ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Արդէ՞ն… Ուրեմն հարկ է շնորհաւորել «ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ»-ին տարեդարձը: Սակայն, նախքան շնորհաւորանք ու դրուատիքի ազնիւ խօսք, հարկաւոր է բարձրաձայնել այն, ինչ որ ապրեցանք, ինչ որ տեսանք` նախքան «ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ»: Արդարեւ, արդար ըլլալու համար պիտի ըսենք ամենայն պարզութեամբ, որ սփիւռքահայ պայմաններու մէջ, Հայաստանի «Հ1» կայանէն ներս երբ չկար «ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ», մենք լռելեայն ու տխուր թախիծով (հայկական հարազատ երգերու բացակայութեան պատճառով) կ՛ապրէինք ձեւով մը «վէրք ու խոց»… Բայց երբ սկիզբ առաւ ու եթեր բարձրացաւ «ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ»-ը… մեր հոգիներուն մէջ սկիզբ առաւ հրեղէն ապրում, «կրակ ու բոց»…
Այլ խօսքով, անոր ծննդոցը եղաւ բարի ու օգտաշատ, որ հեզասահօրէն մտաւ իւրաքանչիւր սփիւռքահայու տունէն ներս` իրեն հետ բերելով հայ երգի ու երաժշտութեան նոր բոյր ու սէր, կարօտ ու պչրանք, բնականաբար յայտագիրը դիտող իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ ցանելու համար հայրենասիրական վառ կրակ:
Հոս կ՛ուզեմ բարձրաձայնել հետեւեալը. շնորհիւ «ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ»-ի խիզախ ու յաջող հաղորդավար Խորէն Լեւոնեանին ու անոր անմիջական գործակիցներուն` «Հ1»-ը դարձաւ փնտռուած կայան, ուրկէ ամէն կիրակի երեկոյ կը հնչէր հայերէն զուլալ երգը` բարձրացնելով արուեստի ու երաժշտութեան կարօտ մեր ճաշակները: Պիտի աւելցնեմ, որ շնորհիւ մեր երեկոները զարդարող ու երանգաւորող սոյն յայտագրին` եօթը տարի շարունակ մենք ոչ միայն ունկնդրեցինք դասականն ու ժողովրդայինը, աշուղականն ու հոգեւոր երաժշտութիւնը, այլ նաեւ` միաժամանակ ծանօթացանք մեր տաղանդաւոր երաժիշտներուն ու հայ երգի լաւագոյն մեկնաբաններուն, այլ նաեւ` ազգային արժէք ներկայացնող տօներու առթիւ հնչած ու բարձրացած, եւ հպարտութիւն առթող եզակի ձեռնարկներուն, մնայուն ընկերակցութեամբ` բեմը հարստացնող փունջ մը արհեստավարժ փորձառու երաժիշտներու:
Արդարեւ, եօթը տարիներէ ի վեր շարունակուող ու հոգիներ ազնուացնող հայ երգի յաղթական տարեդարձին առիթով իրապէս կ՛արժէ՛ շնորհաւորել «ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ»-ի նուիրեալ անձնակազմը, անոր յայտնի ու անյայտ զինուորագրեալները, որոնք ամէն կիրակի ձեռնհասօրէն մեզի կը հրամցնեն ՀԱՅԱԲՈՅՐ, ՀԱՅԱՇՈՒՆՉ եւ ՀԱՅԱՀՈՒՆՉ յայտագիր` մեզ առնչելով հայ երգին ու հայ երգարուեստին հետ, ինչպէս նաեւ` մեր հայրենիքին ու մեր ժառանգութեան հետ, մերթ ընդ մերթ մեզ առաջնորդելով պատմութեան խորքերը` շնչելու համար ազգային տոհմիկ բարքեր:
Եզրակացնելով իմ շնորհաւորանքը` յաջողութիւն, բարի երթ ու անխափան եթեր պիտի մաղթեմ «ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ»-ին, անոր հանդիսավար Խորէն Լեւոնեանին, հաւատալով միաժամանակ, որ ան պիտի շարունակէ իր ազգօգուտ առաքելութիւնը, օրէ օր աւելի հարստացնելով իր յայտագիրները` միաժամանակ բարձրացնելու, զարգացնելու ու քաղցրացնելու համար մեր ճաշակները: «ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ»-ը, իր հեզասահ ու խանդավառ մուտքով հայ տուներէն ներս, որպէս նոր տեսակի կռունկ, ազատ ու հայօրէն կը թեւածէ մեր երդիքներուն տակ, ջերմութեա՛մբ կը փայփայէ մեր հայրենակարօտ հոգիները եւ իւրաքանչիւր ակնդիրի ու ունկնդիրի հոգիին մէջ կը կերտէ Հայաստան մը` յուշելով անցեալէն մնացած քաղցր նախադասութեան մը արձագանգը` «ԵՐԵՒԱՆՆ Է ԽՕՍՈՒՄ»… Այո՛, «Երեւանն է խօսում» մեր երակներուն մէջ` շնորհիւ «ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ»-ին:
Թող որ ճախրէ՛ «ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ»-ը ու թեւածէ՛ յաղթականօրէն մեր երդիքներէն, առօրեայէն ու կարօտաբաղձ հոգիներէն ներս` որպէս փնտռուած ու յարգուած ներկայութիւն, որպէս հայապահպանման նոր զէնք ու վահան` ձուլումի ու այլասերութեան դէմ: