Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Գրականութեան Գագաթներէն` Կնութ Համսուն

Մայիս 15, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայացուց` ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

Այսօր կ՛ուզէի խօսիլ եզակիօրէն օժտուած մարդու մը մասին, որ արժանի է գրաւելու ուշադրութիւնը ուսեալ մարդոց եւ հետաքրքիր ոչ սովորական հոգիներու, ան կը կոչուի Կնութ Համսուն, իսկ հրատարակիչը` Ալպեր Լանժենը կու գայ յայտնաբերելու այս նորվեկիացիի «Անօթութիւն»-ը:

Ոչ մէկ ողբերգութիւն` այս գիրքին մէջ, այլ միայն` անօթութիւն: Եւ այս տխուր նիւթին մէջ ոչ մէկ գործողութիւն` բացի անօթութենէ: Կարելի է մտածել միօրինակութեան մասին: Հանդիպումներ փողոցի մէջ, գիշերային տեսարաններ, տարօրինակ շարքը դէմքերու, տարօրինակօրէն օտար, որոնք այս գիրքը կը դարձնեն առաջին կարգի գործ, խանդավառո՛ղ, եզակի:

Ինքնակենսագրութիւն` վստահաբա՛ր:

Այստեղ աչքի ներքեւ ունիմ լուսանկարը Կնութ Համսունի. ուժգին կազմուածքով մարդ մը, նուրբ եւ աշխուժ մկաններով, թանձր մազերով, ճակատը` քանդակուած արձանագործի մը մատներով, նայուածքը օտար. կոպերու խոռոչին մէջ կան խորունկ շողեր, կը զգացուի, որ ճանչցած է բացառիկ վիճակներ, հեռաւոր ճամբորդի մը նման կարօտակէզ, նաւաստիներու նայուածքը յիշեցնող: Պեխը կարճ, հաւաքուած` բարութեամբ լեցուն շրթներուն վրայ: Դիմագիծը` աշխուժ եւ նուրբ, թափանցող, բայց` քողարկուած, հպարտ եւ տխուր, ակօսուած այտերով, քթի  պրկուած խոռոչներով: Յոգնածութեան եւ տառապանքի նշաններ, որոնք երկարօրէն կը գրաւեն միտքը:

Կնութ Համսուն` հազիւ երեսունչորս տարեկան, կը կարծեմ, որ ոչ մէկ կեանք եղած է իրեն պէս արկածախնդիր: Կանուխէն թաթխուած է դժբախտութեան:

Քսաներկու տարեկանին կը ձգէ Նորվեկիան, հալածուած` դժբախտութենէ եւ անօթութենէն: Յոգնած` պայքարելէ ճակատագրին դէմ, որ չի դադրիր զինք հալածելէ, աշխատանքով չկարենալ շահելու կտոր մը հաց… Վերապահելով անշեղօրէն իր անպարտելի հպարտութիւնը եւ պատուական կեցուածքը` կը շարունակէ պայքարիլ փորձութիւններու դէմ: Օր մը կը բարձրանայ նաւու մը վրայ, որ կը մեկնէր ձկնորսութեան դէպի նոր հողամաս (Իսլանտա): «Ճերմակ Ամսագրին» մէջ տարի մը առաջ ան պատմած է իր հոն ապրած տաժանելի կեանքի մասին:

Պէտք է կարդալ ամբողջութիւնը այս կարճ տպաւորութիւններուն, որոնք ունին մարդկային ուրիշ շեշտ մը` կատաղի եւ անասնական, քան` Իսլանտայի ձկնորսներու մոլեգին կեանքը: Մշուշին մէջ յանկարծ յայտնուող կերպարանքներ, որոնք կ՛արթնցնեն խաբկանքներ եւ զգայնութիւններ, նկարագրուած են Կնութ Համսունի կողմէ` ուժգնօրէն անծանօթ արտայայտութեան մը մեծութեամբ:

Այս ահռելի վիճակէն երեք տարի վերջ Կնութ Համսուն կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր առանց ծանօթի, առանց միջոցներու` կը դառնայ գործաւոր, դարձեալ երեք տարի հողագործութիւն կ՛ընէ` հազիւ շահելով իր կեանքը: Կը մատնուի նեղութիւններու, սակայն վարժուած ըլլալով դժբախտութիւններու` կը դիմանայ ու կը յաղթահարէ…

Ապա կ՛երազէ վերադառնալ Նորվեկիա, բայց` ինչպէ՞ս, խնայողութիւն չունէր, ոչ ալ դրամ` վճարելու իր ճամբորդութիւնը ու շատ հպարտ էր` խնդրելու իր հայրենադարձութիւնը: Վերջապէս կը կարողանայ ընդունուիլ, որպէս մեքենավար, Ամերիկայի օթոպիւսի մեծ գիծերէն մէկուն վրայ` բաւական լաւ վճարուած: Չորս տարիներու ընթացքին կը խնայէ բաւարար գումար` վերադառնալու համար:

Բայց ժամանակ մը վերջ իր վերադառնալէն, կը ստիպուի ձգել Նորվեկիան` մեզի անծանօթ պատճառներով ու կ՛ապաստանի Փարիզ, ուր առանձին, աղքատ, մոռցուած բոլորէն` կը շարունակէ գրել խանդավառութեամբ մեր ժամանակի ամէնէն գեղեցիկ գործերէն մին «Անօթութիւնը»:

Պէտք է սիրել այս մարդը, հետեւիլ սիրով այս սքանչելի եւ հազուագիւտ արուեստագէտին, որմէ կը ճառագայթէ հանճարի բոցը:

ՕՔԹԱՒ ՄԻՐՊՕ (Octave Mirbeau) 1895

Փարիզ-Պէյրութ , 2019

————————————-

Կնութ Համսունի «Անօթութիւնը» Վէպ

Կնութ Համսունի (Knut Hamsun) «Անօթութիւնը» լոյս տեսած է գրպանի գիրքի շարքին մէջ, 1961-ին: Լոյս տեսած է նորվեկերէն` 1890-ին: Ֆրանսերէնի թարգմանուած է 1895-ին, Ա. Լանժենի կողմէ (A. Langen): Անտրէ Ժիտ (Andre Gide) գրած է նախաբանը, որմէ թարգմանաբար կու տանք հատուած մը` ստորեւ:

«Կը դարձնենք էջերը այս անծանօթ գիրքին: Քիչ  ետք արցունքով կը լեցուին մեր աչքերը եւ արիւնով` մեր մատները, մեր սրտերը: Իր նախապատերազմեան հրատարակութիւնը առաջին կարդացողներէն մին եղած եմ, շուրջիններուս ուշադրութիւնը գրաւող առաջին անձը այս գիրքին նկատմամբ: Սակայն հանրութեան ուշադրութիւնը սկսաւ արթննալ, երբ Ժան-Լուի Պարօ (Jean-Louis Barrault) որոշեց այս ընդարձակ մենակատարումը բեմադրել, եթէ չեմ սխալիր, ընկերակցութեամբ «Համլեթ»-ին Լաֆորկի (Laforgue): Ես այդ ժամանակ Ֆրանսա չէի եւ մեծապէս կը ցաւիմ, որ չկրցայ տեսնել մեր մեծ Հտպիտը իր այդ բացառիկ դերին մէջ, ստեղծուած` իր կողմէ ամբողջութեամբ, որ հիասքանչ էր, ըստ տիրող կարծիքներու, ստեղծուած, ոչ ամենեւին, Կնութ Համսուն նոյն ինքն, ոչինչ ստեղծած է, եւ այս է արժանիքը իր գլուխ գործոցին, ան կը տիրապետէ լոկ իր իրականութեամբ: Ոչ մէկ պատմութիւն, ոչ մէկ հնարք գիրքի ընթացքին. ոչ մէկ բան տրուած է մեզի` բացի ցաւալի ներկայացումը մարդու մը, որ անդադար մահուան սեմին է  անօթութեան պատճառով: Անօթութիւնը նոյն ինքն նիւթն է` իր բոլոր վիճակներով ու յոյզերով, մտաւորական եւ բարոյական այլակերպումներով, որոնց կը տանի երկար ատեն անսնունդ մնալը: Այո՛, նուազ վէպի հերոս է, քան` հիւանդագին պարագայ մը: Պիտի համարձակի՞մ ըսելու, թէ այս մէկը զիս կը նեղացնէ քիչ մը, որ այս մարդը սկիզբէն բնական չէ»:

ԱՆՏՐԷ ԺԻՏ (Andre Gide)

  • Կնութ Համսուն ծնած է 1859-ին, մահացած 1952-ին։ Հեղինակ է «Անօթութիւնը» (1890), «Պատ» (1894) եւ «Պենոնի» (1908) գիրքերուն։ 1920-ին՝ Նոպեէլեան մրցանակակիր։

 

 

 

 

Նախորդը

Մերձաւոր Արեւելք. Հայկական Գործօնը Դարձեալ Շահարկւում Է

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?