Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսքի Ազատութիւն, «Հայտ Փարք» Եւ Օփերայի Բակ

October 19, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

opera_101916

Մակար

Շատերու պէս, Արմենակ Կեդրոնականցին, Էլպիսը, Մակարուհին եւ ես կը ճեմէինք` օրօրուելով Երեւանի Օփերայի հրապարակին վրայ եւ շուրջ: Հիւսիսայէն պողոտայէն եկող, դարձող, հոսող ժողովուրդին մէջ էինք:

– Աշունը աւետող աշնան երեկոյ է, թէեւ` դեռ ամառնային ցերեկ մը,- ըսաւ Արմենակ:

Օփերայի շուրջի պուրակներէն կը բարձրանար երգի եւ նուագի բարձրախօսային աղմուկ:

Օփերայի գլխաւոր մուտքի աստիճաններուն վրայ դրուած էին ելեկտրական նուագարաններ եւ բարձրախօսներու սարքեր: Նստարաններու վրայ հանգչող մարդիկ, այրեր եւ կիներ, նաեւ մանրատիպ ինքնաշարժով խաղցող մանուկներ, աւելի մեծեր հեծիկներու վրայ կրկէսային խաղերով կը դառնային եւ կը լսէին, կամ չէին լսեր խլացնող աղմուկը:

Երբ արեւի վերջին շողերը անհետացան, երգ-երաժշտութիւնը իր տեղը տուաւ գոռացող խօսքի:

Արմենակ կանգ առաւ, մեզի ալ ըսաւ, որ լսենք:

– Քիչ առաջ երգ էր, լաւ էր, շաբաթավերջի աշխատանքէ յոգնած մատուցուող անվճար հաճոյք: Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ յանկարծ մեզ պատանդ կը բռնեն եւ կը ստիպեն հանրաժողովի ներկայ ըլլալու պէս քաղաքական կրակ ժայթքող գոռացող ճառ լսել:

Չէի լսած, թէ ի՛նչ կ’ըսուէր: Արմենակ շարունակեց.

– Լսէ՛: Կը պահանջեն նախագահի եւ անոր  աշխատակազմի հեռացումը: Հիանալի է խօսքի ազատութիւնը, թէեւ ողջախոհութիւնը պէտք է թելադրէ այդ ազատութեան պահը եւ վայրը:

– Լա՛ւ է, Արմենա՛կ, խօսքի ազատութենէ եօթանասուն տարի զրկուելէ ետք, թող քիչ մըն ալ չափազանցեն,- ըսի իմ կարգիս:

– Սիրելի՛ս, ճիշդ կը խօսիս,- ըսաւ Արմենակ,- բայց ինչպէ՞ս կ’ուզեն համոզել այս հանգստացող եւ անտարբեր թափառողները, որոնք չեն եկած զիրենք լսելու: Լսեցի՞ր` ի՛նչ ըսին: Հեռաւոր գիւղի մը մէջ քաղաքապետ պիտի ընտրեն: Կոչ ըրին անոր քուէարկելու: Սա գլխիկոր քալողներուն եւ կչկչացող կիներուն մէջ այդ գիւղէն մէկ հոգի կա՞յ: Գոռալով` ո՞ր հաւանական քուէարկողը կ’ուզեն համոզել:

Ճառախօսը կը շարունակէր պոռչտալ:

Էլպիսին եւ Մակարուհիին հարցուցի.

– Բան մը կը լսէ՞ք, բան մը հասկցա՞ք:

Միաբերան պատասխանեցին կարճ եւ կտրուկ.

– Ի՞նչ բան:

– Եթէ գոռացող քաղաքական գործիչները իմանային ըսուած «ի՞նչ բանը», կը սորվէին, թէ ո՛ր մուրճով ո՞ր մեխին գլխուն պիտի զարնէին,- փիլիսոփայեց Արմենակ:

Իմ կարգիս ըսի.

– Ի՞նչ կ’ուզես, որ ընեն: Երբ փոքրիկ երկրին մէջ տասնեակներով իրենց անկարեւոր կարեւորութեան հաւատացող կուսակցութիւններ կան, խօսափողի առթած երջանկութեամբ կախարդուած ճառախօսը պիտի հաւատացնէ, նոյնիսկ երբ ինք չի հաւատար, որ հեռաւոր գիւղի մը քաղաքապետի ընտրութիւնը պատճառ կրնայ ըլլալ նախագահի եւ անոր վարչախումբի հեռացման:

Հառաչելով` Արմենակ եզրակացուց.

– Լա՛ւ է, ոչ ոքէ ետ ենք: Լոնտոնը իր «Հայտ փարք»-ը ունի, ուր վարչապետ եւ կառավարութիւն կարելի է քննադատել, մենք ալ ունինք մեր Օփերայի հրապարակը: Այս անգամ առաջին չենք, բայց գէթ ետ չենք:

Ինչպէս հրապարակի թափառողները չէին լսեր ըսուածը, Արմենակի եւ Մակարիս կոմփիւկոսեան խօսքերը պիտի չլսեն ճառախօսները:

11 սեպտեմբեր 2016, Երեւան

Նախորդը

Սլաք. Նահանջը Երգով

Յաջորդը

Հայաստանին Ստիպում Են Դուրս Գալ ՀԱՊԿ-ից

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.