին վարչապետը Գիտութիւնների ակադեմիայի դիմաց յայտարարեց եւ ստորագրեց հրապարակայնօրէն նախարարներին աշխատանքից ազատելու հրամանը:...

Նամականի

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-Ամեակ. Ականատեսի Թռուցիկ Տպաւորութիւններ. Սարդարապատ Կայարանը Ազատագրելու Առիթով

ՀՅԴ Հայաստանի կեդրոնական եւ քաղաքային կոմիտէներու առաջին պաշտօնաթերթ «Զանգ» թերթը նախ շաբաթը երկու, ապա երեք անգամ լոյս կը տեսնէ, 9 նոյեմբեր 1917-էն 27 փետրուար 1919: Տարբեր ժամանակներ իբրեւ խմբագիր ունեցած է` Փ. Յակոբեանը, Ս. Թորոսեանը, Սիմոն Վրացեանը, Արշակ Ղազարեանը եւ վերջինը` Նիկոլ Աղբալեանը: «Զանգ»-ին կը յաջորդէ «Յառաջ» օրաթերթը: «Զանգ» թերթին առաջին թիւը Անհրաժեշտ է իմանալ անկախութիւն կերտելու օրերուն, տակաւին պատերազմի...

Լիւդվիկ Խաչատուրեանի Մահուան Առաջին Տարելիցին Առիթով.  Սկզբունքայնութիւն` Յանուն Իրաւութեան

Լիւդվիկ Խաչատուրեանի Մահուան Առաջին Տարելիցին Առիթով. Սկզբունքայնութիւն` Յանուն Իրաւութեան

ՄՈՎՍԷՍ Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ   Լիւդվի՛կ ջան, Տրուած ըլլալով, որ երկուքս ալ կրօնի մօտիկ մարդիկ եղած ենք ու կը հաւատանք նաեւ անդենական կեանքին, յոյսով, եմ որ, յետմահու քեզի յղած այս երկտողը կը հասնի քեզի, ու գոհունակութեամբ կը կարդաս զայն: Կը յիշես, չէ՞, մենք ծանօթացանք 1972-ին, Վազգէն Մանուկեանի տան նկուղը, ուր բախտախաղ խաղալու պատրուակին տակ ընդյատակեայ ժողովներ կը գումարէինք: Թէեւ այդ օրերուն խորհրդային...

Յիշելով Ազնաւուրը

Յիշելով Ազնաւուրը

ԷՒԱ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Նկարը Ազդակ-ի արխիւներէն առնուած Ազնաւուրին հետ իմ անցուցած քանի մը ժամերը ինծի համար դարձած են անմոռանալի  յուշ, որուն մասին, հակառակ երկար տարիներ անցած ըլլալուն, երբեմն-երբեմն կը յիշեմ եւ կ՛անդրադառնամ հիմա, որ մարդ յաճախ չի գիտնար արժէքը այն պահուն, այն առիթին, որ կը ստեղծուի իրեն համար: Ազնաւուրի մահուան առթած ցաւի ու կորուստի զգացումներուն մասին չէ, որ գրի առնուած են...

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Հմայեակ Խաչատրեան Հմայեակ Խաչատրեանը ծնած է 1900-ին, Մակու: Փոքր հասակին մահացած է հայրը, ապրած է հօրեղբօր հետ: Ունեցած է մէկ եղբայր: Ապրած է Էջմիածնի շրջանի Սամաղար գիւղը: 1917-ին եղած է զինուորական ծառայութեան մէջ: Մասնակցած է Ա. Համաշխարհային պատերազմին, կռուած է կովկասեան ճակատին վրայ: 1917-ին 4-րդ գունդի կազմին մէջ կռուած է Էրզրումի եւ Սարիղամիշի մէջ: Եղած է կապաւոր: 1918-ին...

Page 649 of 1111 1 … 648 649 650 … 1,111

Արխիւներ