Անդրադարձ

Ակնարկ.  Համաձայնեցուած  Յայտարարութիւններու Տրամաբանութիւնը

Ակնարկ. Համաձայնեցուած Յայտարարութիւններու Տրամաբանութիւնը

  Ասթանայի բանակցութիւններու նախօրեակին Սուրիոյ կառավարական պատուիրակութիւնը գլխաւորող` ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն դեսպան Պաշշար Ժաաֆարիի յայտարարութիւնը լուսարձակներ կը խլէ. ըստ Ժաաֆարիի, «Թուրքիան Սուրիոյ գերիշխանութիւնը ոտնահարող, ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն աջակցող եւ խաղաղ լուծումը արգելակող պետութիւն մըն է, հետեւաբար անոր հետ երկխօսութիւն պիտի չկատարենք»: ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն դեսպանին, այսինքն` պաշտօնական Դամասկոսին նախապայմանային այս մօտեցումը բաւական կարծր է եւ բացարձակ: Դիւանագէտներու օգտագործած բառապաշարին...

Հայ Դատի Բնագաւառին Մէջ Պէտք Է Շարունակել Յառաջխաղացքը

Հայ Դատի Բնագաւառին Մէջ Պէտք Է Շարունակել Յառաջխաղացքը

  Ստորեւ կը ներկայացնենք Մոնրէալի մէջ կայացած ՀՅԴ 126-ամեակի հանդիսութեան ընթացքին ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանին խօսքը: Ուրախ եմ, որ այսօր մեզի հետ կը կիսէք մեր տօնը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան տարեդարձը, որովհետեւ ան նաեւ ձեր տօնն է, համայն հայ ժողովուրդին տօնն է. քանզի արդի եւ ժամանակակից հայոց պատմութիւնը կարեւոր չափով միահիւսուած է Դաշնակցութեան 126-ամեայ երթի ելեւէջներուն, թռիչքներուն, խարխափումներուն,...

Յիշեցնող, Ամբողջացնող, Յատկացնող

Յիշեցնող, Ամբողջացնող, Յատկացնող

ՌՈՊԵՐ ՔՈՓԹԱՇ Դիւրին չէ, մանաւանդ` այդ անիծեալ օրուան ճնշող ցաւով, տասը տարի անց յաւակնիլ բաներ մը ըսելու Հրանդ Տինքի մասին, որուն մասին, կը թուի, թէ ա՛լ ամէն ինչ ըսուած է: Յամենայն դէպս իր գործին մասին անգամ մը եւս խորհրդածելու առիթը կարեւոր է յիշեցնելու համար այն զօրաւոր ազդեցութիւնը, զոր, նոյնիսկ ծանրագոյն պայմաններու տակ, մանաւանդ երկրի ներկայի գնացքին ու կացութեան մէջ, երկխօսութեան,...

Լրագրողների Լռեցման Աւանդոյթը Թուրքիայում  (Հասան Ֆեհմիից Մինչեւ Հրանդ Տինք)*

Լրագրողների Լռեցման Աւանդոյթը Թուրքիայում (Հասան Ֆեհմիից Մինչեւ Հրանդ Տինք)*

ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆ Թուրքագէտ, պատմական գիտութիւնների թեկնածու Վերջին 100 տարուայ ընթացքում 60-ից աւել լրագրող է սպանութեան միջոցով լռեցուել Թուրքիայում: Ուշագրաւ է, որ եթէ առաջին 70 տարում նրանցից սպաննուել են միայն 15-ը, ապա վերջին 30 տարում այդ թիւը մեծ աճ է գրանցել. Թուրքիայում սպաննուել է 46 լրագրող: Այս թւում ընդգրկուած չեն ազատազրկման միջոցով լռեցուածները, ինչպէս նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ նահատակուած արեւմտահայ մամուլի...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Քաղաքականացում` Հայապահպանումի Փոխարէն

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Ստիպուած ենք այս հին (բայց` օրին լուծուած) վէճին անգամ մը եւս անդրադառնալու` իբրեւ ամբողջական թղթածրարի: Սփիւռքը ապրող, կենսունակ եւ յարափոփոխ է իր իրագործումներով եւ ձախողութիւններով: Անիկա ապրող օրկանիզմ մըն է իր առողջ ու «հիւանդ» յատկանիշներով: Նաեւ տրուած ըլլալով, որ սփիւռքը զերծ չէ համաշխարհային եւ հայաստանեան զոյգ թատերաբեմերու զարգացումներէն, անիկա կ՛ազդուի այդ բոլոր փոփոխութիւններէն, որոնք տեղի կ՛ունենան թէ՛ Հայաստանի,...

Բանտեղբայրութիւն

Բանտեղբայրութիւն

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ Լսած ըլլալու էք անպայման, Սուրիոյ եւ Իրաքի սահմանէն ետք, երկրի իշխանութիւնները որոշած են պատ մը կառուցել նաեւ Իրանի ու Հայաստանի սահմանին: Դարաշրջան մը, որ սահմաններն իսկ անընդունելի կը գտնէ ու կ’ուզէ մոռնալ երկաթեայ վարագոյրները, վերստին վկան պիտի դառնայ կրաձոյլ պատերու կառուցումին: Դոյզն յոյսը, զոր ունէին ոմանք Հայաստան Թուրքիա սահմանի վերաբացման համար, պիտի ճզմուի անխուսափելիօրէն այդ պատին հիմերուն տակ:...

Հայաստանի Դեսպանը ԵԱՀԿ Մնայուն Խորհուրդին Մէջ Յիշատակած Է Տինքի Սպանութեան Տասնամեակը

Հայաստանի Դեսպանը ԵԱՀԿ Մնայուն Խորհուրդին Մէջ Յիշատակած Է Տինքի Սպանութեան Տասնամեակը

ԵԱՀԿ Մնայուն խորհուրդի 1128-րդ նիստին ԵԱՀԿ-ի մէջ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Արման Կիրակոսեան կատարած է յայտարարութիւն մը` նուիրուած «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր, ականաւոր լրագրող եւ մտաւորական Հրանդ Տինքի սպանութեան տասնամեակին: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, թէ դեսպանը ընդգծած է, որ Հայաստանի առաքելութեան կողմէ տարիներ շարունակ այդ հարցը պարբերաբար բարձրացուած է, իսկ թրքական...

Յուշերու Շարքէն. Mr. Stretch-ը

ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ 12 նոյեմբեր, 1966 ՄԿՀ ուսուցիչներու ֆութպոլի խումբը Նստած, ձախէն աջ` Տէյվիտ Քրուք, Ապտալլա Էլլերիան, Սարգիս Համպոյեան, Խրիստակիս Էֆթիմիու եւ Միհրան Ճիզմեճեան Ոտքի, ձախէն աջ` Մարգար Սարաֆեան, Վարդան Թաշճեան, Տերեք Թէյլըր, տնօրէն Ասատուր Պետեան, Նազարէթ Պոյաճեան, Թովմըս Սթրեչ եւ Տիգրան Միսիրեան Մամուլի էջերէն եւ կամ յուշագրութիւններու ընդմէջէն շատ բան կարդացած ենք Մելգոնեանի հայ ուսուցիչներուն մասին: Նոյնը կարելի չէ ըսել,...

Ժիրայր-Վահէ Մալճեանի «Անդրդուելին»

Ժիրայր-Վահէ Մալճեանի «Անդրդուելին»

ԴՈԿՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ** Երբ Մարդ Սիրոյ Խորհուրդին Մէջ Է ... Ինչպէս կ՛ըսեն` իրադարձութիւնները չեն կրնար չպատահիլ, թերեւս ճակատագիր ըսուածին կը վերաբերի սա հանգամանքը, իսկ եթէ հայու ճակատագրին, ապա ճակատագրուած է մեր ժողովուրդի կեանքը, անոր ոգորումները` երկու հատուածներու պատմութեան ու պատմական զարգացումներու ընդմէջ: Ժիրայր-Վահէ Մալճեան վէպ գրած է` «Անդրդուելին» ու վստահաբար կը հաւատայ, որ ինքն ալ իբրեւ պարզ հայ մը` ներքաշուած...

Արձագանգ.  Թաքնուած Հայերը    Եւ Թուրքին  Անթաքոյց  Սարսափը

Նշմար. Տխուր Զուգահեռներ

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ        - Երկրի մը բարձրագոյն պաշտօնին հասնողը իրեն տրուած լիազօրութիւններով գործելէ ետք, ընդհանրապէս կը նկատուի իր ժամանակին մէջ առաքելութիւնը կատարած ու աւարտած քաղաքական գործիչ ե՛ւ ինքն իրեն, ե՛ւ հասարակութեան համար: Այս տեսակէտէն բարացուցական է  պարագան Ու. Չըրչիլի, որ իբրեւ Անգլիոյ ատենի վարչապետը`  Բ. Աշխարհամարտի մեծ յաղթականը, իր երկրին ու ամբողջ Եւրոպայի փրկիչը համարուելէ ետքն իսկ, պատերազմէն յետոյ չկրցաւ վերընտրուիլ,...

Նամակ Երկրէն.  Երկիրը Երկի՛ր Է

Նամակ Երկրէն. Ընդամէն Կամք Է Պէտք (2)

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Եւ այսպէս, Նոր տարուան արձակուրդներուն յաջորդած աշխատանքային առաջին օրը, իմ նախկին աշխատակից Վլադին ընկերակցութեամբ, քշեցինք դէպի ինքնաշարժներու գրանցման կեդրոն: Ճանապարհին Վլադին բացատրեցի անհանգստութեանս պատճառը: Տարիներ առաջ, երբ առաջին ինքնաշարժս գրանցելու գացեր էի, խայտառակ կացութեան մատնուած էի: Զիս ուղարկած էին մէկ սենեակէն միւսը, յետոյ դիմումնագրեր, «տեխնիկական զննումներ»` այլ թաղամասի մը մէջ, պետական մուծումներ` մէկ այլ թաղամասի մէջ: Յետոյ հրմշտուք`...

Պէյրութը, Հալէպը Եւ Երեւանի Մէջ «Հնչող Քննադատութիւնը»

Սուրիոյ Պատերազմ. Ասթանա` Աւարտին Սկի՞զբը, Թէ՞ Չաւարտող Սկիզբ Մը

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 12 յունուարին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարութեան խօսնակը յայտարարեց, որ սուրիական տագնապի լուծման նպատակով բանակցութիւններու նոր փուլը տեղի պիտի ունենայ 23 Յունուարին, Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ: Նախաձեռնութիւնը արդիւնք էր Հալէպի ճակատամարտին պետական ուժերու յաղթանակին` քաղաքի արեւելեան թաղամասերէն հակապետական ուժերու հեռացումով եւ 22 դեկտեմբեր 2016-ին յայտարարուած զինադուլով: Բանակցութիւններու փուլը Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան եռակողմանի նախաձեռնութիւն է: Երեք մրցակից ուժեր, որոնց շահերը Սուրիոյ...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Ռուս-Ամերիկեան Յարաբերութիւններու Բարելաւումը Կրնայ Շահաւէտ Ըլլալ Հայաստանի Համար

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Անցեալ տարուան նոյեմբերին ամերիկացիները ընտրեցին նախագահի առաւել անհաւանական թեկնածուն` Տանըլտ Թրամփը: Ան ձեր պատկերացուցած քաղաքական գործիչը չէ: Իբրեւ յաջողակ եւ յայտնի գործարար` ան սովոր է յանպատրաստի ելոյթներ ունենալ եւ հաւանութիւն չտալ որեւէ յստակ ուղղութեան: Հաշուի առնելով Թրամփի նախագահութեան հակասական բնոյթը` կտրուկ փոփոխութիւններու կրնան ենթարկուիլ ներքին եւ արտաքին յարաբերութիւնները: Նախագահ Թրամփ արդէն վերանայած...

Հաղորդագրութիւն Թիւ – 18 –

Ամանորի` 2017 յունուարի առաջին օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը պաշտօնական եւ հովապետական այցելութիւն կատարեց Սուրիա, ի մասնաւորի` Հալէպ: Հալէպի մէջ վեհափառ հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինին հետ, ուր աշխատանքային ընդհանուր իրավիճակի հանգամանալի քննարկումէ ետք, Աստուածայայտնութեան տօնի յետմիջօրէին, Հալէպէն հրապարակեց «Դէպի վերականգնում» կոչը: Վեհափառ հայրապետին հրապարակած կոչին թելադրութեամբ առաջնորդուելով` ՍՇՕՎՄ-ը Նոր տարուան առաջին իր...

Ալ Պապ` Ցեղասպանութեան Ընթացքին Դէպի Անապատ Բացուող Դուռը

Ալ Պապ` Ցեղասպանութեան Ընթացքին Դէպի Անապատ Բացուող Դուռը

ԽԱՉԻԿ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ Սուրիոյ պատերազմին եւ տարածաշրջանին մէջ տիրող վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ երկար ժամանակէ ի վեր Ալ Պապը հասարակութեան ուշադրութեան կիզակէտը կը հանդիսանայ: Իսկ 1915 թուականին տուն-տեղէ զրկուած հայերուն համար Ալ Պապը, բառին բուն իմաստով, մահուան կայարան էր: Նիու Եորքի  Քոլոմպիա համալսարանի դասախօս, հետազօտող Խաչիկ Մուրատեան «Ակօս» թերթին մէջ հրատարակած է հատուած մը իր յօդուածէն, որ կը պատրաստուի տպագրութեան: Ստորեւ...

Այս Ոճիրը Իրագործողը Պետութի՛ւնն Է

Այս Ոճիրը Իրագործողը Պետութի՛ւնն Է

ՌԱՔԵԼ ՏԻՆՔ Հրանդ Տինքի սպանութեան տասնամեակին առիթով «Ակօս»-ի խմբագրատան առջեւ յունուար 19-ին կայացած գլխաւոր ձեռնարկին Հրանդին կինը` Ռաքել Տինք, ունեցաւ ելոյթ մը, որ ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ: Տասը տարի. ըսելը դիւրին է. ճի՛շդ 10 տարի: Առանց քեզի` բնա՛ւ դիւրին չէ: Սիրելիիդ մօտ չըլլալը, մանաւանդ նենգ ծրագիրով քեզ ինձմէ խլելը աւելի՛ ցաւ կը պատճառէ: Հիմա ես ի՞նչ ըսեմ անոնց, որոնք քսան...

Ուրացող Պետութիւնը

Ոճրագործ Պետութիւնը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ Համոզուած եմ, որ աշխարհի բոլոր պետութիւնները օժտուած են մարդասպանութեան, ոճրագործութեան յատկութեամբ: Իւրաքանչիւր պետական համակարգ, բացի պատերազմներ հռչակելէն ու մահապատիժներ վճռելէն, ունի մարդասպանութեան զարտուղի եղանակներ կամ միջոցներ: Ունի այդ առումով աշխատելու համար պատրաստուած կազմեր: Ամենաժողովրդավարականէն մինչեւ ամենաբռնակալը, բոլո՛ր վարչակազմերը կարիքը զգացած պահուն կը պաշտօնակոչեն այդ կազմերը: Ուրեմն, բոլոր պետութիւնները ոճրագործ յատկութիւն մը ունենալով հանդերձ, խիստ սակաւաթիւ են «ոճրագործ պետութիւն»...

Չեմ Հաւատար, Որ Այրեցին Կաղանդ Պապաս

Չեմ Հաւատար, Որ Այրեցին Կաղանդ Պապաս

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ Գիտեմ, որ ամէնուն Կաղանդ պապան եկաւ ու գնաց: Գիտեմ, որ կաղանդ պապան իմս չէ, բոլորիս Կաղանդ պապան է, եւ եթէ բոլորիսն է, ուրեմն իմս է, մեր Կաղանդ պապան է, բայց գիտէ՞ք, թէ չարագործները, ի՛նչ ըրին Նիսի ծովափի Անգլիացիներու զբօսուղիին Promenade Des Anglais-ին կեցած բարձրահասակ Կաղանդ պապային: Ըսեմ: Նախանցեալ տարի ես չափէն աւելի շատ նկարեցի Կաղանդ պապաս,...

Պատառիկներ Տիրան Աղազարեանի Մասին

Պատառիկներ Տիրան Աղազարեանի Մասին

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Մարդ արարածի յիշողութիւնը տարօրինակ «գործիք» մըն է. կը կարծես, որ տասնամեակներ առաջ հոն արձանագրուած դէպք մը, ծանօթութիւն մը անդարձ կորսուած են, սակայն առօրեայիդ մէջ պատահար մը պատճառ կ՛ըլլայ, որ քանի մը ակնթարթի մէջ անտեսանելի փոշիի խաւը վերնայ, եւ ահա կեանքէդ շարք մը մանրամասնութիւններ կը շարուին մտապատկերիդ մէջ, իսկ եթէ հարցը վերաբերի անձի մը հետ ծանօթութեանդ, ուղեղիդ ոսպնեակը կրնայ...

Հայ Լեզուի Արթուն Պահակին` Տիրան Մ. Աղազարեանի Յիշատակին

Հայ Լեզուի Արթուն Պահակին` Տիրան Մ. Աղազարեանի Յիշատակին

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Լիբանանահայ մամուլի վաղուան պատմագիրը երախտագիտութեամբ պիտի յիշէ Տիրան Մ. Աղազարեանը, որ աւելի քան 35 տարի հայ մամուլը հարստացուց իր խաչբառներով, պահուած բառերով եւ ժամանցի այլազան խաղերով: Պարոն Տիրանը, ինչպէս որ կը սիրէր կոչուիլ ան, եզակի երեւոյթ էր մեր կեանքին մէջ: Դժուար թէ գտնուի մէկը, որ այսօր հայ մամուլին հանդէպ այնքան երկիւղածութիւն եւ գուրգուրանք ունենայ, որքան որ ան ունեցաւ:...

Page 646 of 806 1 … 645 646 647 … 806

Արխիւներ