Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յունուար Ա. – 2018 Տարին Կը Բացուի Նոր Լարուածութեան Սրումով
Հակառակ սուրիական տագնապի համեմատական մեղմացման` Նոր տարին տարածաշրջանին մէջ նոր լարուածութեան սրումով բացուեցաւ: Սուրիոյ մէջ զինեալ բախումները մեծ համեմատութեամբ նուազեցան, սակայն արտաքին ազդակներու վերացումը տակաւին կը յամենայ: Միացեալ Նահանգներու տարածաշրջանէն ներս իրենց նուազագոյն շահերը ապահովելու համար կը շարունակեն օգտագործել քրտական գործօնը, իսկ Թուրքիա` Իտլիպի իր լծակները: Իրանի մէջ զարգացող դէպքերը եւս իրենց անդրադարձը պիտի ունենան տարածաշրջանին վրայ, յատկապէս նկատի ունենալով...


















