Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Յոռեգոյն հայրենասիրութիւնը զբօսաշրջութեան մէջ թաղուելու գոհունակութիւնն է, որուն բեմերն են` Երեւանի ճաշարանները, Տաթեւի վանք տանող ճոպանուղին, մօտակայ Թիֆլիսը, Սեւանը եւ ամէն օր սիրտ ցաւցնող գերի Արարատի պատկերը հորիզոնին վրայ:
Երթալ Մասիս, երթալ Երեւանի մաս կազմող Չարբախ, կամ Արարատեան դաշտի բանաստեղծական անուններով գիւղերը: Հոն է, որ կը լսէք պատմութեան արձագանգները, ոչ միայն Սարդարապատի յուշարձանի զանգերը: Ականջ դրէք հողին, ականջ տուէք հովին եւ ինչե՜ր կը լսէք: Հայոց պատմութիւնը հոն գրուած է եւ հոն պիտի գրուի, ոչ` մեծ ոստանի վաճառատուներուն եւ զուարճութեան վայրերուն մէջ: Մայրաքաղաքներ: Մշակուած արտեր: Ճամբու եզրին լոլիկ, դեղձ, խաղող, ձմերուկ, ընկոյզ, հոն վաճառող հայ գիւղացիներ:
Այս գինովցնող տպաւորութիւնները այդքան են միայն, մոռցուելու դատապարտուած լուսանկարներու պէս, որոնք անհոգի յիշատակներ պիտի ըլլան: Եթէ ճշմարիտ հայրենասէր ենք, պէտք է գիտնանք անջատուիլ Արարատեան դաշտը հատող ճանապարհէն, եզերել գիւղերը, կանգ առնել ճամբու վրայ յուլօրէն կանգնած հորթի մը դիմաց, որ ի վերջոյ կը բարեհաճի թոյլ տալ, որ ինքնաշարժը յառաջանայ: Գիւղեր` Մրգաշատ, Բամբակաշատ, Ջրաշէն… Տուներ` կիսաքանդ, կողքին` գեղակառոյց առանձնատուներ, ցանկապատուած ընդարձակ կանաչ այգիներ, յամեցող ամրան շոգին տակ հեւացող արտեր:
Հայաստանը Արարատեան դաշտն է: Այսպէս է հայրենակարօտ զբօսաշրջիկի աչքի խրախճանքը, երբ կը դադրի հայաշխարհը զբօսաշրջիկի աչքով դիտելէ:
Բայց այդ գիւղերը սոսկ յուզիչ համայնապատկեր չեն, անոնք տուն են, ուր կ՛ապրին մարդիկ, արտ են` ուր գիւղացիները հողը կը մշակեն, կը հնձեն, կը քաղեն, որպէսզի ապրին իրենք տէր մնալով հողին` ապրեցնեն հայրենիքը: Քաղաքներու գռիհներէն հեռու` բնութեան արժէքին ծարաւ հայրենասէր զբօսաշրջիկը, երբ կը հրէ Մրգաշատի գիւղացիի տան կիսաբաց դուռը, մոռցուած թրիքի հոտը զինք կը բերէ բնութեան մէջ:
Եթէ քաղաքաբնակի մեր հանգիստը խռովէինք, յետմիջօրէ մը նստէինք հինցած, բայց մաքուր աթոռներներուն եւ զրուցէինք գիւղացիին հետ, այր եւ կին, շատ աւելի բան կ՛իմանայինք, քան ինչ որ կ՛ըսեն Հայաստանի եւ սփիւռքներու թերթերը, ձայնասփիւռները, հեռատեսիլի կայանները:
Հոս ոչ ոք պիտի խօսի հազար հոգիով ճաշկերոյթի, Վրաստանի ծովափ երթալով հանգստանալու, Լոս այցելութիւններու եւ մեկնումներու, գերմանական մակնիշով ինքնաշարժներու մասին: Ֆրանսացին, երբ կը խօսի մայրաքաղաքէն հեռու գտնուող գիւղերու եւ աւաններու մասին, կ՛ըսէ` la France profonde, այսինքն խառնարան քաղաքներու ազդեցութենէն զերծ հարազատ հեռու աշխարհը: Այդպէս են նաեւ մեր փոքրիկ երկրի մայրաքաղաքէն քարընկէց մը հեռու գիւղերը եւ շէները:
Զբօսաշրջիկը պիտի մտմտայ եւ խօսի տեսնելիք եւ տեսած վայրերու մասին, իսկ գիւղացին կը խօսի իր չորցած եւ բերք չտուած կեռասենիներուն եւ չաճած լոլիկներուն մասին, քանի որ ջուր չեն տուած, երբ ճամբուն վրայ տեսած էինք հեկտարներու տարածութեամբ ցանկապատուած, խնամուած եւ կանաչ այգիներ: Ջուր չեն տուածի հակասութիւնն իսկ: Արդէն աշուն է, եւ գիւղացին բերք չէ ունեցած, որ ծախէ եւ ապահովէ իր տունը տաքցնելու համար անհրաժեշտ վառելիքը, քանի մը հարիւր տոլար: Այս մէ՞կն ալ պիտի ստիպուի վաճառել իր արտը, ինչպէս` Մասիսի գիւղացին, որ 2000 քառակուսի մեթրի համար կ՛ակնկալէր միայն 8000 տոլար եւ գնող չէր գտներ:
Կը լսէի: Ռունգերովս կ՛ապրէի պահը: Հարթ տարածութեան մը վրայ փռուած էին մուգ գինեգոյն ծոթրինի խուրձերը` չորնալու համար, մեղմացնելով ճնշող անզօրութեան լռութիւնը: Ինչո՞ւ ջուր տրուած է մեծ այգիներուն, որոնց տէրերը գիւղացի չեն երբեմն հայրենաբնակ ալ չեն, եւ չորնալու դապարտած են գիւղացիին արտը եւ կեռասենիները:
Ի՞նչ կը կշռեն չաճած լոլիկները եւ չորցած կեռասենիները` բաղդատած տօնախմբութիւններու, ճառերու, շքանշաններու տուչութեան… Ի՞նչ կը կարծէք, որ պիտի ընէ գիւղացին, եթէ քանի մը հարիւր տոլար չճարէ ձմրան ցուրտին դէմ պաշտպանելու համար իր զաւակները, կինը, ինքզինք: Թերեւս պիտի հրաժարի հողին տէր ըլլալու առաքինութենէն, պիտի լքէ զայն ու երթայ Մոսկուա` ճամբաները սալայատակելու, կամ ինք ալ ցուցանակ մը պիտի դնէ իր տան եւ արտին վրայ գրելով` «Վաճառւում է»…
Եթէ Հայաստան եկող բազմահազար «հայրենասէր» զբօսաշրջիկները երթային գիւղերը եւ հոն առանց ճաշկերոյթի եւ օղիի հայրենասիրութիւն խաղային, եթէ խորհրդաժողովներու նիստերէն մէկը կամ երկուքը գումարէին Բամբակաշատի, Մրգաշատի կամ Ջրաշէնի քաղաքապետարանի առջեւ գտնուող տարածութեան վրայ, ինչե՜ր կրնային փոխուիլ: Առնուազն մանրուքներով խանդավառուելու փոխարէն` կը ճանչնային Երկիրը, որուն առջեւ կը սիրենք դնել հռետորական «ՄԵՐ»-ը…
Արդէն կ՛անձրեւէ: Գիւղացին ջուր պիտի ունենայ, բայց` ի զուր:
Հիմա պիտի գայ ձմեռը, ինք վառելիք պիտի չունենայ:
Բայց Երեւանի մէջ պիտի կառուցուին երկնաքերներ, որոնք կարծէք պիտի մրցին Մանհաթընի հետ…
Ինչպէ՞ս պիտի լսուի գիւղացին…
Ո՞վ պիտի լսէ Մրգաշատի, Բամբակաշատի, Ջրաշէնի անզօր գիւղացին:
Որո՞ւ դուռը պիտի թակէ` առանց ռազմավարութեան եւ մարտավարութեան բանգիտական ճառ խօսելու:
Եթէ փակէ իր տան դուռը եւ երթայ, ո՞վ տէր պիտի ըլլայ մեր պատմութեան եւ ազգի կենսատու Արարատեան դաշտին…
Որո՞ւ ի՛նչ պիտի յիշեցնեն Սարդարապատի զանգերը…
Հարցումները առանց խօսափողի եւ հրավառութիւններու կանչեր են:
Ի՞նչ կ՛ըսեն անոնք:
Ի՞նչ կը լսենք:
Լսողներ կա՞ն:
3 հոկտեմբեր 2017, Երեւան