Անդրադարձ

Ըսինք` 100-Ամեակ.  Ցեղասպանութեան Դէմ Յաղթանակը Մենք Մեզի Դէմ Տարուած Պայքարի Յաջողութիւնն Է

Բաժակին Լեցուն Եւ Դատարկ Մասերը Միաժամանակ Տեսնելու Փորձ Մը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ» Ազգովին բռնուած ենք համաշխարհայնացման, քաղքենիացման, դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան, բարօրութեան երազի եւ զբօս-ժամանցի ուռկանին մէջ, ուր կայ եսի անսահմանափակ փոթորկում եւ գոհունակութիւն: Այս քաղաքակրթական «խաղ»-ը չի վտանգեր մեծ, կայուն, հզօր եւ բազմանդամ ժողովուրդները: Անոնց քաղաքակրթութիւնը եւ մշակոյթը տիրապետելու եւ ուրիշները իրենց մէջ լուծելու համապարփակ կարողութիւն ունին: Այս` ի հեճուկս ժամանակավրէպ համարուող արժէքներու. ազգ, ազգային լեզու, շարունակութիւն ըլլալու կամք, յաճախ...

Խմբագրական.   Դէպի Նոր Սահմանադրութեան Կենսագործում

Խմբագրական. Դէպի Նոր Սահմանադրութեան Կենսագործում

Պետական բարձրագոյն օղակներէն հնչած յայտարարութիւններուն եւ առնուած քայլերուն միջեւ կայ, կ՛երեւի հետեւողականութիւն: Չէ բացառուած, որ փոփոխութիւններու միտող որոշումներու կայացումն ու անոնց գործնականացման ուղղութեամբ առնուած քայլերը արագացան յատկապէս յուլիսեան դէպքերէն ետք: Չմոռնանք սակայն, որ յուլիսեան դէպքերուն նախորդած քառօրեայ պատերազմը եւս ընթացքի արագացման մէջ իր դերը ունէր: Ի վերջոյ համատարած համոզում էր եւ է տակաւին, որ արմատական փոփոխութիւններ պէտք են մեր երկրին`...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Հայաստան Նոր Փոփոխութիւններու Սեմին (Արդեօ՞ք)

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Չ’ըսինք բարեփոխում, այլ ըսինք փոփոխութիւն։ Էապէս տարբեր բաներ են։ Որովհետեւ ամէն փոփոխութիւն անպայման բարեկարգում, կամ բարեփոխութիւն կրնայ չնշանակել։ Այս յօդուածը գրուելու պահուն, արդէն յստակ էր ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հրաժարականը եւ այդ պաշտօնի նոր թեկնածուն՝ Կարէն Կարապետեան։ Ան եղած է Հայաստանի մէջ ռուսական կազի ընկերութեան նախագահ, ապա կարճ ատենի համար՝ Երեւանի քաղաքապետ։ Իր մասին Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան շրջանակներէն...

Վերափոխւում Է Առաջնագիծը

Վերափոխւում Է Առաջնագիծը

ՇՈՒՇԱՆ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ Նորից ուղեւորուեցինք ԼՂՀ ՊԲ հարաւարեւելեան հատուած: Քառօրեայ պատերազմից հինգ ամիս անց ի՞նչ է արուել զինուորի անվտանգ եւ ապահով ծառայութեան համար: Տեսանք իրականացուած շինարարական մեծածաւալ աշխատանքներ, վերակառուցուած դիրքեր, ներդրուած տեխնիկական միջոցներ... Դիրքերի արիւնատար անօթները Տեղաշարժւում ենք բարեկարգուած ճանապարհներով, իսկ որոշ հատուածներում էլ վարորդը թեքում է ղեկն ու ամբողջովին նոր փորուած երթեւեկութեան գիծ մտնում:  Հակառակորդի կողմից «Լիալիա Իլիակի» բլրի գրաւումն...

Նամակ Երկրէն.  Երկիրը Երկի՛ր Է

Նամակ Երկրէն. Սա Է Մեր Հայրենիքը

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Արցախի մուտքին, անցագրերու ստուգման կէտէն առաջ, եթէ ձախ թեքուիք եւ շարունակէք հողէ ճանապարհով, մօտ մէկ ժամ քշելէ ետք կը հասնիք Հակ գիւղը: Պատմական այս գիւղը Քաշաթաղի շրջանի վերաբնակեցուած համայնքներէն մէկն է: Հակը Քաշաթաղի այն քիչ գիւղերէն էր, որ մնացած էր հայկական` մինչեւ 1918 թուականը, դիմադրելով բռնի հայաթափման բոլոր փորձերուն: 1918-ին նորաստեղծ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան «ասկեար»-ները յաջողեցան հեռացնել Հակի հայերը...

Պունտեսթակի Որոշումն Ու Գործնական Հեռանկարը

Ղարաբաղեան Փորձութիւնը

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ծնունդը պայմանաւորուած էր Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի յաղթանակներով: Հայաստանի նորանկախ երկրորդ հանրապետութեան հիմնումը ամրապնդուեց ղարաբաղեան պատերազմում տարած յաղթանակով եւ հայկական երկրորդ պետութեան ծնունդով: Ղարաբաղի ազատագրումը ոչ միայն հսկայական բարոյահոգեբանական լիցք էր անկախացող Հայաստանի համար, այլեւ ամրապնդեց տարածաշրջանում հայկական գործօնի դերը, անառիկ դարձրեց հայոց արեւելեան սահմանը, տոկոսային ցուցանիշներով չչափուող հսկայական յաւելում արեց մեր զարգացման ներուժի եւ հեռանկարի...

Նշմար.  Ֆրանսայի Եւ Թուրքիոյ Տարբերութիւնը

Նշմար. Ֆրանսայի Եւ Թուրքիոյ Տարբերութիւնը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան 48 անդամներ մեղադրուած են Ֆեթհուլլա Կիւլենի կազմակերպութեան հետ կապ ունենալու համար: Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ 30 յուլիսին արդէն կատարուած յայտարարութեան մը մէջ այդ կարելիութիւնը չէր բացառած` աւելցնելով, որ պետութեան այլ մարզերուն մէջ գործող կիւլենականներուն նման անոնք եւս պիտի հեռացուին: Ըստ 1 սեպտեմբերին Թուրքիոյ պետական պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուած...

Բաղրամեան Պողոտայի Անաւարտ Երգը

Փրոֆ. Սիրարփի Տէր Ներսէսեան (1896-1989). Հայագիտութեան Բազմավաստակ Ու Մեծարժէք Երախտաւորը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Հայագիտական մեծարժէք ժառանգութեան տէր` բազմավաստակ հեղինակութիւն է փրոֆեսէօր Սիրարփի Տէր Ներսէսեանը, որուն ծննդեան 120-ամեակը կը նշուի սեպտեմբեր 5-ին: Բանասէր ու պատմաբան, յատկապէս բիւզանդագիտութեան եւ հայկական մանրանկարչութեան խորիմաց հետազօտող` Սիրարփի Տէր Ներսէսեան գիտական իր ամբողջ ճանաչողութիւնը, կորովն ու աշխատանքը նուիրաբերեց հայ ժողովուրդի ուրոյն եւ հարուստ մշակոյթն ու արուեստը աշխարհին ծանօթացնելու` գիտական համակողմանի արժեւորման լոյսին բերելու ծառայութեան: Ինչպէս որ մեծարժէք...

Զրոյց Երեւանեան Մայթի Սրճարանին Մէջ

Զրոյց Երեւանեան Մայթի Սրճարանին Մէջ

ՄԱԿԱՐ Թոշակառուները արձակուրդի կը մեկնին, երբ յուլիսականները եւ օգոստոսականները վերադարձած կ’ըլլան: Սեպտեմբերին գացինք Հայաստան, աւելի ճիշդ` Երեւան, զբօսաշրջիկներու պէս: Կեդրոնականցին յաճախ կը յիշէ մեծ գրող մը, որ գրած էր մարգարէական խօսք մը, թէ` «մի քաղաքով ինչ երկիր, դու միաւորիր ամբողջը»: Այսօր` միաքաղաք Հայաստանի Երեւանը: Հայրենասէր զբօսաշրջիկներն ալ «երեւանասէր» են: Գորիս, Սիսիան, Տաթեւ, Հաղարծին լուսանկարի համար են: «Հայրենաբնակներ» գիտեն Երեւանը: Արմենակի...

Համակարգային Արմատական Փոփոխութեան Անհրաժեշտութիւնը

Ռիօ-2016 Եւ Մեր «Փոքր Ածու»-ն

Խ. ՏԷՐ-ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ռիօ-2016 Ողիմպիական ամառնային 31-րդ խաղերուն մասնակցած, մէկ ոսկի եւ երեք արծաթ մետալներով Հայաստան վերադարձած մարզիկները փառահեղ ընդունելութեան արժանացան «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ: Բոլոր անոնք, որոնք տեղւոյն վրայ, պատկերասփիւռով թէ համացանցի միջոցով կրցան հետեւիլ օգոստոս 27-ին հայրենի ախոյեանին եւ փոխախոյեաններուն ժողովրդային ընդունելութեան, իրենց զգացած յուզումին, բաւարարութեան եւ հպարտութեան ընդմէջէն վստահաբար ունեցան միեւնոյն մտածումը` արժանի են այդ փառք ու պատիւին եւ...

«Ակօս»-ի Արխիւից. Սուրբ Թէոդորոս Եկեղեցուց Մինչեւ Քուրշունլու Մզկիթ

«Ակօս»-ի Արխիւից. Սուրբ Թէոդորոս Եկեղեցուց Մինչեւ Քուրշունլու Մզկիթ

«Ակօս» թերթում լոյս տեսած յօդուածի շնորհիւ տեղափոխւում ենք Տիգրանակերտի Սուրիչիում վերջերս այրուած Քուրշունլու մզկիթի անցեալ: Սոյն յօդուածը պատկանում է լուսահոգի Սարգիս Սերոբեանի գրչին: Թէ Ինչպէ՛ս Սուրբ Թէոդորոս Եկեղեցին Դարձաւ Քուրշունլու Մզկիթ Որոշ պատմական կառոյցների վերափոխումները շատ բան են պատմում տեղի ունեցածի վերաբերեալ: Ասածիս վառ օրինակն է հանդիսանում Տիգրանակերտի Սուրբ Թէոդորոս եկեղեցու` Քուրշունլու անուամբ մզկիթի վերածուելու պատմութիւնը: 1950-ական թթ. Միացեալ Նահանգներում...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Յեղաշրջման Փորձէն Ետք Թուրք Մտաւորականը Համարձակօրէն Կը Խօսի Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման փորձէն երկու օր առաջ` յուլիս 13-ին, Պոլսոյ Սապանճի համալսարանի դասախօս Հալիլ Պերքթայ պատասխանեց Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Սպանիոյ մեծագոյն` «Էլ Փայիս» թերթին բարձրացուցած գրաւոր վեց հարցերուն: Սակայն, երբ «Էլ Փայիս» չհրապարակեց անոր պատասխանները, դոկտ. Պերքթայ որոշեց օգոստոս 15-ին իր հարցազրոյցը տեղադրել թրքական «Սերպեսթիյեթ» կայքին վրայ` «Ցեղասպանութիւնը եղած է եւ կը մնայ...

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի.  Արցախի Անկախութեան 25-Ամեայ Ճանապարհը

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Արցախի Անկախութեան 25-Ամեայ Ճանապարհը

  «Պայքարով պէտք է նուաճենք մեր ապրելու իրաւունքը» ԱՐԹՈՒՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆ ԼՂՀ Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նախագահ Պատմութեան ընթացքին, հայ ժողովուրդը, իր դիմագրաւած արհաւիրքներէն ետք, վերազարթնած ու կենսաւորուած է ապրելու ու պայքարելու նոր աւիւնով: Այդպէս է, որ ունեցած ենք մեր հաւատքի վէմ Աւարայրը, Դաւիթ Բէկի օրով օրհասական Մարաղան, Եղեռնէն ետք յառնող մայիս 28-ը, բռնութեան դէմ ծառացող փետրուար 18-ը եւ պատմական անարդարութեան դէմ...

Հիւսիսային Պողոտան

Արիւնով Շահուածը…

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Հայ ժողովուրդը փոքր ու մեծ բազմաթիւ յաղթանակներ արձանագրած է իր պատմութեան ընթացքին, սակայն երբ թուելու կ՛ելլենք զանոնք, կը յիշատակենք կարեւորագոյնները միայն, ինչպէս` Վարդանանց պատերազմը, Զէյթունի հերոսամարտը, ֆետայական ինքնապաշտպանական կռիւները, «Նեմեսիս»-ը, Սարդարապատի ճակատամարտը եւ Լեռնային Ղարաբաղի ազատագրութիւնն ու անկախութիւնը: Ազգերու համար յաղթանակները, փառքի պսակներ ըլլալու կողքին, են նաե՛ւ ազգին ազատ ու անկախ ապրելու ցանկութեան գրաւականներն ու խթանները. յիշենք Շահնուրի...

Մենք Այստեղ Ենք, Ամէն Մի Զինուորի Կողքին

Մենք Այստեղ Ենք, Ամէն Մի Զինուորի Կողքին

ԱՐՄԻՆԷ ՆԱՌԻՆԵԱՆ   Ապրիլեան քառօրեան հայկական իրականութեան մէջ շատ բան փոխեց. այն համայն հայութեան ուշադրութիւնը, անկախ մասնագիտութիւնից եւ ապրելու վայրից, սեւեռեց դէպի առաջնագիծ, ուր 18-20 տարեկան զինուորն ու իրենից ոչ այնքան տարիքով սպան որոշեցին համայն հայութեան, անկախ մասնագիտութիւնից եւ բնակութեան վայրից, ճակատագիրը` անկարելին անգամ կարելի դարձնելով: Զոհասեղանին ամենաթանկն էր` բազում մատաղ կեանքեր... Այսօր, 5 ամիս անց, ապրիլեան քառօրեան ու նրա...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Արցախը Մեր Արեւելեան Դարպասն Է (Իսկ Որեւէ Դարպաս Ամուր Կը Պահուի)

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Անցնող ապրիլ ամսուն, Թալիշի խրամատներէն մէկուն մէջ, հեռադիտակով ինծի ցոյց տուին դիմացը բլուրի մը վրայ գտնուող գիւղ մը, որուն ծայրը` կարմիր տանիքով տուն մը: «Դա Շահէն Մեղրեանի բնակարանն է», ըսին: «Դիմացը» ըսուածը Արցախի Շահումեան շրջանն էր, իսկ գիւղը` Շահէն Մեղրեանի ծննդավայր Գիւլիստանը: Շահումեանի շրջանը այսօր կը մնայ բռնագրաւուած` Ազրպէյճանի կողմէ: Արցախի անկախութեան հռչակումով, 25 տարի առաջ, հայութեան արդար...

Օսմանահայեր…

Բանակցային Գործընթացի Նախապայմանը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Արցախի անկախ պետականութեան 25-ամեակը վճռական հանգրուան մը պէտք է ըլլայ Արցախի հարցի կարգաւորման միջազգային բանակցութիւններու ապագայ ընթացքը ճշդելու տեսակէտէն: Այսօր հրապարակուած ՀՅ Դաշնակցութեան յայտարարութիւնը յստակօրէն կը սահմանէ կարգաւորման սկզբունքները եւ կը գծէ ճանապարհը, որմով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներու գլխաւորած բանակցային գործընթացը կրնայ յաջողութեամբ պսակուիլ եւ տարածաշրջանը առաջնորդել խաղաղ եւ արդիւնաւէտ համակեցութեան` ի շահ բոլոր շահագրգռուած կողմերուն: Եւ սակայն......

Յուզիչ Բերքի Տօն Այնճարի Մէջ, Կամ` Խնձորի, Դեղձի Եւ Սալորի Ողբերգութիւնը

Յուզիչ Բերքի Տօն Այնճարի Մէջ, Կամ` Խնձորի, Դեղձի Եւ Սալորի Ողբերգութիւնը

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Զարմացաք չէ՞. այս ի՞նչ տօն է, որ  յուզիչ է: Տօնը ուրախութեան եւ տրամադրութիւն բարձրացնող առիթ է, ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ յուզիչ է այս տօնը, եւ ի՞նչ կը նշանակէ  բերքի տօն: Կայ տակաւին աւելին. ողբերգութիւնը կրնայ առնչուիլ անձի մը, հաւաքականութեան մը եւ կամ ազգի մը, բայց զարմանալի է, որ վերի ակնարկութիւնը պտուղներու հետ կապ ունի: Ուրեմն անհրաժեշտ է յստակացնել...

Կրկին Լեզուական Հարցեր

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ Վերջին տարիներուն սկսած արեւմտահայերէնին տագնապը, որուն տուն տուած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի յայտարարութիւնը, թէ` «արեւմտահայերէնը մեռնող լեզուներու շարքին կը դասուի», կը շարունակուի` առանց հիմնական լուծումներու: Եթէ պահ մը նկատի առնենք ծախսուած հսկայ գումարները այս հարցին համար` համագումարներու, խորհրդաժողովներու թէ աշխատանոցներու, կրնանք պահ մը կենալ եւ մտածել. այո՛, մտածել, որովհետեւ, ըստ արդիւնքին, ոչ մէկ արդարացում կայ այսքան հսկայ մսխումներու համար: Ի՞նչ...

Արմատական Ձախի Վերելքը

Արմատական Ձախի Վերելքը

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Արդի արմատական ձախը ծնունդ առաւ 2003-ի Իրաքի պատերազմէն, 2008-ի համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամէն եւ 2011-ի Ֆոքոշիմայի հիւլէական կայանի պայթումէն ետք, որոնք բոլորն ալ բացասական հետեւանքներ ունեցան մարդկութեան համար: Մարդիկ տեսնելով աշխարհի անկայուն կացութիւնը, ընկերային անհաւասարութեան արագ աճը եւ կլիմայական փոփոխութիւնը` հարցականի տակ առին ժամանակակից տիրող երկու քաղաքական գաղափարախօսութիւնները` նոր-ազատականութիւնը եւ երրորդ ճամբան (ընկերվար-ժողովրդավարութեան որդեգրած կեդրոնամէտ դիրքորոշումը, որ ի զօրու...

Page 675 of 806 1 … 674 675 676 … 806

Արխիւներ