Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դանիէլ Վարուժան` Հայերէնով Ու Թրքերէնով

Մայիս 14, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատան հայերէն թէ թրքերէն բազմապիսի հրատարակութիւնները մի՛շտ ալ կ՛ուրախացնեն մեզ: Շահեկան, գունագեղ եւ այժմէական:

Կարելի է անվարան ըսել, որ պոլսահայ կեանքի վերջին քառորդ դարու ամէնէն դրական եւ օրինակելի երեւոյթներէն մէկը եղաւ «Արաս», որ մէկ կողմէ հայ գրականութիւնն ու պատմութիւնը մատչելի դարձուց թրքախօս լայն զանգուածներուն, մէկ կողմէ ալ գոհացում տուաւ հա՛յ ընթերցողին:

«Արաս»-ի հրատարակութիւնները այլեւս կրնան լեցնել ամբողջ գրադարան մը:

Այս աշխուժ ու նպատակասլաց հրատարակչատան ամենավերջին արտադրութիւնը (ապրիլ, 2019) զարմացուց մեզ. նահատակ բանաստեղծ Դանէիլ Վարուժանի «Հացին երգը»: Եւ` երկու լեզուով, հայերէն բնագրով ու թրքերէն թարգմանութեամբ (թարգմանիչ` Յովհաննէս Շաշքալ):

Օ՜, գիտեմ, որ Պոլսոյ մէջ, առ այսօր, տեւական հետաքրքրութիւն մը կամ գուրգուրանք մը կայ Բրգնիկ գիւղի նահատակ մեծ զաւկին անունին ու վաստակին նկատմամբ: Գիտեմ, որ տասնամեակ մը առաջ Շիշլիի հայոց գերեզմանատան մէջ գեղեցիկ յուշադամբան մը կանգնեցուեցաւ բանաստեղծին յիշատակին յաւերժացման համար: Գիտեմ, որ անոր «Հեթանոս երգեր»-ը վերահրատարակուեցաւ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկին նախաձեռնութեամբ, կարճ ժամանակ առաջ, 2006-ին: Կը կարդամ ու կ՛իմանամ, որ անոր դժուարիմաց բանաստեղծութիւնները մերթ ընդ մերթ կ՛արտասանուին պոլսահայ դպրոցներու բեմերուն վրայ:

Միշտ ըսուած է ու կը կրկնուի, որ Վարուժան մեր արեւմտահայ բանաստեղծութեան գագաթներէն մին է: Անկասկա՛ծ: Սակայն այսօր, սփիւռքեան տարածքի վրայ, քանի՞ հայորդի ձեռք կ՛առնէ Վարուժանի քերթողագիրքերէն մին ու կը փորձէ կարդալ զայն: Կամ քանի՞ գրասէր հայ մարդ կրնայ հեզասահ կարդալ մեծանուն բանաստեղծին քերթուածները` «Հեթանոս երգեր»-ը կամ «Ցեղին սիրտը»` առանց բառարանի մը մշտատեւ օժանդակութեան… Իր ճոխ ու հարուստ բառամթերքը կը շշմեցնէ մեզ: 25-30 տարեկան այս գիւղացի տղան (որ Մխիթարեաններու ափին մէջ կոփուեցաւ` Պոլսէն Վենետիկ), ինչպէ՞ս կրցաւ իւրացնել մեր հարուստ լեզուին բոլոր գանձերը…

Որքա՜ն լաւ է, որ մեր դպրոցական դասագիրքերուն մէջ միշտ ալ արդար տեղ տրուած է Դանիէլ Վարուժանին: Իմ փորձառութեամբ կրնամ վկայել, որ պատանի աշակերտները, մեծաւ մասամբ, կը սիրեն Վարուժանը, կ՛ախորժին անոր արտասովոր պատկերներէն, եթէ լա՛ւ բացատրուին կամ մեկնաբանուին անոր բանաստեղծութիւնները: Թութակային ընթերցումը չի տպաւորեր զիրենք, բայց լայն ու մանրազնին վերլուծումները (օրինակ` «Կարօտի նամակ»-ը կամ «Օրհնութիւն»-ը) կամաց-կամաց համակրանք մը կրնա՛ն ստեղծել աշակերտին մօտ`  100-110 տարի առաջ ապրած հի՜ն ու հնաբո՜յր բանաստեղծին նկատմամբ:

«Հացին երգը» Վարուժանի վերջին հրատարակուած գործն էր, լոյս տեսած` յետ մահու, 1921-ին, զինադադարի վաղորդայնին:

Մեծ եղեռնի օրերուն թուրք ոստիկաններու կողմէ գրաւուած էին այս անտիպ գործին անգին ձեռագրերը, սակայն կարելի եղած էր փրկագինով ազատել զանոնք կորուստէ… Իր տեսակին մէջ` եզակի գործ մը, ուր ցորեանի ոսկեծուփ արտերուն գովքը կը հիւսուի, կը նկարագրուի գիւղացիին կամ մշակին սրբազան աշխատանքը` հերկէն մինչեւ հունձք, կալերէն մինչեւ աղօրիք: Այլ խօսքով, բանաստեղծօրէն կը պատկերացուին հողին հրաշալի կերպարանափոխութիւններն ու մեր սեղանին դրուած հանապազօրեայ հացին պատրաստութիւնը:

Այս տարի` 2019, Վարուժանի ծննդեան 135-ամեակն է (1884-1915): Պոլսոյ «Արաս»-ին հրատարակած «Հացին երգը» առաջին արձագանգ մըն է այս յոբելեանին ու հրաւէր մը` յետադարձ հայեացքի ու վերընթերցումի:

 (Հալէպ)  

Նախորդը

Շեշտուեցաւ Արցախին Յաւելեալ Աջակցութիւն Ապահովելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Հանրային Ծառայողների Աշխատատեղերը Կրճատւում Են «Աշխատի՛ր, Հայաստան» Կարգախօսի Ներքոյ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?