Անդրադարձ

Սիրվարդ Գարամանուկ (1912-2008)

Սիրվարդ Գարամանուկ (1912-2008)

ԳՐԻԳՈՐ ԱԼՈԶԵԱՆ Երաժիշտ, դաշնակահար, մանկավարժ: Պոլսոյ երաժշտանոցի դաշնակի եւ երաժշտական տեսութեան դասընթացքները բացառիկ յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, անձնական դասերով իր ուսումը շարունակած է եւ 1940 թուականէն սկսեալ սկսած է իր ստեղծագործական կեանքը` յօրինումներ կատարելով դաշնակի, երգի եւ երգչախումբի համար: Սիրվարդ Գարամանուկի նախնիները Սկիւտար քաղաքամասի վերաբնակուած կեսարացի հայեր էին: 1912 թուականին Բարսեղ եւ Տիգրանուհի Գալփաքեաններու ընտանիքի կրտսեր զաւակը կ՛ըլլայ Սիրվարդը: Ապագայ երգահանի...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Ռան Թորոսեան Վարձուած Է Թուրքիոյ Ի Նպաստ «Փի. Ար. »-ի Համար. Արդեօք Ան Իսկապէս Հա՞յ Է

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Medium.com կայքին վրայ տեղադրուած Լուիզ Նոյի երկու յօդուածները կը բացայայտեն, որ Ռան Թորոսեան պայմանագիր կնքած է` ներկայացնելու Թուրքիան, ըլլալով անոր «Փի.Ար» (PR-public relations) գործակալը: Թորոսեան Նիւ Եորքի 5W հանրային կապերու ընկերութեան նախագահն է: Արդարադատութեան նախարարութեան արձանագրութիւնները ցոյց կու տան, որ Թորոսեան նշեալ պայմանագիրը կնքած է 25 մայիս 2017-ին: Անոր ընկերութիւնը կը ստանայ...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դէպի Ո՞ւր, Հա՛յ Ժողովուրդ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դէպի Ո՞ւր, Հա՛յ Ժողովուրդ

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ «Սփիւռք-հայրենիք» վեհաժողովի գումարման երկու ամիսը բոլորեցինք, եւ ահա նստած գրասեղանիս առջեւ` կը փորձեմ վերլուծել ժողովին արդիւնքները: Սփիւռք-հայրենիք վեհաժողովը հաւանաբար իրականացումն էր համահայկական իմաստով միասնաբար աշխատելու երազին: Հայաստանի վսեմաշուք նախագահ Սերժ Սարգսեանի հովանաւորութեամբ եւ զոյգ կաթողիկոսներու` Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ օրհնութեամբ, նաեւ` բազմաթիւ ընտիր մտաւորական դասախօսներու ներկայութեամբ ժողովը քննարկեց տարբեր հրատապ հարցեր:...

Սփիւռքահայ Հայաստանցին

Սփիւռքահայ Գրողը Ի Պատուի

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Ես Ուշի գիւղին ո՛չ անունը լսած էի, ո՛չ ալ տեղը գիտէի, սակայն բարեդէպ առիթով մը ծանօթացայ Աշտարակի շրջանի այս գողտրիկ գիւղին, երբ հրաւէր ստացայ ներկայ գտնուելու ֆրանսաբնակ հանգուցեալ գրող Մովսէս Պչաքճեանի ամբողջական գործերու շնորհահանդէսին, շաբաթ, 28 հոկտեմբերին: Զիս հրաւիրողը «Հայաստան» հրատարակչատան հետ երեկոն կազմակերպող, նախկին քանատահայ գրող եւ կրթական մշակ Մարգար Շարապխանեանն էր, որ Քանատան եւ այնտեղի իր...

Դաշնակցական Պատասխանատու Ընկեր Արա Տէմիրճեանի Կենսագրականը

Տարի Մը Առանց Արայի *

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Տարի մը կ՛ընէ արդէն, որ Արա Տէմիրճեանը իր ընտանիքի հարազատներուն եւ մեր մօտ չէ: Այս ներկայ վայրկեանը անոնցմէ է թերեւս, որոնց ինք պիտի ուզէր ներկայ ըլլալ. ո՛չ անպայման  լսելու համար, թէ իր մասին ի՛նչ կը խօսուի. այլ ընդհակառակն, որպէսզի իր ներկայութեան մարդ չհամարձակի իր մասին խօսելու: Խօսքով արտայայտուող գովասանքը մանաւանդ` իրեն համար արհամարհելի էր, նոյնիսկ եթէ անկեղծ խօսքերու...

ՀՅԴ-ի Գաղափարաբանութեան Հիմունքներն Ու Այլ Հասկացութեանց Խորհուրդներն Ու Պատգամները Դաշնակցականներու Մօտ

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Թուրքիոյ Նորաստեղծ Ցեղապաշտական Եւ Ազգայնական «Լաւ Կուսակցութիւն»-ը (Iyi Parti)

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Թուրքիոյ քաղաքական հոլովոյթը անհրաժեշտ է լաւ կարդալ, յատկապէս` անոր քաղաքական կուսակցութիւններու ծագումը, սկզբունքները, նպատակներն ու աշխատանքային գործընթացը: Միւս կողմէ` պատմական կարեւորութեան համար անհրաժեշտ է ընդգծել, որ ազգայնամոլական տրամադրութիւնները եւ հակումները միշտ ալ լայն տարածում ունեցած են թրքական հասարակութեան մէջ: Առ այդ, Oսմանեան կայսրութեան բռնի թրքացման քաղաքականութիւնը որդեգրուած է նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ: Այս իսկ պատճառով է, որ Թուրքիոյ...

Բեմադրիչ, Դերասան Դաւիթ Յակոբեանի Ծննդեան 60-ամեակը

Բեմադրիչ, Դերասան Դաւիթ Յակոբեանի Ծննդեան 60-ամեակը

Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքը ընդհանրապէս եւ «Գասպար Իփէկեան»-ի վարչութիւնը մասնաւորապէս մեծ համարում եւ յարգանք ունին Դաւիթ  Յակոբեանի թատերական վաստակին: Հայաստանի անկախութենէն ետք, երբ Հայաստան-սփիւռք մշակութային գործակցութիւնը նոր ծաւալ առած էր, անկախ արուեստագէտներու, խումբերու եւ մտաւորականներու այցելութիւններէն Համազգայինը Լիբանանի մէջ իր գործող «Լեւոն Շանթ» կեդրոնով նոր թափ ու որակ տուաւ իր գեղարուեստի դպրոցներու մակարդակին` Լիբանան հրաւիրելով խումբ մը արուեստագէտներ` երաժշտական, պարային, թատերական...

Մայրենիին Նահատակութիւնը` 100-Ամեակէն Ետք Ալ

Ծննդեան 120-րդ Եւ Նահատակութեան 80-րդ Տարեդարձներուն Առիթով. Չարենց` Հայրենի Ձեռքի Գգուանքով Իմաստուն Դարձած Բանաստեղծը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Երգած ենք ու կը շարունակենք երգել. «Երազ տեսայ, Սայաթ Նովէն մօտս եկաւ սազը ձեռին...» «Լուսամփոփի պէս աղջիկ, Աստուածամօր աչերով...» Իսկ աւելի յաճախ` «Ես իմ անուշ Հայաստանի արեւահամ բառն եմ սիրում», բանաստեղծութիւն մը, որ վերջին տարիներուն երգչախմբային նոր ու սքանչելի մշակումի արժանացաւ մեր ժամանակակից մեծերէն Տիգրան Մանսուրեանի կողմէ: Հայաստանի համն ու բոյրը հաղորդող, մեր մշակոյթի տիտաններուն ու Արարատին անգերազանցելի...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Գրողի Անկիւն. Ապրի՛ս, Տէր Պապ…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Խաղողօրհնենքի կիրակին էր: Օ՛հ, ներեցէ՛ք: Սխալեցայ: Կողակիցս դարձեալ զիս սրբագրեց: Պէտք էր, որ ըսէի «Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի» տօն, չորրորդ տաղաւար... եւ պէտք էր, որ անպայման եկեղեցի երթայինք: Չեմ դժկամիր: Եկեղեցի կ՛երթամ հոգիիս աղաղակին պատասխանելու: Չէ՞ որ ես ալ քահանայի թոռ եմ եղած: Տակաւին հաւատքը պահած է գիտակցութիւնս: Այդ մէկը զգալի է: Միւս կողմէ, սակայն, ամբողջ շաբաթը սենեակիս պատուհանէն...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Նոյեմբեր Գ. –   Անկիւնադարձային Ժողով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Նոյեմբեր Գ. – Անկիւնադարձային Ժողով

Սուրիական պատերազմը հրահրողները եւ շրջանը քրիստոնեաներէ պարպելու միտող դաւադրական ծրագիրները անկասկած նկատի պիտի չառնէին քրիստոնեաներուն դարարմատ ներկայութիւնը, անոնց շինիչ դերակատարութիւնը եւ յատկապէս ունեցած ներդրումը Միջին Արեւելքի քաղաքակրթութեան մէջ: Ընդհակառակը` անոնց նպատակն էր քայքայել տարածաշրջանը, ջնջել քրիստոնեաներուն հետքը ու սրել համայնքային լարուածութիւնները` անտեսելով այնտեղ դարարմատ ներկայութիւն ունեցող ցեղերուն, ազգերուն գոյապայքարն ու մշակոյթը: Պատերազմի առաջին օրերէն հայ համայնքին դիրքորոշումն ու գաղութին կառչած...

Դաշնակցական Պատասխանատու Ընկեր Արա Տէմիրճեանի Կենսագրականը

Կեանք Մը, Որ Ամբողջական Նուիրում Եղաւ (Ընկ. Արա Տեմիրճեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով)

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Քիչեր գիտէին, թէ այս «խոժոռ» դիմագիծով ընկերոջ հոգիին մէջ որքա՛ն ընկերական ջերմութիւն կար: Աւելի քիչեր գիտեն, թէ որքա՛ն նուիրում ու հաւատարմութիւն կար իր անձին մէջ: Հաւատարմութիւն` հայութեան շահերուն նկատմամբ, նուիրում` կազմակերպական-դաշնակցական սկզբունքներն ու որոշումները իրական կեանքի վերածելու ուղղութեամբ: Իրեն ծանօթացած եմ ԼԵՄ-ի հիմնադրութեան օրերուն. բայց` միայն ծանօթացած: Որքան գիտեմ, Արա Տեմիրճեան առնչուած էր առաջին Կեդրոնական վարչութեան, թերեւս ալ...

Իտալական Պատկերասփռումներ` Լիբանանահայութեան Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

«Մետիասեթ կրուփ»-ը «Էքս. սթայլ» պատկերասփիւռի ծրագիրին ընդմէջէն ներկայացուցած է տեղեկատւութիւն մը Լիբանանի եւ անոր մայրաքաղաքին մասին` լայն տեղ յատկացընելով հայութեան վերաբերող բաժինին: Իտալացի լրագրողներ Թիզիանա Քափրիոնի եւ Ռաֆայէլա Պիանչի Լիբանան ժամանեցին եւ նիւթեր հաւաքեցին այս ծրագիրին համար: «Մետիասեթ կրուփ»-ի ներկայացուցիչները ծրագրած են 24 ապրիլին  Հայոց ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական աշխատանք մը պատրաստել տրուած ըլլալով, որ տարիներէ ի վեր իտալական ամէնէն կարեւոր...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական Անդրադարձ. Ի՞նչ Պիտի Ըլլան Վարչապետ Հարիրիի Յաջորդ Քայլերը Լիբանանի Մէջ

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ Լիբանանցիներուն համար յանկարծակի եւ անհաւատալի էր վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը նոյեմբեր 4-ին: Շատեր ըսին, որ վարչապետը արգելափակուած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ, ուրիշներ ըսին, որ ան ստիպուած էր հրաժարիլ. չեմ ուզեր մտնել դաւադրութեան տեսութեան մէջ եւ գուշակութիւններ ընել, սակայն կան որոշ հարցադրումներ, զորս պէտք է բարձրացնել եւ քննարկել: Հարիրիի հրաժարականի նամակին մէջ գործածուած ոճը երբեք չէր նմաներ մեր գիտցած...

Անդրադարձ.  Առյաւէտ Կորսնցուցինք Արեւմտահայերէնի Պահապաններէն Տիրան Աղազարեանը

Տարուան Մը Հեռաւորութենէն

Հ. ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ Ուղիղ տարի մը առաջ մեր կեանքին հրաժեշտ կու տար համակուսակցական կազմակերպական մեր կեանքի վերջին աւելի քան երեսուն տարիներու բանալի տարրերէն` Արա Տեմիրճեանը, բոլորիս համար կարճ ըսած` ընկեր Արան: Օրին, մահուան առիթով , դաշնակցական մամուլին մէջ բաւական բան գրուեցաւ անոր պատասխանատու բազմակողմանի պարտականութեանց հարուստ կենսագրականին մասին: Եւ որովհետեւ անոր խուփ, լուռ եւ խորհրդապահ պահուածքն ու նկարագիրը, ինչպէս նաեւ իր...

«Ժողովուրդի Թշնամին» Թատրերգութենէն Դուրս

«Ժողովուրդի Թշնամին» Թատրերգութենէն Դուրս

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Դէպքը կը պատահի Նորվեկիոյ մէջ, 1880-ականներուն... ո՛չ, ո՛չ, դէպքը կը պատահի Լիբանան, 2017 թուականին... ո՜չ... Դէպքը կը պատահի ամէն օր, ամէն վայրկեան, բոլոր ժամանակներուն եւ տեղանքներուն... Արդարեւ, այս անգամ դէպքը միայն թատրերգութեան մէջ ընդգրկուած նիւթը չէ, այլ Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին բեմ բարձրացած աշխատանքն է նաեւ: Կը խօսիմ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին ներկայացուցած «Ժողովուրդի թշնամին» թատրերգութեան մասին:...

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ.  Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի «Մեր Հողային  Պահանջատիրութիւնը Միջազգային Հանրային  Իրաւունքին Մէջ» Գիրքի Շնորհահանդէս

Տեսակէտ-Անդրադարձ. Վենեզուելայի Նախընթացը Եւ «Համազգային Խորհուրդ»-ի Խնդիրը

«Ազդակ»-ի մէջ տարբեր կարծիքներու տեղ տալու սկզբունքին հետեւելով` ստորեւ տեղ կու տանք նաեւ մեթր Գասպար Տէրտէրեանի սոյն կարծիքին, որ անդրադարձ է մեր երկու աշխատակիցներու` Նաթան Պետրոսեանի եւ Կարօ Արմէնեանի ստորագրած գաղափարական բնոյթի երկու յօդուածներու: Սակայն խմբագրութեան կողմէ անհրաժեշտ կը տեսնենք կատարել հետեւեալ կարճ մատնանշումները, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի հեղինակին կողմէ Նաթան Պետրոսեանի յօդուածին կատարուած անդրադարձին: Ի սկզբանէ ընկերվարական իմաստով մէկ...

Կարդալով Յարութիւն Թորոսեանի «Անկարելի Սէր» Յուշագրական Սիրավէպը

Կարդալով Յարութիւն Թորոսեանի «Անկարելի Սէր» Յուշագրական Սիրավէպը

ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Ամէն անգամ որ մտնեմ «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, պահ մը կանգ կ՛առնեմ պատէն կախուած Յարութիւն Թորոսեանի կտաւին առջեւ: Հոն գտնուող խմբագիրները վարժուած են արդէն, որ անպայման հիացումս պիտի արտայայտեմ, եւ մտիկ կ՛ընեն առաջին անգամ լսած ըլլալու ներողամիտ ժպիտով: Քանի մը օր առաջ գեղանկարը տեղը չէր: Պարզուեցաւ, որ պատին նորոգութեան պատճառով ան վար առնուած էր: Առիթ եղաւ կարդալու ետեւի գրութիւնը` «Փողոցի...

Վանայ Լիճին Յատակը Ուրարտական Ամրոց Կը Յայտնաբերուի

Վանայ Լիճին Յատակը Ուրարտական Ամրոց Կը Յայտնաբերուի

«ՍՓՈՒԹՆԻՔ ԱՐՄԷՆԻԱ».-Հայկական հին լեռնաշխարհի մարգարիտին` Վանայ լիճին յատակը վերջերս յայտնաբերուած էր ամրոց մը, որ ամենայն հաւանականութեամբ կը պատկանի ուրարտական ժամանակաշրջանին: Պատմական ամրոցը ունի մօտաւորապէս 3000 տարուան պատմութիւն: 6000 տարուան պատմութիւն ունեցող Վանայ լիճին մակարդակը պատմական որոշ ժամանակաշրջանի մը բաւական իջած է, եւ մարդիկ հոն կառուցած են զանազան շինութիւններ: Աւելի ուշ, երբ ջուրին մակարդակը դարձեալ բարձրացած է, բնակչութիւնը ետ քաշուած է,...

Երկու Խօսք

«Ժողովուրդի Թշնամին»

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ 2017-2018 թատերական տարեշրջանի բացումը կատարեց Համազգայինի «Գասպար Իփեկեան» թատերախումբը` բեմադրութեամբ Սուրէն Խտըշեանի Հենրիք Իբսենի «Ժողովուրդի թշնամին» թատերախաղով` թարգմանութեամբ Լեւոն Շանթի: Մեր օրերուն, երբ բոլոր արժեչափերը խախտած են, եւ մարդիկ ժողովրդավարութեան եւ հանդուրժողութեան անունով աղէտներ կը գործեն, նման ներկայացում մը հանդիսատեսին հրամցնելը կրկնակի արժէք ունի: Պէտք է ըսել, որ վերջին տարիներուն Համազգայինի «Գասպար Իփեկեան» թատերախումբի վարչութեան երիտասարդ տարբեր բեմադրիչներով...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Ո՛չ, Երազ Չէ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ո՛չ, Երազ Չէ

ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ Դարերէ ի վեր հայը կ՛երազէր ունենալ ազատ հայրենիք մը, կը պաշտէր հողը, ուր կ՛ուզէր ապրիլ խաղաղ, շինել, ստեղծել եւ ոչ ոքի ենթարկուիլ: Ահա հայուն էութիւնը` Հայկ նահապետէն ի վեր: Բայց բախտը միշտ դաւաճանած է իրեն ու բաժինը հանած` ցաւ ու լաց, քանդում եւ սպանութիւն. սրտին մէջ կարօտ կեանքին` միշտ երազելով, թէ ե՛րբ ազգին զաւակները մէկ ուժ ու մէկ...

Page 579 of 806 1 … 578 579 580 … 806

Արխիւներ