Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Յուսաբեր»-ի. Կենդանի Կը Պահենք Մեր Յոյսը

Յունուար 11, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդէն սպառեցինք 2017-ը ու շուտով պիտի անցնինք նորին` 2018-ին: Եւ հաշուի առնելով, որ աշխարհն արագօրէն կը փոխուի, որ` այսօր խաղաղ անկիւն մը կրնայ վաղը ալեկոծ ծովու վրայ յայտնուիլ, իսկ մեր` եգիպտահայութեան նման «հայախօս» համայնքները անզգուշօրէն կրնան հրաժեշտ տալ այդ բարեմասնութեան ալ, իրաւամբ պէտք է շնորհաւորել զիրար, որ անգամ մըն ալ աւելի քան դար մը պատնէշին վրայ կանգնած-պահուած «Յուսաբեր»-ի էջերէն հին տարին ճամբու դնելու եւ նորը ողջունելու հնարաւորութիւնը ունինք:

Չենք կրնար պնդել սակայն, որ ողջունելէ ետք 2018-ին պիտի կարենա՞նք հրաժեշտ տալ…

Այնուամենայնիւ, կեանքը կը շարունակուի…

Ազգային օրակարգին վրայ եկող տարին պիտի նշանաւորուի հայոց պետականութեան վերականգնման 100-ամեայ տարեդարձով: Կիլիկեան թագաւորութեան անկումէն` 1375-էն ասդին պետականութիւնը կորսնցուցած էինք, իսկ աւելի կանուխ` 1045-ին Անիի վաճառք-անկումով վերցած էր հայոց պետականութիւնը Մեծ Հայքէն: Եւ միայն հարիւր տարի առաջ ահաւոր եւ անհաւասար կռիւ տալով` ազգովին յաջողեցանք կորսուածը վերականգնել` նեղ, անձուկ, խոցելի սահմաններու մէջ, սովի ու համաճարակի դրանը կքած գաղթականներով լեցուն, թշնամիներով շրջապատուած, սակայն աննկուն կամքով եւ տեսլականով զինուած` ղեկավար ու ժողովուրդ փարած էին կեանքին եւ մարդոց սարքած գեհենի յաղթահարման: Եւ այդ մեծագործութիւնն է, որ պիտի հանդիսադրուի նոր տարուան ընթացքին, երբ մեն-մենակ, առանց որեւէ անկիւնէ յոյսի նշոյլի, հայը` գաղթական թէ տեղաբնակ, արեւելահայ թէ արեւմտահայ, գիւղացի թէ քաղաքացի, ծառացաւ ոչ միայն ճակատներուն վրայ` թշնամիին դէմ, նահատակի պսակ վաստկեցաւ` այլեւ կեանքը վերակազմակերպեց, վերածաղկեցուց, հունաւորեց եւ գունաւորեց, ախոյեան դարձաւ գաղափարներու եւ իրաւունքներու կենսաւորման: Թերացում պիտի ըլլայ, եթէ ռազմի գործին միայն կապուի հարիւրամեակը, թէեւ մինչեւ այսօր ալ վճռական խօսքը ռազմադաշտին վերապահուած է, հոն կը շահուի կեանքի եւ արարման իրաւունքը, սակայն` միա՛յն իրաւունքը, զոր պէտք է արդիւնաւորել ու արժեւորել:

Նուազ կարեւորութիւն կամ արժէք չունի Երեւանի 2800-րդ տարեդարձը: Ան ալ հսկայ եւ մեծղի իրադարձութիւն մըն է, որ պէտք է պատշաճ ուշադրութեան արժանացնել ներազգային թէ օտար շրջանակներու մէջ: Մեր դէմ ճակատ յարդարած եւ թշնամութեամբ լեցուած հարեւանները, յատկապէս` ազերիները, յաւակնեցան ու համարձակեցան իրենցը համարել նաե՛ւ Երեւանը: Դիմագրաւելով վերաբնակող գաղթատիրութիւնը` դարերով միայն կորսնցուցած ենք մեր կենսատարածքները: Այսօր, երբ կենաց եւ արարման մեր կամքը յարգել պարտադրող բանակը ճակատը կ՛ապահովէ, պէտք է խթանել մեր քաղաքակրթական սլացքը` ոչ միայն հաւասարելու ժամանակին ու ժամանակակիցին, այլեւ գերազանցելու զայն` միշտ կռուան ունենալով այն ժառանգութիւնը, որուն մէկ մասնիկն է Երեւանը` 2800-ամեայ Էրեբունին:

Համազգային օրակարգի վրայ իրենց արժանաւոր տեղը պէտք է ունենան նոյն գաղափարական հնոցին մէջ թրծուած Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան` ՀՄԸՄ-ի հարիւրամեակն ու Համազգային մշակութային եւ կրթական ընկերութեան իննսունամեայ տարեդարձները: Անոնք եղան սիւներն այն տաճարներուն, որոնք առաւելաբար գաղթական հայութեան մէջ առողջ պահեցին վահագնածին ժողովուրդի աստանդական զաւակներու միտքն ու մարմինը, անմար պահեցին յոյսը եւ կորած հայրենիքի արեւահամ բառ ու բանով փորձեցին ջերմացնել հոգիները:

Յետահայեաց հաշուետուութիւն եթէ փորձենք կատարել` մանաւանդ նկատի ունենալով ներկայի գաղափարական աղքատութիւնը, անչափ կը մեծնայ ՀՄԸՄ-ի թէ Համազգայինի հիմնադիրներուն եւ զանոնք կենսաւորողներուն, ջահը սերունդէ սերունդ փոխանցած դէմքերու գործին ու վաստակին հանդէպ մեր յարգանքը. անոնք ապաւինած էին միայն իրենց ուժերուն, կարողութեան եւ աշխատանքին, երբ կը ձեռնարկէին այս կազմակերպութիւններու հիմնադրութեան, թերեւս` առանց խորհելու, որ ազատ, անկախ Հայաստանի մէջ ալ իմաստազուրկ պիտի չըլլան անոնք: Տխուր է, սակայն` փաստ, որ Խորհրդային Միութիւնը ոգիի եւ գաղափարական սով ալ ժառանգ ձգեց ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ արտերկրին, զոր պէտք է յաղթահարել, եւ` որքան շուտ, այնքա՛ն լաւ:

Նոր տարին բաւական հնարաւորութիւն կու տայ մեր հաւաքական կեանքին մէջ տարբեր մակարդակներու վրայ, տարբեր լսարաններու մէջ այս տարեդարձները վերարժեւորելու, ներկայացնելու պատմութիւն, դերակատարութիւն եւ դերակատարներ, ազդեցութիւն եւ ներկայ, թէկուզ թերութիւնները քննադատելով եւ սրբագրելով, վերանորոգ թափ հաղորդելու անոնց:

Մինչեւ նոր գործիքներ հնարելը հիներուն ապաւինիլը, զանոնք նորոգելով գործի դնելը առաքինութիւն պիտի նկատել, իսկ զանոնք բանեցնելու համար մասնագիտացած ու ձեռնհաս մարդուժ պատրաստելը` իմաստութիւն:

Յոյսը վերջինն է, որ կը մեռնի: Մերը անմահ է, վարժեցուցած ենք անմահութեան…

Ամանորի առիթով մեր ընթերցողներուն կը մաղթենք յաջողութիւններով լի, քաջառողջ, երջանիկ տարի մը, իսկ մեր ազգին ու հայրենիքին կը ցանկանք` խաղաղութիւն, կայունութիւն, բարգաւաճութիւն եւ ամենակարեւորը` արդարութիւն:

 

Նախորդը

Նոր Խոստումներ

Յաջորդը

Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանի Աշակերտներու Կատարմամբ` Ամանորեան Գեղարուեստական Երեկոյ

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?