ՀՄԸՄ-ի Ալմելոյի Մասնաճիւղի Նոր Կեդրոնին Հիմնարկէքը
Շաբաթ, 11 յուլիսը յիշատակելի օր մը եղաւ Ալմելոյի եւ Նետերլանտներու (Հոլանտայի) հայութեան համար, որովհետեւ այդ օր ձեւ ու մարմին ստացաւ շրջանի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղին տարիներու երազը` նոր կեդրոն մը ունենալու ծրագիրը: 11 յուլիսի կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին կատարուեցաւ մասնաճիւղի նոր կեդրոնին հիմնարկէքը` ներկայութեամբ քաղաքի հոգեւոր հօր` Մաշտոց քհնյ. Պաղտասարեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Դաւիթ Միրզախանեանի, ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Նուպար Վարդանեանի,...



















