Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վտանգն Ու Առիթը

Նոյեմբեր 27, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ընկերաբան Ռոպըրթ Միչըլզի համաձայն, գոյութիւն ունի «սակաւապետութեան պողպատեայ օրէնք» մը, ըստ որուն, ոչ ներառական կառոյցներու նախագահող վարչակարգի մը տապալումը կ՛ազդարարէ գալուստը այդ միեւնոյն ոչ ներառական կառոյցներուն շահագործման համար եկող նոր ղեկավարներու խումբին: Այլ խօսքով` նորերը կու գան փոխարինելու հիները, սակայն այդ կործանարար երեւոյթը կը յամենայ, որովհետեւ իշխանութեան ամրապնդման, պահպանման եւ յարատեւման ազդու զէնք մըն է:

1917-ին այդպէս եղաւ Ռուսիոյ մէջ, երբ պոլշեւիկները եկան փոխարինելու ցարական իշխանութիւնը: Այդպէս եղաւ նաեւ ափրիկեան բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ուր ազատագրումի պայքար մղող ափրիկեցի ղեկավարներ վտարեցին գաղութատէրերը եւ պահպանեցին անոնց ստեղծած ոչ ներառական կառոյցները: Այդ ղեկավարները այդպիսով ամրապնդեցին իրենց իշխանութիւնն ու ապահովեցին անոր յարատեւումը, հարստացան, անոնց կեանքի պայմանները խիստ բարելաւուեցան, սակայն անոնց թիկունք կանգնած ժողովուրդը մնաց աղքատ, իսկ երկիրը չզարգացաւ:

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան երկուշաբթի օր Արամի արձանին առջեւ ՀՅԴ-ի ընտրական քարոզարշաւի մեկնարկի ընթացքին ակնարկեց վտանգներու` ընդգծելով. «Ամէնէն կարեւոր վտանգը, որ կը տեսնենք, այն է, որ նորը յանկարծ չդառնայ լաւ մոռցուած հինի կամ նախկիններու նոր փաթեթաւորումը: Մենք տեսած ենք, որ բոլոր իշխանութիւնները ունեցած են միշտ գայթակղութիւն` գալով իշխանութեան նախ եւ առաջ զբաղիլ այդ իշխանութեան ամրապնդումով: Եւ ատիկա կատարած են նոյն ձեռագիրով: Իբրեւ արդիւնք մենք հին քաղաքական ու տնտեսական մենաշնորհները փոխարինած ենք նորերով: Այսօր դժբախտաբար, ատոր նշանները կան»:

Այո՛, սակաւապետութեան պողպատեայ օրէնքը դժբախտաբար կիրարկուեցաւ նաեւ մեր երկրին մէջ: Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գտնուի անցումային շրջանի մը մէջ: Հին իշխանութիւնները արդէն հեռացուած են, եւ շուտով պիտի կազմուի նորը, եւ գոյութիւն ունի այն վտանգը, որ նորը հինին նոր փաթեթաւորումը ըլլայ: Այդպիսի զարգացումի մը հետեւանքները պիտի ըլլան ծանր:

Այո՛, վտանգ կայ, սակայն նաեւ` առիթ: Ժողովուրդը առիթը ունի ընտրելու այն ուժը, որ ընտրութիւններուն կը մասնակցի, որպէսզի ինչպէս ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը նշեց` «այդ վտանգներուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին խօսելով անոնց չէզոքացման ուղիներն ու լուծումները առաջարկէ»: Եւ պատահական չէ, որ ՀՅԴ-ն իր ընտրական քարոզարշաւը կը սկսի արձանին առջեւէն դաշնակցական այն գործիչին, որ մեր պատմութեան մէջ պահ մը մահ ու կենաց խնդիրի լուծման համար տիքթաթոր հռչակուեցաւ, սակայն իր պարտականութեան աւարտին անմիջապէս հրաժարեցաւ այդ հանգամանքէն, մերժեց առիթը օգտագործելով իր իշխանութիւնը ամրապնդել, որովհետեւ անդամ էր «շահագործող ցեցեր»-ու դէմ պայքարի դրօշակիր կուսակցութեան:

 

 

Նախորդը

Հանդիսաւոր Մեկնարկ` «ՀՅԴ-ի Նախընտրական Քարոզարշաւին

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Քլիփըրզ Գրաւեց Արեւմտեան Շրջանի Պարագլուխի Դիրքը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?