ԱՐԱ ԱՐԾՐՈՒՆԻ
Սերունդները կը բնորոշուին ժամանակակից հեղինակութիւններով:
Յակոբ Կիւլոյեան իր սերունդին մաքրամաքուր խաւին պատկանող նուիրեալներէն էր:
Վաթսունչորս տարի առաջ:
1952: Թալապայա, Պեքաա: Ամառ: Կիրակի:
Երեք նորահաս քսանամեայ երիտասարդներ Շթորայի «Կազդուրման կայան»-ի երեխաները տարած են պտոյտի, Թալապայայի մայր ճամբուն մօտ գտնուող դաշտ մը` անոնց սորվեցնելու գիտելիքներ եւ ազգային երգեր:
Մանուկները կ՛երգեն:
Եւ յանկարծ մայր ճամբէն դաշտ մտնելով, հասուն երիտասարդ մը կը մօտենայ խումբին, կը հետաքրքրուի մանուկներով, կը յուզուի ու կը խօսի հիանալի յանպատրաստից ճառ մը, ազգայնակա՛ն ճառ: Ապա կը քաջալերէ մանուկները, բարեմաղթութիւններ կ՛ընէ երիտասարդներուն եւ կը պատրաստուի մեկնելու:
¬ Ձեր անո՞ւնը,- կը հարցնէ երիտասարդներէն մին:
¬ Անունը կարեւոր չէ,¬ կը պատասխանէ հասուն երիտասարդը ու կը մեկնի:
Անոր անունը Յակոբ Կիւլոյեան էր:
***
Ոչ ոք կը նմանէր Յակոբին: Ոչ ոքի կը նմանէր Յակոբը:
Ունէր բարի սիրտ, բիւրեղեայ հոգի, անբեկանելի կամք, նաեւ խստութիւն, որուն կը յաջորդէր ներողամտութիւնը: Իր զոհողութեան ոգին կը նմանէր հորիզոնին` անծայրածիր, անվերջանալի…
Ինք իր կեանքը հարստացուց մարդասիրութեամբ, հակառակ անոր որ բոլոր անհատներն ալ մարդ չեն: Ան իր կեանքը բիւրեղացուց ազգասիրութեամբ, հակառակ անոր որ բոլոր հայերը ազգայնական չեն: Ինք իր կեանքը պերճացուց գրականութեամբ ու արուեստով եւ չզլացաւ իր ասմունքը, իր խօսքը առատօրէն բաշխելու ազնիւին եւ անազնիւին` միշտ յուսալով, որ տեղ կը հասնի իր ճիգը:
Կը հաւատա՛ր: Կը յուսա՛ր:
Այնքան բարի էր, որ լիովին չէր ճանչնար չարը: Կը կարծէր, թէ ան չէր կրնար յաղթել Բարիին:
Իր յուզումը այնքան մեծ էր, որ չկրցաւ հանդիպիլ Երազներու Հայրենիքին:
* * *
Յակո՛բ, ընկե՛ր:
Քեզի համար կարելի չէ մահերգութիւն գրել, այլ միայն` կեանքերգութիւն:
Անզօր է մահը: Կեա՛նքն է ճշմարիտը:
Եւ դուն ամբողջ կեանքիդ ընթացքին վեհութեամբ շալկեցիր մարդկութեան եւ հայութեան ծանր Հողը, արդ, վստահ եմ, կեանքի հաւատաւո՛ր անցորդ, թէ քու վրադ շատ թեթեւ պիտի գայ մահուան անիմաստ հողը…:
Ինքնայատուկ էիր:
Արդեօք օր մը պիտի տեսնե՞նք նմանակդ…:
16 հոկտեմբեր 2016