Յօդուածներ

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Ֆոնէթոն 2018-ին առիթով Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի Փարիզ այցելութեան ընթացքին ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան ԱՀ նախագահին հետ: Ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, որ յատկանշուեցաւ փոխվստահութեան եւ տեսակէտներու նոյնանմանութեան առկայութեամբ, նախագահը մտահոգութիւն յայտնեց ֆրանսական իշխանութիւններու կողմէ գործադրուող ճնշումներուն կապակցութեամբ, որոնք առաւել ուժգնացած են այս վերջին ամիսներուն, եւ որոնց նպատակն...

«Եկայ, Տեսայ, Սիրահարուեցի…».  Կարպիս Թիթիզեան

«Եկայ, Տեսայ, Սիրահարուեցի…». Կարպիս Թիթիզեան

Հարցազրոյցը` ՍԵՒԱԴԱ ՍԱՖԱՐԵԱՆԻ Պէյրութում ծնուած, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներում կայացած, բայց  Հայաստանո՛վ ապրող Կարպիս Թիթիզեանը տարիներ ի վեր դարձել է հայութեան խնդիրներով մտահոգ եւ այդ խնդիրներից շատերի լուծմանն իր բարերարութեամբ նպաստող գործիչ: Մեր հայրենակիցը «Լեւոն թրավել» ընկերութեան հիմնադիր-տնօրէնն է: Իր գործունէութիւնը Հայաստանում, որպէս գործարար, նա սկսել է դեռեւս անկախութիւնից առաջ` դառնալով սփիւռքահայ առաջին գործարարը Հայաստանում: Ստորեւ ներկայացնում ենք «Հայերն այսօր»-ի հարցազրոյցը...

Խմբագրական.  Նոր Հայաստանին Անհրաժեշտ Է Բազմակուսակցական Խորհրդարան

Խմբագրական. Նոր Հայաստանին Անհրաժեշտ Է Բազմակուսակցական Խորհրդարան

Նախընտրական քարոզարշաւի շէմին` կատարուած համակողմանի յայտարարութիւններուն եւ հարցազրոյցներուն հետեւելով որոշ դիտարկումներ կարելի է արձանագրել յատկապէս նոր իրավիճակի հետ առնչուած ընտրական նոր մշակոյթի կայացման առաջադրանքի լոյսին տակ: Կը թուի, որ ընդհանուր ընկալում գոյացած է, որ գործադիր իշխանութիւնը նաեւ պիտի ունենայ կայուն մեծամասնութիւն օրէնսդիր ժողովին մէջ: Քաղաքագիտական հասկացողութեամբ շրջուած գործընթացն է, որ կ՛աշխատի: Ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուած խորհրդարանը եւ այնտեղ մեծամասնութիւն ներկայացնող...

Նիկոլենց «իզմ»-ի Հետքերով

Նիկոլենց «իզմ»-ի Հետքերով

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ «Իզմ»- երու ժամանակաշրջանը անցած է` յայտարարած էր Փաշինեան եւ խուսափած` ինքզինք ու իր ղեկավարած ուժը գաղափարական առումով դասակարգելէ: Անցումային շրջանի շեմին գուցէ կարելի էր ժամանակաւորապէս անտեսել այդ անհեթեթ խուսանաւումը. քաղաքական կեանքի բնականոնացման եւ մօտալուտ ամբողջական իշխանափոխութեան լոյսին տակ, սակայն, էապէս կարեւոր է պարզել առաջատար ուժի գաղափարական ու արժեհամակարգային ընկալումները: Արդէն քիչ-քիչ կ՛ուրուագծուի կառավարող նոր խումբի իզմ-ը, առնուազն` ընկերային-տնտեսական...

Ծանուցողական Հաղորդագրութիւն. Մխիթարեան Վարժարանը Խօսքը Կը Վերածէ Գործի

Ծանուցողական Հաղորդագրութիւն. Մխիթարեան Վարժարանը Խօսքը Կը Վերածէ Գործի

Համագործակցութիւն Ֆինլանտայի Ուսումնական Համակարգին Հետ Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանը իր առաքելութեան սկզբնաւորութեան եւ իր անդրանիկ ուսումնական տարեշրջանի նախօրեակին խոստացաւ իր աշակերտներուն տրամադրել կրթական գերազանցութիւն: Ի կատարումն եւ գործադրութիւն իր այս յանձնառութեան եւ վարժարանի ուսումնական հիմք ընդունելով ֆինլանտական կրթական սկզբունքները` Մխիթարեան վարժարանէն պատուիրակութիւն մը գործուղուեցաւ Ֆինլանտա, որ կը համարուի կրթական աշխարհին մէջ առաջին հորիզոնականը գրաւող երկիրը: Մխիթարեանը եղաւ Լիբանանի մէջ առաջին վարժարանը,...

Նամականի

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակ. Արամ Մանուկեանի Մահուան Առիթով «Աշխատանք» Թերթին Բացառիկ Թիւը Եւ Արամի Յուղարկաւորութիւնը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ ՀՅԴ Հայաստանի պաշտօնաթերթ «Աշխատանք»-ը Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնէ (որոշ ժամանակ միա՛յն արեւմտահայերէնով, ապա աւելի ուշ` երբեմն նաեւ արեւելահայերէն յօդուածներ հրատարակելով) 4 մայիս 1916-էն սկսեալ, մինչեւ13 սեպտեմբեր 1919, նախ չորեքշաբթի եւ շաբաթ օրերը, ապա 1919-ին երկօրեայ` իբրեւ շարունակութիւն Վանի մէջ 1909-1915 լոյս տեսնող նոյնանուն ՀՅԴ պաշտօնաթերթին` «Օրգան ՀՅԴաշնակցութեան Երկրի Կեդրոնական կոմիտէի»: Խմբագիրներն էին յաջորդաբար Մատթէոս Աւետիսեան, Արամ Մանուկեան,...

Սպասում

Մոծակի Առօրեայ Առասպել

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ «Collectif de l’ACT» թատերախումբը «Մոնօ» թատերասրահին մէջ  արաբերէն լեզուով եւ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ ներկայացուց  Արա Արծրունիին «Մժեղը»: Թատրերգութիւնը Թորոնթոյի մէջ բեմադրուած է Զոհրապ Եագուպեանի (2004),  իսկ Երեւանի մէջ Արա Երնջակեանի եւ Արմէն Մեհրաբեանի կողմէ (2005): Այս ելոյթներուն շուրջ անձնապէս որեւէ ակնարկի չեմ հանդիպած: Թատերագիրը.- Արծրունիի թատրերգութեան  մօտիկ անցեալին անդրադարձած եմ(1): Կու տամ ամփոփում մը: Հեղինակը կազմաւորուած է...

Խմբագրական.  Անկախութեան Գաղափարի Գերադասման Համար  Կազմել Կառավարութիւնը

Խմբագրական. Անկախութեան Գաղափարի Գերադասման Համար Կազմել Կառավարութիւնը

Այս օրերուն դժուար է առանց բացասական երանգներ հաղորդելու խօսիլ Լիբանանի անկախութեան մասին: Քաղաքացիական համատարած դժգոհութիւնը` ելեկտրականութեան անլոյծ մնացած հարցերէն, մինչեւ ջուրի տագնապ, մինչեւ արտակարգ խճողում, սղաճ եւ կենսամակարդակի կտրուկ նուազում, անցնելով տարբեր ոլորտներու ենթակառուցուածքային խնդիրներու ձգձգում ու առկախում, կը շարունակեն մութին մէջ պահել լիբանանեան հորիզոնը, հեռանկարը: Հարցերը հիմնովին փոխկապակցուած են: Կառավարութեան կազմութեան ոդիսականը, մէկ հանգոյցի լուծումին յաջորդող նոր հանգուցաւորումը արդէն...

Ժողովուրդն Է Աղբիւրը  Անկախութեան Եւ Ազատութեան

Ժողովուրդն Է Աղբիւրը Անկախութեան Եւ Ազատութեան

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Համաժողովրդային ցնծութեամբ չէ, որ Լիբանան այսօր կը դիմաւորէ անկախութեան 75-ամեակը: Ընդհանուր դժգոհութեան, յուսաբեկութեան, անտարբերութեան թէ կեղծիքի մթնոլորտ կը տիրէ ամէնուրեք: Լիբանանցի ժողովուրդին համար այսօր փտածութիւնը, ջուրի եւ ելեկտրականութեան տագնապը, տնտեսական անհեռանկար իրավիճակը, կենսոլորտային խնդիրը, խճողումը, եւ դեռ ազատութիւններու որոշակի կաշկանդումները գերակշիռ դարձած են, քան երկրի անկախութեան տօնը եւ պաշտօնական մակարդակի վրայ կազմակերպուած տօնախմբութիւնները, զինուորական տողանցքը, յուշարձանի կանգնեցումը, ծաղկեպսակներու...

Առաջնորդական Պատգամ` Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակին Առիթով

Առաջնորդական Պատգամ` Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակին Առիթով

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Սիրելի՛ լիբանանցիներ, Անկախութիւնը հաւաքականութիւններու գոյութիւնը երաշխաւորող եւ ընկերութեան զարգացման նպաստող էական արժէք է, որուն պահպանումը կ՛ենթադրէ հաւաքական պատասխանատուութիւն եւ ազգային գիտակցութիւն: Լիբանանի ժողովուրդը անկախութեան տէր կանգնելու համար նահատակներ տուած է` դէմ յանդիման կանգնելով Օսմանեան կայսրութեան եւ այլ հաւաքականութիւններու անմարդկային ոճիրներուն եւ ճնշումներուն: Անկախութիւն մը, որուն գինը լիբանանցիները շատ սուղ վճարած են, եւ որուն պատմական արժէքը...

Ազգային Ինքնորոշման Իրաւունքը Տուն Պէտք Է Բերել  (Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակին Առիթով)

Ազգային Ինքնորոշման Իրաւունքը Տուն Պէտք Է Բերել (Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակին Առիթով)

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Անկախութիւն. անկախ պետութիւն: Զոյգ եզրեր, որոնք հպարտութիւն կը ներշնչեն, քաղաքացիին ճակատը կը բարձրացնեն անզգալաբար, աչքերուն յաւելեալ փայլք կը բերեն եւ ուրախութեան զգացումներով կը համակեն անոր էութիւնը: Հաւանաբար, սակայն, այս բոլորը կը վերաբերին բնականոն պայմաններու մէջ ապրող երկիրներու, ուր եթէ ամէն ինչ կատարեալ ալ չէ, նուազագոյնը քաղաքացիին տարրական իրաւունքները յարգուած են: Նիւթին շուրջ դառնալու պէտք չկայ. ընթերցողը վերոնշեալ երկու...

Ներլիբանանեան Մարտահրաւէրները Շրջանցելու Միակ Միջոցը (Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակին Առիթով)

Ներլիբանանեան Մարտահրաւէրները Շրջանցելու Միակ Միջոցը (Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակին Առիթով)

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակը այս տարի կը նշենք ներլիբանանեան ճգնաժամի նոր փուլի մը մէջ: Իրականութեան մէջ ներքին քաղաքական տագնապները օր մըն ալ չեն պակսած այս փոքր երկրին մէջ, բայց ներկայ փուլը ամէնէն վտանգաւորն է, իմ անձնական կարծիքովս, Թաէֆի համաձայնագիրի ստորագրութենէն եւ քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ի վեր: Նոյնիսկ աւելի վտանգաւոր է, քան նախորդ ժամանակաշրջանին շուրջ երկու տարի հանրապետութեան նախագահ չունենալը,...

Փոքր Հողատարածք, Մե՜ծ Երազներ (75-ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Համայնքականութիւնը եւ յարանուանականութիւնը մեր մահն են, իսկ լուծումը աշխարհիկ կարգերու հաստատման մէջ կը կայանայ: Դոկտ. Հասան Համատէ (Վաստակաւոր գրող եւ քաղաքական վերլուծաբան)  «ԱԶԴԱԿ», 24-11- 2017 Այս պարագային, ստուգապէս, մահուան պատճառները գիտենք: Գիտակից ենք նաեւ լուծման հնարաւոր ճանապարհին: Ուրեմն, ի՛նչ եզրակացնել: Առածը կ՛ըսէ. «Ո՞ւր թաղուած է շան գլուխը»: Իսկ ժողովուրդը` իր կարգին կ՛աւելցնէ, թէ Լիբանան անունով երկրին համար անհրաժեշտ...

Մապրուք Եա Լուպնան

Մապրուք Եա Լուպնան

ՄԵԹՐ ՎԱՐԴԳԷՍ ՇԱՄԼԵԱՆ Այո՛, շնորհաւորութի՛ւն, ո՜վ Լիբանան, 1943-ին Լիբանանի անկախացման եւ պետութեան ստեղծման 75-ամեակի ոգեկոչման առթիւ: Հոս, անտեղի է հանրածանօթ պատմական եղելութիւնները կրկնելը, բացի յիշելէ, որ Ֆրանսայի հոգատարութեան տակ գտնուող Լիբանանը, Պըշարա Խուրի նախագահին եւ վարչապետ Սամի Սոլհի օրով, համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին իսկ, զօրավար Տը Կոլի հրահանգով, 22 նոյեմբեր 1943-ին անկախ հռչակուեցաւ: Նպատակս է երկու խօսքով փորձել արտայայտել Լիբանանի...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Անկախութենէն Անդին. Լիբանանը` 75 Տարի Ետք

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ 75 տարիներ անցան Լիբանանի անկախութենէն, երկիր մը,որ տակաւին կը միտի անկախանալու եւ կերտելու պետականութիւն: Շատերուն համար Լիբանանի հզօր պետականութեան չկայանալուն պատճառը միասնական` արտաքին քաղաքականութեան չգոյութիւնն է եւ ոչ թէ` համայնքային քաղաքականութիւնը: 1946-ին, երբ ֆրանսական ուժերը լքեցին երկիրը, իշխող մարոնի համայնքի ղեկավարները սկսան քննարկել երկրի եւ իշխանութեան անվտանգութեան հարցը: Հոս կարեւոր է իմանալ, որ երկրի անվտանգութիւնը ուղղակի կապուած էր...

Ճանչնանք Մեր Հերոսներն Ու Նահատակները,  Մեր Անցեալն Ու Ներկան, Անոնց Կտակով Կերտենք Ապագան*

«Դաշնակցութեան Գործած Սխալները»

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ Իրօք Դաշնակցութեան աններելի սխալներէն հիմնականը այն է, որ ան բնաւ ամբոխավար, շշմեցուցիչ եւ շուկայական կուսակցութիւն մը չհանդիսացաւ իր 128 տարուան մաքառումի ամբողջ կենսափորձին ընթացքին: Կ՛երեւի ռազմավարական աններելի սխալներ էին Դաշնակցութեան կողմէ` առաջնահերթութեան վերածելը Արցախի ազատագրումը, վիրահայութեան անկաշկանդ գոյատեւումը, Հայ դատը, հայ-թրքական արձանագրութիւններու տապալումը, Հայաստանի պետական հիմքերու ամրապնդումը, հայոց բանակի մարտունակութիւնը, ոչ մէկ թիզ հող զիջիլը, զոյգ պետութեանց սահմաններու...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա «Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը. Արիւնահոսող Վէրքը» Գիրքին Շնորհահանդէսը Վերջերս Դամասկոսի «Ասատ» ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեանին հրատարակուած «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը. արիւնահոսող վէրքը» արաբերէն գիրքին շնորհահանդէսը: Շնորհահանդէսին ընթացքին ցուցադրուեցաւ Արցախի տարածաշրջանի պատմական փուլերուն, հակամարտութեան հանգրուաններուն, ինչպէս նաեւ ազատագրման ի խնդիր հայ ժողովուրդին մղած պայքարին մասին վաւերագրական տեսերիզը: Դեսպան Փոլատեանը իր խօսքին մէջ...

Խմբագրական.  Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախի  Հանրապետութիւն Ռազմաքաղաքական  Փոխօգնութեան Դաշինք

Խմբագրական. Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախի Հանրապետութիւն Ռազմաքաղաքական Փոխօգնութեան Դաշինք

Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի նախագահի յայտարարութիւնը, թէ հրատապ նշանակութիւն կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքը, վերլուծական ենթադրութիւններու դուռ կը բանայ, թէ ինչո՛ւ այս փուլին է, որ Ստեփանակերտը հրատապ կը նկատէ այս համաձայնագիրի կնքումը: Նախ պէտք է արձանագրել, որ այս համաձայնագիրին ուղղութեամբ ամէն ակնարկ կը յիշեցնէր, որ իրաւապայմանագրային տեսքի կը բերուէր այս ձեւով այն առաջադրանքը, որ կը բանաձեւէր,...

Սաստելով Չի Կարելի Մարդկանց Մղել Աշխատելու

Սաստելով Չի Կարելի Մարդկանց Մղել Աշխատելու

ԹԱԳՈՒՀԻ ԱՍԼԱՆԵԱՆ «Հայոց Աշխարհ»-ը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարած է ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական հետազօտութիւնների գրասենեակի ծրագրերի համակարգող, տնտեսագէտ Թադեւոս Աւետիսեանի հետ ՀԱՐՑՈՒՄ.- Օրերս վարչապետի պաշտօնակատարը մեր երկրում գործազրկութեան խնդրով պատասխանատու յայտարարութիւն արեց Աստանայում` երկրի 800 հազար բնակչութեանը մեղադրելով անգործութեան, ծուլութեան, իբր զբաղուածութիւն ունեցող 350 հազար բնակչութեան վճարած հարկերի հաշուին ապրելու համար: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Հայաստանում մենք 18 տոկոս գործազրկութեան մակարդակ ունենք, ինչը բարձր ցուցանիշ...

Մեզ Մտահոգում Է, Որ Կողմերին Զէնք Վաճառելու Քաղաքականութիւնից Կը Շահի Ազրպէյճանը

Մեզ Մտահոգում Է, Որ Կողմերին Զէնք Վաճառելու Քաղաքականութիւնից Կը Շահի Ազրպէյճանը

ԱՐԱՄ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներում նոյեմբերի 6-ին տեղի են ունեցել Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւնները, որոնք սովորաբար անցկացւում են նախագահի ընտրութիւնից երկու տարի անց: Այս ընտրութիւններին պիտի վերընտրուէին ամերիկեան խորհրդարանի Վերին պալատի` ծերակոյտի 100 անդամներից 35-ը ստորին` Ներկայացուցիչների պալատի բոլոր 435 անդամները, 39 նահանգապետներ, ինչպէս նաեւ` նահանգների օրէնսդրական ժողովների 6073 անդամներ, դատաւորներ ու դպրոցական շրջանային խորհուրդների անդամներ: Գլխաւոր հարցը, ի հարկէ, կապուած էր...

Page 636 of 1111 1 … 635 636 637 … 1,111

Արխիւներ