Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Արցախի Անկախութեան 25-Ամեայ Ճանապարհը

Սեպտեմբեր 6, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

horizon_90616

«Պայքարով պէտք է նուաճենք մեր ապրելու իրաւունքը»

ԱՐԹՈՒՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆ
ԼՂՀ Գերագոյն Խորհուրդի
առաջին նախագահ

Պատմութեան ընթացքին, հայ ժողովուրդը, իր դիմագրաւած արհաւիրքներէն ետք, վերազարթնած ու կենսաւորուած է ապրելու ու պայքարելու նոր աւիւնով: Այդպէս է, որ ունեցած ենք մեր հաւատքի վէմ Աւարայրը, Դաւիթ Բէկի օրով օրհասական Մարաղան, Եղեռնէն ետք յառնող մայիս 28-ը, բռնութեան դէմ ծառացող փետրուար 18-ը եւ պատմական անարդարութեան դէմ յեղափոխականացած Արցախը:

25 տարի առաջ, երբ Արցախի գոյութեան կը սպառնար ազրպէյճանականի յարձակողապաշտ ու ջարդարար քաղաքականութիւնը, հայ ժողովուրդը, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, բռնցքացած` պատնէշ դարձաւ Արցախի դէմ թշնամական ոտնձգութեանց, ու այնուհետեւ, Արցախը դարձաւ Հայ դատի պայքարի ճակատային գիծը, վերածուեցաւ հայութեան գոյատեւելիութեան միջնաբերդին, որովհետեւ յստակ էր, որ Արցախի կորուստով ստոյգ վտանգի կը մատնուէր Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանագիծը:

Լինելութեան գուպարի ընթացքին տարաբնոյթ դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները Արցախի հայութիւնն ու իրեն զօրակցող համայն հայ ազգը դիմագրաւեցին միասնական ուժերով, ու ի վերջոյ, ազատագրելով պատմական Հայաստանի արեւելից կողմանց դարպասապահ Արցախը, ամրապնդեցին հայրենի սահմանները:

Այսօր, Արցախի ժողովուրդի 1988-ի փետրուարեան արդարացի պոռթկումն ու անոր յաջորդող հնգամեայ գոյամարտը, տուած են իրենց արգասիքը` ի գին բազում զոհողութիւններու ու հազարաւոր նուիրեալներու կեանքին: Ազատ ապրելու, իր ճակատագիրն ու ապագան ինքնուրոյն տնօրինելու Արցախի ժողովուրդի այդ ձեռքբերումը հայոց պատմութեան տոմարներուն մէջ արձանագրուած ամէնէն խիզախ նուաճումներէն է:

Եթէ քառորդ դար առաջ հաւատացինք Արցախի կանչին ու ամրօրէն փարեցանք զայն ազատագրելու տեսլականին, այսօր նոյն այդ կամքը ամուր ու անխախտ պահելով, պէտք է հաւատանք նաեւ ապագային կերտելիք մեր յաղթանակներուն: Ճիշդ այդ նոր յաղթանակներու սկզբնակէտը պէտք է նկատել այն կարեւոր իրադարձութիւնը, երբ վերջին տարիներուն Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի եւ Միացեալ Նահանգներու Ռոտ Այլընտի, Մասաչուսեցի եւ այլ նահանգներու օրէնսդիր մարմինները ճանչցան Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ իրենց երկիրներու դաշնակցային իշխանութիւններուն կոչ ուղղեցին նոյնպէս ճանչնալ ԼՂՀ անկախութիւնը: Այս ծիրէն ներս անժխտելի էր սփիւռքի դերակատարութիւնը, յատկապէս` վերոնշեալ երկիրներու մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերու քարոզչական անվկանդ ճիգն ու աշխատանքը:

1988-ի փետրուար 20-ին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի (ԼՂԻՄ) մարզխորհուրդի 20-րդ գումարման նստաշրջանը երկրի սահմանադրութեան համապատասխան որոշում ընդունեց ԼՂԻՄ-ը Ազրպէյճանի կազմէն դուրս բերելու եւ Հայաստանի կազմին մէջ ընդգրկելու մասին: Հաւատացած ենք, որ փետրուարեան նման օր մը ազատ ու անկախ Արցախի Հանրապետութիւնը կը միաձուլուի իր մայրենի հողին` Հայաստանի Հանրապետութեան:

25 տարի առաջ հայոց արեւելից կողմանց դարպասը հանդիսացող Արցախի ազատագրումը պատմական անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն էր: Հայութեան վիճակուած էր տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական քարտէսները արդարօրէն գծելու պատմական առիթը: Արցախի ազատագրումով տասնամեակներ շարունակ ձեւազեղծուած սահմանները կը վերադառնային պատմականօրէն ճշդուած իրենց հորիզոնականներուն:

Փա՜ռք հայ ժողովուրդի պաշտպան հայոց հզօր բանակին, փա՜ռք Արցախի անկախութեան կերտիչ անձնուէր հայ ազատամարտիկին եւ յաւե՛րժ փառք Արցախի պատնէշները անխորտակ պահող սահմանապահ հայ զինուորին:

Նախորդը

Արիւնով Շահուածը…

Յաջորդը

Յեղաշրջման Փորձէն Ետք Թուրք Մտաւորականը Համարձակօրէն Կը Խօսի Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?