Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանի Որ Այլեւս Ժամանակ Չունէին Իրենց Կօշիկները Հագուելու

Յունուար 12, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

… Ու ես ամանորեայ սեղան պատրաստած, պայծառ արեւին տակ նստած` կը սպասեմ, որ գան հարազատներ` անվերադարձ  մեկնած մեր տեսադաշտէն եւ հարազատներ` հեռացած հեռու, հորիզոններէն անդին:

Կը կանչեմ զանոնք իրենց անուններով, որ գան, ձայն կու տամ, որ հաւաքուինք մեր օրհներգութիւնը սկսելու…

Ո՛չ եկող կայ, ո՛չ շշուկ. սեղանը ամայի կը մնայ մինչեւ այն պահը, երբ կը նկատեմ, որ անոր վրայ անկէզ ողջակէզ կայ եւ խարոյկ անտես աչքերէ:

Ձայն մը կ՛ըսէ` այս սեղանը տակաւին պէտք է յարդարուի եւ ամբողջանայ, ողջակէզը մատուցուի միայն այն օրը, երբ գայ որոշուած ժամանակը:

Յստակ կը դառնայ, որ սեղանին վրայ այլեւս ցորենով պատրաստուած հաց չեն ուտեր, հապա միայն` լոյսով ու լոյսով պատրաստուած բարիքներ, որոնք ամբարուած էին սեղանին վրայ երկար ժամանակ, եւ քանի որ լոյսը թափանցիկ է, չէինք նկատած այդ բարիքները, որոնք գանձերու պէս շարուած էին կողք կողքի. նոյնիսկ կիսաւեր տաճարներու սեղաններուն վրայ կուտակուած բարիքներ կային…

Բոլոր գաւառներու դատարկ ու կիսաւեր խորաններէն կը լսուին ձայները անոնց, որոնք հոն էին երկար ժամանակ, այն շարականասացներուն կամ դպիրներուն, որոնք անհետ չէին կորսուած, անոնք իրենց կօշիկները հանած` ննջած էին  այս պահուն, մինչեւ որ մեծ հարսանիքի լոյսէ ողջակէզը պատրաստուէր:

Ու դատարկ սեղան չէր մնացած. հիմա բոլորը իրենց տեղերը գրաւած` կը սպասէին փեսային  ժամանումին, որ թէեւ կ՛ուշանար բայց իրեն հետ պիտի բերէր ուրախութեամբ լի սրուակներ, հայելապատ հանդերձներ ու փետրաւոր անմաշ կօշիկներ, որոնք ո՛չ կը փտին, ո՛չ ալ կ՛աղտոտին:

Փեսան իրեն հետ պիտի բերէ սպիտակաթոյր շղարշներ` հարսնեւորներուն լուսաշող դէմքերը անարատ պահելու փոշիէն, տօնելու համար լուսաւոր Ամանորը: Գիշերուան 12-ը ըլլալով հանդերձ, արեգակնային լոյս պիտի սփռէ  հորիզոնին վրայ:

Փեսան նոյնինք անկէզ մորենին է, որ սեղանին կեդրոնը արդէն իսկ բազմած է հիմա, ճարճատելով  լոյս կու տայ յարակից մութ ու դատարկ սեղաններուն, որ` առանց ոչ մէկ ճիգի կը  լուսաւորէ ամէն անկիւն: Լոյսը չսիրողներուն մասին ալ մտածած էր, որ անոնց վրայ եւս սրսկէր իր ափերու  առկայծումէն ու զանոնք ալ  հրաւիրէր իր նոր տունը, չէր ուզեր, որ ոչ ոք մնար տխուր ու անպաշտպան: Ծառին ճարճատիւնը պիտի վերածուէր լոյսի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլար, մինչեւ բոլորը սկսէին նմանիլ լոյսին, այսինքն` փեսային, ու իրարու ձեռք բռնած` քալէին լոյսերուն մէջէն, իրարու հետ հաղորդակցելով` դառնային միատարր ու իրարու հարազատ, այնքան նման, որ ալ ոչ մէկը միւսը մերժելու պատճառ ունենար: Հուրհրատող ու չհատնող ծառը սկսէր խօսիլ ու երգել, մինչեւ որ այլափոխուէին բոլորը լոյսի ու մեղեդիի: Հանէին իրենց հին հագուստները,  փոխակերպուէին  ծառի լուսաթոյր փայլուն ու պսպղուն ճիւղերուն, աստեղազարդ պտուղներուն, ու ծառը մէկիկ մէկիկ անոնց յայտնէր բոլոր այն գաղտնիքները, զորս չէին լսած երբեք, իր լոյսով ցոյց տար այնպիսի բաներ, զորս բնաւ չէին տեսած: Ուրախանային բոլորը` մինչեւ «անսահման ու անհուն», խինդով լեցուէին ու ցնծային  մինչեւ արեւ ու տիեզերք: Լոյսը պտտցնէր զիրենք անկոխ մոլորակներուն վրայ ու անցնէին տիեզերքը, դէպի նոր տիեզերքներ: Լոյսը սափսահուն ու ամրակուռ իր ուսերուն վրայ շալկէր զիրենք ու սահէին անոր վրայ իբրեւ ձիւնի, իբրեւ գորգի հիւսուած արեւաթելերով, անցնէին մոլորակներէն բոլոր ու բարեւէին բոլորին մէկիկ մէկիկ: Լոյսը ըլլար իրենց համար ջուր ու սնունդ` վարդի ու մեղրի  համով, սիրոյ ու համբոյրի: Լոյսը ըլլար իրենց համար տուն ապակեպատ, ադամանդեայ վերարկուներ, մարգարտաշար կանաչ դաշտեր: Լոյսը մեղեդիին միանար, բառերու պէս ու հմայէր իր հմայքով բարի, երբ հպէր կնճիռներուն, թարմանային, շրթները թոթով բացուէին` արտասանելով եւ ըսելով.

«Կը սիրեմ քեզ, Տէ՛ր` զօրութիւնս.
Տէ՛ր, իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս»:

«Սաղմոս 18.1-2»

Հալէպ

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Շնասէրներ

Յաջորդը

2018` Պատմական Փայլուն Օղակներու Յիշատակումներու Տարի

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?