Անդրադարձ

Զօրակցինք Արցախին

Զօրակցինք Արցախին

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ Հերոսական Արցախը հոգեկան անքակտելի կամուրջով կապուած է բոլոր հայերուն հետ եւ ազգային տեսլականներու եւ ակնկալութիւններու հարազատ հայելին է: Արցախը համայն հայութեան ներշնչման աղբիւրը կը հանդիսանայ: Այսօր աշխարհի հայերու սրտին մէջ կ’արտացոլայ արցախեան հայրենիքի վիշտը, քանի Ազրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգը, անտեսելով 1994-1995 ստորագրուած եռակողմ համաձայնագիրը, կը խախտէ ՄԱԿ-ի, Եւրոպական միութեան, Եւրոպայի խորհուրդի, Մինսքի խմբակի համանախագահներու եւ միջազգային բազում կազմակերպութիւններու խաղաղասիրական...

Հայ Բեմի Խոստմնալից Անուն Մը` Անժելինա Սարգիսեան

Հայ Բեմի Խոստմնալից Անուն Մը` Անժելինա Սարգիսեան

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Միջդպրոցական մրցանքները կարեւոր են եւ օգտակար: Անոնք կը յայտնաբերեն շնորհալի նոր դէմքեր, որոնք յարատեւելու եւ իրենք զիրենք կատարելագործելու պարագային կրնան լաւ ապագայ խոստանալ մշակութային մեր կեանքին: Այս իմաստով, վերջին տարիներուն միջդպրոցական մրցանքներուն յաճախ յայտնուած անուն մըն է Անժելինա Սարգիսեանը, որ ասմունքի եւ մենակատարութեան փայլուն կարողութիւններուն կողքին, կ’երգէ, կը պարէ եւ մնջախաղի վարպետ մըն է: Անժելինա Համազգայինի «Արեգ» թատերական...

Ապրիլ 24-ը Եւ Ա. Վռամեանի Մարգարէական Կանխատեսումը

17 Մայիս 1907. Աղթամար Կղզի Ապաստանած Ֆետայիներուն Յաղթական Կռիւը Եւ Թրքական Զօրքի Բարբարոսական «Պատասխան»-ը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ 17 մայիսին, 109 տարի առաջ, Վանայ լիճի Աղթամար կղզի ապաստանած դաշնակցական ֆետայիներ, թրքական զօրքի ռազմանաւերուն կողմէ երկու օր պաշարման տակ իյնալէ եւ անհաւասար ուժերով կենաց-մահու կռիւ մղելէ ետք, հերոսական գրոհով յաջողեցան ձկնորսական նաւակով ճեղքել թշնամիին ռազմական ուժը եւ անվնաս` ծովուն բացերը դուրս գալ: Երկու օր շարունակ թրքական ռազմական նաւերէն ռումբերու եւ փամփուշտներու տարափով կրակ բացուեցաւ դաշնակցական ֆետայիներուն վրայ,...

Բարի Ճանապարհ…

ՄԱՐԻԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ Բարի ճանապարհ ձեզի, Հալէպէն մեկնող հալէպահայեր, ձեր կեանքը դալար եւ ձեր աշխատանքը պտղաբեր ըլլայ: Որովհետեւ հայ էք, պիտի շէնցնէք այն հողը, ուր կայք պիտի հաստատէք: Որովհետեւ հայ էք, պիտի հմտանաք այն գործին մէջ, որուն պիտի նախաձեռնէք: Որովհետեւ հայ էք, պիտի ստեղծագործէք եւ արժանանաք բարձր գնահատանքի ու գովասանքի: Սակայն, սիրելինե՛ր, զգուշացէ՛ք ձեր մեկնումի պահուն կամ մեկնելէ ետք պղտորել այն...

Անդարձ, Բայց Միշտ Կենդանի

Անդարձ, Բայց Միշտ Կենդանի

Դժուար, սակայն քաղցր պարտականութիւն է հարազատի յիշատակին արտայայտուիլ, ակամայ մեր մտածումները կ՛երթան մեր մանկութեան ու պատանեկութեան օրերը` մեր մէջ թարմացնելով փայփայուած յիշատակներ, որոնք վայլեր էինք մեր հօրեղբօր տաքուկ գիրկը: Հօրս անակնկալ մահը հարուածած էր մեր ընտանիքը, երբ տակաւին պատանի էի: Ճակատագիրի դաժան պայմաններուն պարտաւոր էինք համակերպիլ: Հօրեղբօրս ներկայութիւնը մասամբ պիտի ամոքէր մեր վիշտը եւ բնազդաբար իմ ապաւէնը եւ իր հայրական...

Սուրէն Չէքիճեան (1943-2016)

Սուրէն Չէքիճեան (1943-2016)

Փոքր տարիքէն իր բազմակողմանի հետաքրքրութիւնը եւ տաղանդը, ընթերցասիրութիւնը, գիտութեան, արուեստի, արհեստի եւ գրականութեան ծարաւը մղեցին զինք կարդալու տան մէջ մօրս անգլերէն եւ հայերէն բոլոր գիրքերը, յաճախած դպրոցի` Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի գրադարանի բոլոր գիրքերը, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ «Ազատամարտ» ակումբի գրադարանի գիրքերուն կարեւոր մէկ մասը: Մտաւորական-արուեստասէր խառնուածքի կողքին, ան եղաւ աշխուժ ու կենսախինդ, հնարամիտ, փորձարկող, շինարար ու ստեղծագործող անձ մը: Պատանի տարիքին...

Հողը Թեթե՜ւ Գայ, Ընկե՛ր Սուրէն

Հողը Թեթե՜ւ Գայ, Ընկե՛ր Սուրէն

Երբ Թորոնթոյէն լուրը ստացայ, չուզեցի հաւատալ: Գառնիկը նոր տեղեկացուցած էր իմ եւ ընկերներուս շատ սիրելի ընկեր Սուրէն Չէքիճեանի մահուան մասին: «Նոր Հայ Հորիզոն» հեռատեսիլի հիմնադիր եւ երկարամեայ տնօրէն, արուեստագէտ, բեմադրիչ եւ գրող ընկեր Սուրէնը մեզի ընկեր էր բառին բուն իմաստով` Ջիւանիի նկարագրած «բարի, գեղեցիկ, առաքինի», իսկապէս «հաստատակամ ու ճշմարիտ» ընկեր էր: Թէեւ մեզմէ տարիքով մեծ էր, բայց միշտ կ՛ոգեւորէր մեզ...

Մտորումներ` ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէի Կազմակերպած Ձեռնարկին Առիթով.  Անփոխարինելի Խորհրդանիշերու Պարծանքը Կամ Զգաստութեան «Պատ»-ը

Ինչո՞Ւ Միշտ Մեզ Սթափեցնողը Թշնամին Պիտի Ըլլայ (Մերօրեայ Հերոսամարտեր) – Ե.

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Փառք հայ զինուորին, որ թիկունքում կանգնած ծնողքն ու հայրենիքը չնոյնացրեց իշխանութեան հետ: ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՊՍ. ԱՋԱՊԱՀԵԱՆ (Շիրակի թեմի առաջնորդ) Հայ սրտցաւ ու յանձնառու կղերականին հոգեցունց այս արտայայտութիւնը, զոր ան ունեցաւ վերջերս իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, խորքին մէջ մեծագոյն ապացոյցն է այն իրականութեան, թէ հայրենի պետական շրջանակներու թէ իշխանական մակարդակներու վրայ գոյութիւն ունեցող փտածութիւնը, կաշառքը, հովանաւորչութիւնը, ընկերային ու...

Բարի Լոյս

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Բարեկամիս` Յակոբ Հաւաթեանի «Բարի լոյս» յօդուածաշարքին հետ ոչ մէկ կապ ունի այս գրութիւնս: Այս մէկը լոսանճելըսեան «Բարի լոյս» մըն է, որ այնքան հազուադէպ կը լսենք: Ամէն առաւօտ, տակաւին արեւը չծագած, արդէն իսկ մայրուղիներու վրայ եմ: Գործատեղիիս շէնքի մուտքին, պահակին կողմէ ժպտուն «կուտ  մոռնինկ» մը իրարու ըսելէ ետք, վերելակին մէջ, հանդիպած քանի մը պաշտօնեաներուն, նոյն մաղթանքը տալով ու ստանալով,...

Թուրք Պետութեան Անճրկած Ջղաձգութիւնը

Արամ Սեփեթճեանի «Հանդիպումներ»-ը

ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ Քանի մը ամիս առաջ էր, երբ Արմենակ Եղիայեանը` Պէյրութէն, իր հերթական «Ի պէտս զարգացելոց»-ով գրեթէ անզսպելի բարկութեամբ կը չախէր կարգ մը թերթերու խմբագիրներն ու աշխատակիցները` իրենց անհոգութեան համար հայերէնի հանդէպ: Կը նմանէր  ուսուցիչին, որ յատուկ զայրոյթով կը սաստէր անփոյթ ու ծոյլ աշակերտ մը: Կ՛ակնարկեմ Արմենակի զայրոյթին, որովհետեւ անմիջականօրէն կապ ունի այսօրուան քննարկուող գիրքի հեղինակին` Արամ Սեփեթճեանի հետ:  Պահու...

Նշմար.  Վիեննայի Համաձայնութեան  Գործնական Արժէքը Հարցականի Տակ

Նշմար. Վիեննայի Համաձայնութեան Գործնական Արժէքը Հարցականի Տակ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 16 մայիսին Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը, որուն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին կողքին մասնակցեցան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Ֆրանսայի եւրոպական հարցերու պետական քարտուղար Արլեմ Տեզիր: Համանախագահող երկիրներու նախարարները առաջին անգամ ըլլալով ներկայ եղան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն...

Նամակ Երկրէն.  Երկիրը Երկի՛ր Է

Նամակ Երկրէն. Զարգանալ Եւ Յաղթել

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Մայիսը  յաղթանակներու ամիս է. ամէն տարի հազարաւոր հայեր այդ ամսուան 9-րդ օրը Ղարաբաղ կ՛այցելեն տօնելու համար հայ ժողովուրդի նորօրեայ կարեւորագոյն յաղթանակներէն մէկը` Շուշիի ազատագրումը: Այդ օրերուն, գործընկերոջս` Անդրանիկ Գասպարեանին հետ ճամբայ ելանք դէպի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, բայց ո՛չ միայն մասնակցելու համար Յաղթանակի օրուան նուիրուած հանդիսութիւններուն, այլեւ` այցելելու Բերձորի (նախկին Լաչին) շրջանը, սփիւռքահայերու ներդրումներով իրականացուող տնտեսական զարգացման փոքր եւ...

Ազրպէյճանը` Վիեննական Թակարդում

Ազրպէյճանը` Վիեննական Թակարդում

ԳԷՈՐԳ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ Վիեննայում մայիսի 16-ի ուշ երեկոյեան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շրջանակում Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահների, ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահող երկրների արտաքին գերատեսչութիւնների ղեկավարների` Միացեալ Նահանգների արտաքին գործերի նախարար Ճոն Քերիի, Ռուսաստանի արտաքին գործերի նախարար Սերգէյ Լաւրովի, Ֆրանսայի եւրոպական հարցերով արտաքին գործերի նախարար Արլեմ Տեզիրի մասնակցութեամբ կայացած բազմակողմ ձեւաչափով բանակցութիւններն աւարտուեցին համանախագահների ընդունած համատեղ յայտարարութեամբ: Ըստ դրա, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի...

Քաղաքակրթական Տարբերութիւններ

Մեր Օրերու Բարեգործները

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Վերջին շաբաթներուն Հայաստանի թէ սփիւռքի տպագիր մամուլին եւ համացանցի էջերու ճամբով իմացանք, որ հայ բանակին, հայ զինուորին, զոհուածներու ընտանիքներուն, վիրաւորներուն վերաբերող զանազան տեսակի բարեսիրական նախաձեռնութիւններ տեղի ունեցան: Ընկերութիւն մը տասը հատ ինքնաշարժ նուիրեց: Ուրիշ մը վիրաւոր զինուորին այցելեց: Այլ տեղ մը զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն ուտեստեղէն բաժնեցին եւ այլն: Ուրիշ մը այս առիթով վիտէօ-քլիփ մը պատրաստեց: Տեղ մը` աժան...

Ակնարկ.  Վիեննան Վերահաստատեց  94-ի Համաձայնագիրը

Ակնարկ. Վիեննան Վերահաստատեց 94-ի Համաձայնագիրը

Արցախեան հակամարտութեան վերջին իրադարձութիւններու քննարկման յատկացուած Վիեննայի հանդիպման մասնակիցներու ձեւաչափը արտակարգ է: Հանդիպումը ո՛չ միջնախարարական է, ո՛չ միջնախագահական, ո՛չ ալ կողմերու նախագահներու եւ նախարարներու  եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի միջնորդներու մակարդակով միայն: Մասնակիցներու շարքը չէ փակուած նոյնիսկ ԵԱՀԿ-ի նախագահի անձնական ներկայացուցիչով: Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներն ու Ֆրանսայի եւրոպական հարցերու պետական նախարարը համալրած են մասնակիցներու շարքը` Վիեննայի հանդիպումին տալով...

Ստեփանակերտեան Լրջագոյն Պատգամներ

Ստեփանակերտեան Լրջագոյն Պատգամներ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Մայիս 8-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ առաջին նիստը ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու քառօրեայ խորհրդաժողովին, որուն կը մասնակցէին Հայ դատի աւելի քան 25 յանձնախումբերէն ու գրասենեակներէն, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէն շուրջ 65 ներկայացուցիչներ: Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան արտասանեց բացման խօսք մը, որուն յաջորդեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի ողջոյնի խօսքը: Առաջին նիստի...

Մտորումներ Թիկունքէն Եւ Սահմանագիծէն

Մտորումներ Թիկունքէն Եւ Սահմանագիծէն

ԿԻՐՕ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ Անբացատրելի էր իմ զգացումս, երբ իմացայ, թէ լիբանանցի լրագրողներու հետ պիտի մեկնէի Արցախ: Արդարեւ, 6 ապրիլ 2016-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն Պէյրութէն հասանք Երեւան, լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողին եւ նկարիչին հետ: Իմ ներկայութիւնս թարգմանութեան եւ աշխատանքներու համադրման համար էր: Նոյն օրը` ապրիլի 6-ի առաւօտեան այցելեցինք Երեւանի Նուպարաշէն շրջանին մէջ գտնուող կամաւորներու արձանագրութեան զօրանոց: Հոն ականատես եղայ...

Խմբագրական. Վերահաշուարկներ Նաեւ Յաջողութենէն Ետք

Վարագոյրը լրիւ չէ իջած տակաւին Լիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն վրայ. այսուհանդերձ, առանց մոռնալու հիւսիսային Լիբանանի ընտրութիւնները եւ այնտեղ նաեւ Դաշնակցութեան աշխուժ մասնակցութեան հրամայականն ու թեկնածու առաջադրելը, կարելի է ըսել, որ հիմնականին մէջ  Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներու համարեա ամբողջական ընտրացուցակը ընտրուած է արդէն: Տակաւին առիթը կ՛ունենանք ընտրուած քաղաքապետներու, փոխքաղաքապետներու, քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներու եւ թաղապետներու ընդհանուր համայնապատկերը, իբրեւ յաջողած թեկնածուներու հանրագումար ներկայացնելու:...

Մտորումներ` ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէի Կազմակերպած Ձեռնարկին Առիթով.  Անփոխարինելի Խորհրդանիշերու Պարծանքը Կամ Զգաստութեան «Պատ»-ը

Հայ Զինուորին Կօշիկին Փառքը (Մերօրեայ Հերոսամարտեր) Դ.

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ ... Տրտնջացող եւ յուսահատ խօսքերուն հակադարձելով, հայ ուսուցչուհի մը բարձրագոռ կը պատասխանէ. «Հայ զինուորը առանձինը կը կռուի բոլորիս համար, դո՛ւք ի՞նչ կ՛ընէք»: Այո՛, իրաւացի է հայ ուսուցչուհին, որուն ի խորոց սրտէ արձակուած կանչը, թէեւ իր մէջ կը պարփակԷ դառնութիւն, բողոք ու ցասում, այդուամենայնիւ,  անիկա կը մարմնաւորէ ամբողջ ժողովուրդի մը հոգեկերտուածքը` հայրենապաշտութիւնը: Ի՛նչ կ՛ընեն բոլոր անոնք` սփիւռքի թէ հայրենի...

Բարաւոր

Բարաւոր

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ Երեւանեան ամէն փողոց ունի իր «ձայնը», իր ոգին: Հրապարակին մօտ, Հիւսիսային պողոտայէն ոչ շատ հեռու, Արամի փողոցին վրայ, անիկա խաչքարներ քանդակող վարպետ Վարազդատ Համբարձումեանի երկխօսութիւնն է տուֆ քարին հետ, լեզու գտած` մուրճի, պողպատ «մատիտ»-ի եւ հատիչի շարժումներով: Փոքրիկ խնդրանքի մը համար կը մօտենամ անոր. յաւերժութեան նշան մը` 12 ճառագայթներով: Երբ ան կը սկսի «քարի դարէն մնացած» իր գործիքներով...

Page 698 of 806 1 … 697 698 699 … 806

Արխիւներ