«Կեցցէ Հայաստան» Ծրագիրը Պրազիլիական Փառատօնին 3-րդ Տեղը Գրաւած Է
Պրազիլիոյ Սան Փաուլօ քաղաքի հանրահռչակ Սամպատրոմի մէջ մարտ 2-ին տեղի ունեցած Պրազիլիոյ ազգային փառատօնին ելոյթ ունեցած է նաեւ Սան Փաուլոյի «Rosas de Ouro» («Ոսկէ վարդեր») սամպայի դպրոցը` «Կեցցէ Հայաստան» ծրագիրով: Ծրագիրը բաղկացած եղած է 5 մասէ: Իւրաքանչիւր մաս ներկայացուցած է հայկական մշակոյթի եւ պատմութեան որեւէ դրուագ` սկսած Նոյ նահապետէն մինչեւ մերօրեայ Հայաստանը: Անդրադարձ կատարուած է քրիստոնէութեան, հայոց գիրերուն, Հայոց ցեղասպանութեան,...

















