Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Թափանցիկ Ներդրումի Տեսլականը

Հոկտեմբեր 17, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

khemp-hairenik_101716

Այնքան ատեն որ ներդրող մը, օտար թէ տեղացի, վստահ ու քաջատեղեակ է, որ իր սեփականութեան իրաւունքը երաշխաւորուած ու պաշտպանուած է Հայաստանի մէջ եւ ունի բացարձակ պաշտպանութիւն, այդ պարագային բնական է, որ մեծաքանակ հոսք պիտի կատարուի Հայաստանի տնտեսական կեանքին մէջ:

Այս խիստ անհրաժեշտ եւ այժմէական նիւթին շուրջ «Հայաստան. ներդրումային համաժողով»-ին մասնակցեցաւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Նիւ Եորքի մէջ եւ խօսք առաւ` «Հայաստանը` իբրեւ դարպաս դէպի մեծ շուկաներ» ենթագլուխը կրող օրակարգին մէջ:

Ան ներկայացուց 25-ամեայ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական եւ քաղաքական առաջնահերթութիւններն ու արձանագրուած ձեռքբերումները:

Այս նիւթին մասին անդրադառնալն ու մելան հոսեցնելը կրնայ խլել էջեր: Նիւթ մը, որուն կիրարկումը շատ աւելի կարեւոր է, քան` մատնանշումը: Այսպէս, ներդրումային հեզասահ հոսանք մը ստեղծելու համար պէտք է իրագործել հանրային իշխանութեան եւ գործառնութեան միատեղումը բացառող կանոնները, պետական սեփականութեան կառավարման որակի եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացումը, անօրինական գործունէութեան բացառումը, առանձնացնել իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքի լիարժէք գործադրութիւնը, համագործակցական ընկերային պատասխանատուութեան համակարգի ստեղծումը, սեփականութեան իրաւունքի եւ ներդրումներու պաշտպանութեան ծրագրի մշակումն ու գործադրումը, խնայողութիւններու ձեւաւորման խթանումը, նոր ներդրումներու ներգրաւումը եւ աշխատատեղերու ստեղծումը, տարածքային համաչափ եւ կայուն զարգացման ծրագիրներու իրականացումը, հարկային քաղաքականութեան վերանայումը, տարածքներու համաչափ զարգացման խթանումը եւ անշուշտ` Հայաստանի միջազգային հեղինակութեան բարձրացումը, հայկական սփիւռքի դերի եւ մասնակցութեան մշակումը… դեռ շարքը կարելի է երկարել:

Այսպէս, այս գիտաժողովի ծիրին մէջ կազմակերպուած տասը լիագումար նիստերուն ընթացքին Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչներ տեղեկութիւններ տրամադրեցին հանքարդիւնաբերութեան, երթեւեկութեան, դեղագործութեան, գիւղատնտեսութեան, հեռահաղորդակցութեան, զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ Հայաստանի առաջարկած նորարարական կարելիութիւններուն մասին: Նաեւ` ներկայացուեցաւ ընդհանուր տեսլական մը` նոր արտաքին ներդրումներու ներգրաւման, Հայաստանի մէջ արտադրուող ապրանքներուն եւ ծառայութիւններուն համար նոր շուկաներ եւ ուղղութիւններ գտնելու, պիւտճէական միջոցներու սպառման արդիւնքը մեծցնելու եւ այլ խնդիրներու վերաբերեալ:

Այլ կարեւոր հաստատում մը, որ Հայաստանի ներկայացուցիչներէն աւելի նոյնինքն նախագահ Սարգսեանը շեշտեց, այն էր, թէ ներդրողներուն կը թելադրուի Հայաստանի կարելիութիւնները օգտագործել իբրեւ դարպաս դէպի տարածաշրջանի հիմնական շուկաներ:

Հուսկ, տեղին է անգամ մը եւս կրկնել, թէ ներդրումի ալիք մը ստեղծելու համար նաեւ կարեւոր են Հայաստանի մէջ մրցակցային հաւասար պայմաններու ստեղծումը, ազատօրէն եւ թափանցիկ գործելաձեւով, հաւասար վերաբերմունքն ու պայմանները: Այսպէս է, որ կրնայ ճիշդ ուղղութեամբ ընթանալ Հայաստանի տնտեսական քաղաքականութիւնը:

Նախորդը

Տեսակէտ. Թուղթ Առ Իշխանաց Հայոց

Յաջորդը

Երեւան Քաղաքի Բանալիները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?