Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմատական Ձախի Վերելքը

Սեպտեմբեր 6, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Արդի արմատական ձախը ծնունդ առաւ 2003-ի Իրաքի պատերազմէն, 2008-ի համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամէն եւ 2011-ի Ֆոքոշիմայի հիւլէական կայանի պայթումէն ետք, որոնք բոլորն ալ բացասական հետեւանքներ ունեցան մարդկութեան համար: Մարդիկ տեսնելով աշխարհի անկայուն կացութիւնը, ընկերային անհաւասարութեան արագ աճը եւ կլիմայական փոփոխութիւնը` հարցականի տակ առին ժամանակակից տիրող երկու քաղաքական գաղափարախօսութիւնները` նոր-ազատականութիւնը եւ երրորդ ճամբան (ընկերվար-ժողովրդավարութեան որդեգրած կեդրոնամէտ դիրքորոշումը, որ ի զօրու չէր դիմադրել նոր-ազատականութեան բացասական փորձերուն):

Արմատական ձախի ծնունդին բուն պատճառը նոր-ազատականութիւնն է. նոր-ազատականութիւնն էր, որ շուկայացուց մարդկային բարիքները, անձնականացուց հանրային հարստութիւնները, սպաննեց մարդ անհատի արդար մրցակցային ոգին եւ ռազմականացուց քաղաքական հարցերը: Բոլոր այս խնդիրները պատճառ եղան աղքատութեան, անգործութեան եւ պատերազմներու. նոր-ազատականութիւնը յաջողեցաւ փոխել աշխարհը` դէպի աւելի վատը. կերտեց համաշխարհային համակարգ մը, որ հիմնուած եղաւ անարդարութեան վրայ: Ահա այստեղ շեշտուեցաւ  արմատական ձախին դերը` կերտելու համաշխարհային համակարգ մը, որ հիմնուած ըլլայ ընկերային արդարութեան վրայ: Եւ ահա այսպէս արմատական ձախը այլընտրանք դարձաւ թէ՛ նոր-ազատականութեան եւ թէ՛ երրորդ ճամբուն:

Արմատական Ձախի Օրակարգը

Այսօրուան արմատական ձախը շարունակութիւնն է աւանդական ընկերվարութեան` աշխատաւորութեան ազատագրութեան դատին եւ նոր ձախի` հաւասարութեան, խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան երթին: Առաջին անգամ որ «արմատական ձախ» եզրը լսենք, կը կարծենք, որ անիկա ծայրայեղական հոսանք մըն է, որ կը ձգտի վերականգնել նախկին համայնավար կարգերը: Բայց իրականութիւնը ճիշդ հակառակն է. արմատական ձախի էութիւնը հասկնալէ առաջ կարիքը ունինք հասկնալու եւ ըմբռնելու անոր ձգտումներն ու հիմքերը, հասկնալու, թէ անիկա ինչպիսի՛ օրակարգի վրայ կ՛աշխատի:

Արմատական ձախը կը ձգտի ստեղծել ընկերային-տնտեսական կարգերով արդար ու համերաշխ հասարակութիւն մը, ուր պետութեան բարիքները արդարութեամբ կը բաժնուին հասարակութեան բոլոր անդամներուն միջեւ` առանց սեռի, ազգային ծագումի կամ գոյնի խտրութեան. անիկա կը ձգտի այլընտրանք գտնել նոր-ազատականութեան անհատապաշտութեան` համագործակցութեան միջոցով, պատերազմներուն` քաղաքական հարցերը խաղաղ ճանապարհով լուծելու միջոցով եւ ծայրայեղութեան` բաց հասարակութեան մը կերտումով:

Արմատական ձախի գլխաւոր հիմքերն են` ժողովրդավարութիւնը, խաղաղութիւնը եւ ընկերային արդարութիւնը: Կարճ ձեւով պիտի բացատրեմ: Ժողովրդավարութիւնը միայն քաղաքական իմաստով չէ, այլ նաեւ` ընկերային եւ տնտեսական, այսինքն ժողովուրդն է տնտեսութեան անիւը յառաջ մղողը: Բոլոր քաղաքական հարցերը լուծել դիւանագիտական միջոցներով` խուսափելով պատերազմներէն: Ընկերային արդարութիւնը` բարեկեցիկ պետութիւն մը կերտել` բոլորին հաւասար կարելիութիւններ ընձեռելով:

Իսկ ինչպիսի՞ օրակարգի մը վրայ կը քալէ արմատական ձախը: Ան թէ՛ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ թէ՛ ալ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու մէջ կը գտնուի: Զարմանալի չէ, թէ ինչո՛ւ ներկայիս  արմատական ձախը յառաջխաղացք արձանագրած է Սպանիոյ, Փորթուգալի եւ Յունաստանի մէջ: Յիշուած բոլոր երկիրները փորձեցին տնտեսական ճգնաժամը լուծել նոր-ազատական միջոցներով, եւ այդ քայլը դիմաւորուեցաւ ժողովրդային բողոքներով: Ժողովուրդները այլեւս իրենց յոյսերը կտրեցին աւանդական համաշխարհային գաղափարական ուղղութիւններէն եւ դիմեցին այլընտրանքին: Պըռնի Սենտըրզի համակիրներու մեծ թիւը, Ճէյմս Քըրպընի ընտրուիլը` իբրեւ Բրիտանիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան նախագահ, եւ ամէնէն կարեւորը` Փորթուգալի մէջ ընկերվարականներու, համայնավարներու եւ արմատական ձախերու քաղաքական համագործակցութիւնը խորհրդանիշները դարձան ձախի վերականգնման: Պէտք չէ թերագնահատել արհեստաւորական, բնապահպանական եւ մարդու իրաւունքներու միութիւններուն մղած պայքարը` յանուն համաշխարհային անարդար համակարգի փոփոխութեան: Այս իմաստով ալ այսօր արդէն գրեթէ բոլորին ակնյայտ է ֆրանսացի բանուորներուն ծաւալած բողոքի շարժումը` ընդդէմ կառավարութեան որդեգրած աշխատանքային բարեփոխումներուն:

Արմատական Ձախը` Ընդդէմ Ծայրայեղ Աջին

Ծայրայեղ աջին նպատակն է հասարակութեան բաժանումը. անիկա հասարակութիւնը կը բաժնէ սեռերու, կրօններու եւ ցեղերու: Այսօրուան ծայրայեղ աջը երբեք չէ փոխուած 1930-ականներու ֆաշականութենէն: Անոր միակ նպատակն է տապալել ժողովրդավարական կարգերը եւ անոնց փոխարէն ստեղծել ռազմապաշտ, մոլեռանդ եւ աշխարհէն կղզիացած պետութիւններ, ուր իշխողը կ՛ըլլայ մէկ խմբակցութիւն` միւս խմբակցութեան հաշուոյն: Միայն ձախն է, որ կրնայ դէմ կանգնիլ ծայրայեղ աջի մութ տեսլականին` համախմբելով հասարակութեան բոլոր անդամներն ու համերաշխութիւն եւ վստահութիւն ներշնչելով բոլորին:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Ժողովուրդ»-ի. Հին Ընկերոջ Պէս

Յաջորդը

Կրկին Լեզուական Հարցեր

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?