15 Մայիս 1916. Հայոց գաղափարի զինուոր առիւծը՝ քաջն ՔԵՌԻ ինկաւ Ռըւանտուզի ահեղ կռուին
Ն. ՊԷՊԷՐԵԱՆ 15 Մայիսի այս օրը, 1916 թուականին, թանկագին արեամբ գրուեցաւ հերոսական ու անմոռանալի էջերէն մէկը Հայոց դիւցազնական Ազատամարտին։ Մայիս ամսու այս օրը, զոհուեցաւ հայ ժողովուրդի անզուգական հերոսներէն Քեռին, որ աւազանի անունով մկրտուած էր, եւ որ իր զոհաբերութեան, քաջագործութեան ու առաքինութեան համար արժանացաւ մեր ժողովուրդին կողմէ ՔԵՌԻ կոչուելու սրտաբուխ պատիւին։ Չորրորդ գնդի հրամանատար քաջ Քեռի, Ինքդ արի եւ գործերդ միշտ...


















