Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարկատէէն Այնթուրայի Որբանոց` Պատասխանը Յստակ Է

Մարտ 12, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Ա. Ա.

Պոլսոյ մէջ շուրջ հարիւր հազար հայաստանցիներու ապօրինի կեցութիւնը քաղաքական խաղաքարտի վերածուած է Անգարայի իշխանութիւններուն համար, որոնք ամէն առիթ կը շագործեն, որպէսզի յիշեցնեն, թէ արտօնութիւն տուած են ու աչք կը խփեն հայաստանի քաղաքացիներուն Պոլիս կեցութեան եւ աշխատանքին, որովհետեւ անոնք, ինչպէս կը բնութագրէ նախագահ Էրտողան, իրենց երկրին` Հայաստանի մէջ հանգստութիւն չունին:

Այս թեման դարձեալ շահարկման նիւթի վերածուեցաւ Էրտողանի կողմէ, որ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին` պնդեց, որ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ ցեղասպանութիւն չկայ: «Զգո՛ւշ եղիր, երբ կը գործածես Հայոց ցեղասպանութիւն եզրը:Հայերը մեր երկրին մէջ բնաւ ցեղասպանութեան չեն ենթարկուած, եւ այս պահուս Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրին մեր հայ քաղաքացիները եւ Հայաստանի քաղաքացիներ, որոնք պիտի շարունակեն Թուրքիա ապրիլ», ըսաւ Էրտողան` իր խօսքը ուղղելով լրագրողի մը, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ` ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր հռչակելու մասին հարցում մը ուղղեց Էրտողանի:

Մերթ ընդ մերթ այս նիւթը քաղաքական օրակարգ բերող թուրք պատասխանատուներուն մէջ Էրտողան առաջին դիրքի վրայ կու գայ, որ նախ կը պնդէ, թէ ցեղասպանութիւն գործադրուած չէ հայերու դէմ, եւ ապա նոյն յանկերգը: «Հարիւր հազար հայաստանցիներու արտօնութիւն տուած ենք, որպէսզի Թուրքիա ապրին եւ աշխատին»:

Հիմա` երկու հարց:

Առաջինին` Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման եւ ժխտման թրքական պետական քաղաքականութեան պատասխանը պէտք է տալ` մէջբերելով օտար աղբիւրներ, ակադեմականներ, պատմաբաններ, քաղաքական գործիչներ, լրագրողներ եւ մանաւանդ հեղինակաւոր եւ իրենց ամէն մէկ բառը կշռադատած ու գրած հետաքննող լրագրողներ: Ասոնց մէջ լաւագոյն օրինակը Ռապըրթ Ֆիսքն է, որ իր յօդուածներով եւ տեղեկագիրներով յաճախ լուսարձակի տակ կը բերէ Հայոց ցեղասպանութեան թղթածրարը եւ անվիճելի փաստերու ներկայացմամբ կը ջրէ թրքական վարկածները:

Երբ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ 1990-ական թուականներուն սկիզբը քարիւղի պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուեցաւ Մարկատէի դաշտը` լոյսի բերելով աւազներուն եւ փխրուն հողին տակ շերտ առ շերտ մնացած մարդկային գանկերը եւ ոսկորները, ամբողջ հայութիւնը մէկ մարդու նման ոտքի կանգնեցաւ եւ Մարկատէի դաշտին կեդրոնը` կիզիչ արեւուն տակ, օր մը օծումը կատարուեցաւ Սուրբ Յարութիւն մատրան, որպէսզի ամբողջ աշխարհը իմանայ պատմութիւնը այն աւելի քան երեսուն հազար հայորդիներուն, որոնք քշուեցան Մարկատէ եւ ուր ոչնչացան: Ռապըրթ Ֆիսք այցելեց Մարկատէ եւ ապա իր տպաւորութիւնները, տեսածները պատմեց «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթի սիւնակներուն մէջ:

Ֆիսք նաեւ ներկայացուց հայուհի մը` Սրբուհի Փափազեանը, որ Սուրիոյ անապատները հասած էր տակաւին մանկատի եւ` արաբացած, ապա ամուսնացած եւ բազմաթիւ զաւակներ ծնած էր: Սրբուհիին զաւակները գիտէին, որ իրենց մայրը հայ է, եւ բոլոր հայերը քեռի կը կոչէին` խալօ:

Ֆիսք նաեւ գրեց Լիբանանի Այնթուրա քոլեճի համանուն որբանոցին մասին, ուր մատրան ետին թաղուած են շուրջ վեց հարիւր հայ որբուկներու մնացորդացները: Որբանոցը հրէշածին գաղափարն էր Ճեմալ փաշայի, որ տխրահռչակ Խալիտէ Էտիպ Ատիվարի հետ որբանոցը վերածեց թրքացման գործարանի մը, ուր որբերը անտանելի ծեծի ու տանջանքներու կ՛ենթարկուէին, երբ հայերէն խօսէին իրարու հետ:

Երեք սարսափելի պարագաներու մասին գրելով` Ֆիսք ամրագրեց Հայոց ցեղասպանութեան մասին համոզումը: Երիտասարդ թուրքերը ծրագրեցին եւ գործադրեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը, եզրակացուց ան, ամէն անգամ որ գրեց իր տեսածներուն մասին:

Էրտողան անշուշտ Ֆիսքը չի համարեր լուրջ լրագրող մը` զայն սեպելով հայկական լոպիներու կողմէ վարձատրուող գրչակ մը: Ասիկա, սակայն ,ոչինչ կը փոխէ իրականութիւններէն` Մարկատէէն մինչեւ Սրբուհի Փափազեան եւ Այնթուրայի որբանոց- տանջարանը:

Երկրորդ հարցը հայաստանցիներու նկատմամբ բարեացակամութեան Էրտողանի ինքնագովասանքն է: Ասոր պատասխանը կայ: Ամէն ոք գիտէ: Կարիքը չկայ գրգռելու բաց վէրքը:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (12 Մարտ 1969)

Յաջորդը

Հայ Մամուլի Տարի. Մամուլի Աշխատաւորին Կարողութիւններուն, Կացութեան Եւ Նպաստի Մասին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?