Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Խոստումներ

Յունուար 11, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Նոր տարի, նոր խոստում, նոր երազ: Նոր տարուան սկիզբը այն ժամանակաշրջանն է, երբ ընդհանրապէս մարդիկ վերանորոգման հոգեվիճակով ուռճացած` կը փորձեն թօթափել այս կամ այն ժխտական սովորութիւնները եւ խոստումներու տարափով մը կը փորձեն գօտեպնդուիլ եւ դիմաւորել Նոր տարին: Զուրկ որեւէ կրօնական դրդումէ կամ իմաստէ` այս արարքը ամբողջովին զգացական է:

Նոր երազ, վերանորոգում, վերածնունդ բառերը անկասկած դրական երանգ կը պարունակեն իրենց մէջ: Անոնք կը նկարագրեն անգամ մը նոր շունչով, նոր հայեացքով, նոր հոգեվիճակով տոգորուիլ եւ խոյանալ դէպի նշանակուած թիրախը:

Ինծի համար, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ հայասէր ազգակիցներու համար, այս Նոր տարուան, ինչպէս նաեւ անցեալ եւ յառաջիկայ նոր տարիներուն երազս եւ նոր խոստումս պիտի մնան նոյնը, որն է` առաւել ու առաւել ծառայել ազգին ու հայրենիքին: Արդեօք աւելի մեծ հաճոյք կա՞յ ծառայութենէն բխած հոգեկան գոհունակութենէն: Զարմանալի է. երբ կը խօսիմ ազգիս ծառայութեան մասին, իսկոյն կը տեղափոխուիմ հոգեկան այն ոլորտներ, ուր դիմացս կը պարզուի ազգերու գերերջանիկ ապագայի տեսարանը: Մտքիս մէջ դրոշմուած է Ռուբէն փաշայի խօսքը, որ կ՛ըսէ. «Տուէ՛ք ինծի մէկ ողջմիտ ազգանուէր սերունդ, ձեզ կ՛ապահովեմ ազգերու մէջ արեւին տակ գեղեցիկ տեղ»: Այո՛, այսօր Ցեղասպանութենէն ետք մեր մեծ հայրերը գաղթակայանները վերածեցին ամրոցներու, եւ մենք անկասկած ունեցանք հրաշալի, ինչո՞ւ չէ, կախարդական թռիչք մը, վերելք մը: Բայց այսօր դառնահամ իրականութիւնը այն է, որ ակներեւ վտանգը հեռացած նկատելով` մենք կը գտնուինք մարդկային, հոգեկան եւ ազգային արժէքներու գահավիժման առջեւ:

Չեմ գիտեր` ինչո՛ւ միտքս կու գան Գարեգին Նժդեհը եւ անոր «Ցեղակրօն ուխտեր»-ը. Ա՜խ, որքա՜ն կը տոչորիմ անոր անուանի կարօտէն: «Ցեղակրօն ուխտեր», ուր հայը հայուն անշահախնդիր կերպով կը ծառայէ, հայը հայուն անշահախնդիր կերպով կը պաշտպանէ, ուր հայութիւնը ամէն բանէ վեր է:

Անցեալին կար ժամանակ մը, ու մենք ապրեցանք այն օրերը, որ հայը օգնէր իր ազգակից եղբօր, հայը իր տան դուռը միշտ բաց կը պահէր իր ազգակիցին առջեւ, բայց կարծես թէ որքան «քաղքենի» կը դառնանք, այդքան ալ կը բարդանանք եւ կը մոռնանք մեր արեան կանչը, կը մոռնանք կտակը մեր նահատակներուն:

Մեր ժողովուրդը, աւելի քան երբեք, կարիքը ունի հաւատքի վերանորոգումի, կամքի պրկումի եւ ազգային գիտակցութեան վերազարթօնքին: Անկասկած արդիւնաշատ ծառայութիւնը կ՛ենթադրէ բարոյական առողջ վարքագիծ, պատասխանատուութեան խոր զգացում ու յարատեւ, անխոտոր ու անսայթաք աշխատանք: Այս է Նոր տարուան իմ խոստումս ու երազս. ա՛յս պէտք է ըլլայ մեր երազը` ծառայել անշահախնդիր կերպով մեր ազգին` ըլլալով պատասխանատու եւ համարատու ապագայ սերունդին առջեւ:

 

 

Նախորդը

Նոր Հրատարակութիւն` «Արեւագալի Եւ Հսկումի Երգեր»

Յաջորդը

Խմբագրական «Յուսաբեր»-ի. Կենդանի Կը Պահենք Մեր Յոյսը

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?