Անդրադարձ

Տեսակէտ.  Նկատումներ

Տեսակէտ. Նկատումներ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իւ Լը Տըրիան յայտարարեց. «Մտահոգ ենք հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական յարձակումէն եւ Անգարային կոչ կ՛ուղղենք ինքնազսպումի»: Ֆրանսայի կեցուածքը ուղղակի կրկնօրինակն է այս հարցով Ռուսիոյ կեցուածքին, այլ խօսքով` գործնական գետնի վրայ ոչինչ կը խոստանայ: Ֆրանսայի պահանջով երկուշաբթի օր գումարուեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ ու դռնփակ նիստ մը, որուն ընթացքին ո՛չ որոշում մը որդեգրուեցաւ, ո՛չ...

Ի՞նչ Պատահեց Զոնկուլտաքի Մեր Հայ Եւ Յոյն Հարեւաններին. Ահա Պատասխանը

Ի՞նչ Պատահեց Զոնկուլտաքի Մեր Հայ Եւ Յոյն Հարեւաններին. Ահա Պատասխանը

Թարգմանեց ԱՆԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԸ Ստորեւ «Ակունք»-ը թարգմանաբար ներկայացնում է թուրք ուսումնասիրող  Քատիր Թունճերի` Զոնկուլտաքում 2003 թ.-ից գործող «Քարաէլմաս» լրագրողների միութեան «Պայրամ» թերթում լոյս տեսած հետազօտութեան առաւել ուշագրաւ հատուածները. Յայտնի է, որ մինչ բնակչութեան փոխանակումը, որն իրականացուեց 1923 թ. յուլիսին, ինչպէս ամբողջ Անատոլիայի, այնպէս էլ Զոնկուլտաքի եւ շրջակայքի ամենահին բնակիչներից են եղել յոյներն ու հայերը: Հարիւրամեակներ շարունակ այդ հողերի վրայ ապրած հազարաւոր...

Մանսուրեանի «Ռեքուիեմ»-ը Արժանացաւ Դասական Երաժշտութեան Միջազգային Մրցոյթի Գլխաւոր Մրցանակին

Մանսուրեանի «Ռեքուիեմ»-ը Արժանացաւ Դասական Երաժշտութեան Միջազգային Մրցոյթի Գլխաւոր Մրցանակին

Տիգրան Մանսուրեանի` Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Ռեքուիեմ» ստեղծագործութիւնը արժանացաւ Դասական երաժշտութեան միջազգային մրցոյթի գլխաւոր մրցանակին` «Ժամանակակից երաժշտութիւն» դասակարգին մէջ: Մրցոյթը տեղի ունեցաւ 18-20 յունուարին, Լիւքսեմպուրկի մէջ: Ըստ «Արմենփրես»-ի, այս առիթով Տիգրան Մանսուրեան յայտնեց, որ խորապէս յուզուած է մրցոյթի կազմակերպիչներուն` իր գործին նկատմամբ ցուցաբերած վերաբերումէն: «Ռեքուիեմ»-ը ներկայացուած է նաեւ 28 յունուարին տեղի ունենալիք «Կրեմմի» մրցանակի 60-րդ յոբելենական մրցանակաբաշխութեան` «Լաւագոյն երգչախմբային ներկայացում» եւ...

Աշխարհի Մէջ Առաջին «Խելացի» Զբօսայգին Պիտի Ըլլայ Երեւանի Մէջ

Աշխարհի Մէջ Առաջին «Խելացի» Զբօսայգին Պիտի Ըլլայ Երեւանի Մէջ

Ապագայի զբօսայգին պիտի ըլլայ Երեւանեան լիճին մօտ: Անիկա պիտի բաղկանայ 8 մասերէ` հրապարակ` ընտանիքներու համար, գործարար հանդիպումներու եւ քննարկումներու բացօթեայ հատուած, վիպային ժամադրավայր, Շաւարշ Կարապետեանի անուան հրապարակ, արեւային ուժանիւթով լիցքաւորուող եւ կշռող  նստարաններ: Մանրամասնութիւնները` հանրային հեռուստաընկերութեան տեսանիւթին մէջ. https://www.youtube.com/watch?time_continue=2&v=UiSPQ1YxdfM

2018-ին Շահագործման Պիտի Յանձնուին 6 Փոքր Ջրելեկտրակայաններ

2018-ին Շահագործման Պիտի Յանձնուին 6 Փոքր Ջրելեկտրակայաններ

Արցախի մէջ 2018-ին կը նախատեսուի շահագործման յանձնել 28,5 մեկաուաթ ընդհանուր հզօրութեամբ եւ 161,7 միլիոն քիլոուաթ-ժամ ելեկտրուժի միջին տարեկան արտադրանքով 6 փոքր ջրելեկտրակայաններ: Արցախի տնտեսական եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութեան աշխատակազմի ուժանիւթի բաժինի նախագահ Հայկ Աւետիսեանը կը յայտնէ, որ ներկայիս Մարտակերտի, Շահումեանի եւ Քաշաթաղի շրջաններուն մէջ ընթացք առած է եւս 5 փոքր ջրելեկտրակայաններու կառուցումը: Աւետիսեան կը տեղեկացնէ նաեւ, որ Արցախի մէջ ներկայ...

Խենթանոց

Ամերիկա` «Կաթի Եւ Մեղրի Երկիր» (1)

ՍԱՌԱ ԳՈԲՈՅԵԱՆ Անգլերէնէ թարգմանեց` ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Թուրքիոյ Ուզունովա փոքր գիւղին մէջ կը բնակէին քանի մը թուրք եւ քիւրտ ընտանիքներ: Մնացածները` բոլոր հայեր էին եւ հանգիստ ու խաղաղ կեանք մը կ՛ապրէին: Նման փոքր գիւղի մը բնակիչները, բոլորը անխտիր, իրարու ծանօթ էին, եւ շատեր նոյնիսկ իրարու հետ ազգականական կամ խնամիական կապեր ունէին: Գիւղը ունէր երկու հայկական եկեղեցիներ եւ...

Տէրեանի Նամակը Սոնա Օթարեանին

Տէրեանի Նամակը Սոնա Օթարեանին

Աղբիւրը՝ arfd.am 1906 9/1 Ալեքսանդրապոլ 1920 թուականի յունուարի 7-ին, հեռաւոր Օրենպուրկում, մահկանացուն կնքեց հայ մեծ բանաստեղծ Վահան Տէրեանը: Կեանքի մեծ մասը անցկացնելով հայրենի եզերքից հեռու` Տէրեանը մշտապէս ապրեց հայրենիքով, իրականացրեց աշխուժ ազգային-հասարակական եւ քաղաքական գործունէութիւն: Կարելի է յիշել թէկուզ այն փաստերը, որ նա 18-19 թուականներին եղել է պոլշեւիկեան Ռուսաստանի Ազգութիւնների գծով ժողովրդական կոմիսարի տեղակալը, մասնակցել է Պրեսթ Լիթովսքի բանակցութիւններին, մասնակցել...

Ակնարկ.  «Ձիթենիի Ճիւղ»-ի Արտօնուած Ծլարձակումները

Ակնարկ. «Ձիթենիի Ճիւղ»-ի Արտօնուած Ծլարձակումները

«Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը պատերազմական ոճի կայծակնային բռնկումով կամ յանկարծակիութեան գործօնով չէ բնութագրուած: Երկար ատենէ ի վեր նախապատրաստութիւն, զօրքերու կուտակում, ազդանշանի յայտարարութիւն, նպատակի բանաձեւում եւ ապա նոր ներխուժման քայլեր: Որքան ալ լարուած իրավիճակի կապուելով սպասելի ըլլայ հակամարտութիւններու պարագային ռազմական բախումներու մեկնարկը, այնուամենայնիւ հակառակորդը անակնկալի բերելու եւ գործողութիւնները մետասաներորդ պահուն սկսելու գործնականութիւնը բազմիցս դրսեւորած է ինքզինք տարբեր միջավայրերու մէջ եւ տարբեր ժամանակներու...

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 100-ամեակին Նուիրուած Արամ Ա. Կաթողիկոսին Կոնդակը

Ազատ ու անկախ ապրելու տենչը եւ կամքը, նո՛յնիսկ իմացեալ մահով, հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ամէնէն յատկանշական երեւոյթներէն մէկը դարձած է` Հայկ նահապետէն սկսեալ: Հարուստ է մեր պատմութիւնը բռնակալութեան դէմ հերոսական մարտնչումներով: Այսպէ՛ս եղաւ 28 մայիս 1918 թուականը մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ, երբ հայ ժողովուրդը, բոլոր ժամանակներու Վարդան Մամիկոնեաններու ու Ղեւոնդ Երէցներու հաւատքով թրծուած եւ վճռակամութեամբ զինուած, վերահաստատեց ինքնուրոյն պետականութեամբ իր...

«Ցեղասպանութեան Նիւթը Էութեանս Մաս Կը Կազմէ»  Կ՛ըսէ Սիւզան Խարտալեան

Նոր Պատում . Քաղաքական Ձախողութիւնը Մեր Երեւակայութեան Ձախողումն Է

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ Միթէ խելամի՞տ է այս օրերուն յուսալ եւ երազել աւելի լաւ աշխարհ: Ուսումնասիրեցէք իշխանութիւններուն դաժանութիւններն ու անտարբերութիւնը, ընդդիմադիր կուսակցութիւններու անտարբերութիւնը,  ամէն մարզի մէջ խախտումները եւ ակնյայտ ու անխուսափելի վայրէջքը, պատերազմի վերսկսման սպառնալիքը, եւ թերեւս, պատասխանը ըլլայ` ո՛չ: Այս պայմաններուն տակ հայ մարդուն համար մեր խնդիրները կարծես թէ անհասկնալի են, մեր ղեկավարները վտանգաւոր են. հայ  քաղաքացին խոնարհած է եւ` շփոթի...

Խենթանոց

Որբացած Զարմուհիներ

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Երկու որբացած քոյրեր էին մայրս եւ մօրաքոյրս: Որբանոցի մէջ. երկրորդ շարք ձախէն առաջինը՝ մայրս է Խարբերդի Բալուի շրջանը լոյս աշխարհ եկած, սակայն առանց իսկ վայելելու իրենց մանկութեան անուշ տարիները` բռնած էին գաղթի ճամբան եւ ծնողազուրկ, հազար ու մէկ դժուարութիւններով հասած էին Լիբանանի «Քէլէկեան» որբանոցը, ուր մնացած էին մինչեւ որոշ տարիք մը, ապա մայրս ընտանիք կազմած էր նոյն որբանոցին...

Կոմիտասեան Երգեր Մեկնաբանող Մշակին` Գէորգ Հաճեանին

Կոմիտասեան Երգեր Մեկնաբանող Մշակին` Գէորգ Հաճեանին

ԱՐԱՄ ՔՀՆՅ. ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ Հոգեւոր հովիւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Մեծ ուրախութեամբ ունկնդրեցի Գէորգ Հաճեանի ձայնատեսային վերջին ներկայացումը YouTube-ի մէջ, որուն պատգամը յարատեւ պայքար ու յաղթանակ ապահովելու ալիքը կը սփռէ: Խորքին մէջ կը բնութագրէ Արցախ աշխարհի ֆետայի բանակի շրջադարձային փուլերը` սկսելով քառօրեայ պատերազմէն, որուն մէջ յստակ կերպով կը բնորոշուին` հայու հաստատակամ, ազատատենչ եւ արծուի կերպարանքով սաւառնող տենչը, հայ զինուորի նախանձախնդրութեան ոգին, հայրենի...

ԼՕԽ-ի Օրացոյցը` Արժէքներու Պահպանման Նմուշ Մը

ԼՕԽ-ի Օրացոյցը` Արժէքներու Պահպանման Նմուշ Մը

ՍԱԼԲԻ ԱՆՆԱՅԵԱՆ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, արդէն իսկ լոյս տեսաւ եւ մեր տուներուն մէջ է 2018 տարուան օրացոյցը: Այս տարուան օրացոյցին հիմնական նպատակն է  մեր նախնիներուն կողմէ մեզի փոխանցուած ազգային նաշխերը 365 օր մեր ուշադրութեան կեդրոնը դարձնել եւ փոխանցել զանոնք յաջորդ սերունդներուն: Օրացոյցը մեզ վերադարձնելով մեր արմատներուն, մեր տատիկներուն սուրբ ձեռքերով գործուած նուրբ ձեռագործներուն` մեր ժողովուրդը հաղորդակից դարձուց...

Մուսա Լերան Երիտասարդ Թեւի Ձմեռ Պապին

Մուսա Լերան Երիտասարդ Թեւի Ձմեռ Պապին

ԼԱԼԷ ԱՆՏՈՆԵԱՆ Արդեօք արեան կա՞նչն էր պատճառը Հայաստան հաստատուելուս: Մաս կազմեցի Մուսա Լեռ հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւին եւ առաջին անգամ մասնակցեցայ Երեւանի միջազգային կանանց միութեան կազմակերպած ծննդեան տօնավաճառին` վաճառելով մուսալեռցի տիկիններու պատրաստած անուշեղէնները: Նոր տարին կը մօտենար, Մուսա Լերան միութեան երիտասարդական թեւը պատրաստութիւններ կը տեսնէ` այցելելու Հայաստանի հինգ գիւղերու մանկապարտէզներ, Ձմեռ պապիի եւ Ձիւնանուշի հետ նուէրներ բաժնելու: Ծնողներէս լսեր էի,...

Հպարտ Եմ, Որ Հայ Եմ (Ա.)

Հպարտ Եմ, Որ Հայ Եմ (Ա.)

Հաւաքեց` ՊԵՏԻԿ Այո՛, ամէն հայ պէտք է հպարտ ըլլայ իր ազգութեամբ, մանաւանդ երբ գիտութեան եւ արուեստի բնագաւառներուն մէջ միջազգային համբաւ վայելող դէմքեր այսօր կը յայտարարեն, որ երկար ցուցակ մը կազմող հայեր իրենց գործերով եւ գիւտերով մարդուն կեանքը աւելի հեզասահ ու հաճելի դարձուցած են: Անվիճելի իրականութիւն է, որ գիտութեան եւ արուեստի աշխարհներուն մէջ անպայման կը հանդիպիս մեծանուն հայերու: Կարդացէք առաջին ցուցակը....

Ուրացող Պետութիւնը

Լուսածագը Սպասողներուն Երթը Դէպի «Էրկիր»

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ Անուանի երգահան Զիւլֆիւ Լիվանելի իր խորիմաստ երգերէն մէկուն մէջ կը յիշէր «Ծնած տեղը մահացողներ»-ը: Ան պատկերալից նկարագրումով մը անցորդներու տեսանկիւնէն կը դիտէր բոլոր այն մարդիկը, որոնք ի տարբերութիւն ճամբորդողներու` միշտ հոն կը մնան: Ճամբորդը հանրաշարժի լուսամուտէն կը դիտէ զիրենք, որոնք քիչ յետոյ առյաւէտ դուրս պիտի գան իր հետաքրքրութեան դաշտէն, բայց պիտի շարունակեն հոն մնալ: Հոն պիտի մնան, շատ...

Ուխտի Ճանապարհներ .  Պետրոս Դուրեանի Շիրիմը

Ուխտի Ճանապարհներ . Պետրոս Դուրեանի Շիրիմը

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Քառասուն տարի առաջ, ամառնային երկարատեւ զբօսաշրջութեան վերջին շաբաթը կնոջս հետ Պոլիս էինք` մեր երազած «Հայկական Պոլիս»-ը այցելելու: «Թաքսիմ» մայր հրապարակի պանդոկները խճողուած գտնելով` մօտակայքը ընտրեցինք: Նախապէս կայացուցած մեր որոշման համաձայն, առաջին հերթին Սկիւտար եղանք: Թաղամասի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ աղօթելէն ետք ուղղուեցանք տեղւոյն Պաղլարպաշրի գերեզմանատունը` տեսնելու համար արեւմտահայ քերթողութեան բազմատաղանդներէն` Պետրոս Դուրեանի շիրիմը: Դեռ պատանեկութենէս սիրահարած էի...

Անդրադարձ.  Կեղծաւորութիւնն Ու Աֆրինի Զենումը

Անդրադարձ. Կեղծաւորութիւնն Ու Աֆրինի Զենումը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած Միջազգային դաշինքը երեքշաբթի, 16 յունուարին յայտարարեց. «Աֆրինը մեր գործողութիւններու շրջագիծին մէջ չէ»: Այդպիսով, թրքական բանակին տալով Աֆրինի դէմ իր յարձակումը շղթայազերծելու «կանաչ լոյս»-ը: Երկու օր ետք, սակայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց Թուրքիան` նշելով. «Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղենք` կեդրոնանալու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին վրայ եւ Աֆրինի դէմ յարձակում չգործելու»: Ուաշինկթընի կատարածը պարզ ու յստակ կեղծաւորութիւն է:...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Դիմաւորելով 100-ամեակը (2). Ներազգային Փտածութիւնը Եւ Մեր Սիրած Դիրքապաշտութիւնը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Իշխանութիւնը մարդկանց կուրացնում է, եթէ մարդիկ աւելի փոքր են, քան` իրենց պաշտօնը, հարբեցնում է, եթէ աւելի տկար են, քան` իրենց պաշտօնը: Յովհաննէս Թումանեան, 1921 Երբեմն պէտք է մտածել, առանց արտաքին ազդակներու մէջ փնտռելու մեր ներազգային դժուարութիւններն ու ձախողութիւնները: Այս կարենալ ընելու համար ճշմարիտ հոգեկան ուժ պէտք է: Յովհաննէս Թումանեանի իմաստուն խօսքը, 1921-ին գրուած նամակի մը մէջ, ստիպեց, որ...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Արդարամիտ Թուրք Փրոֆեսէօրը Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ      «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 2017 թուականի դեկտեմբեր 30-ին հանրածանօթ թուրք քաղաքագէտ, լրագրող եւ գրող Ճենկիզ Աքթար հրապարակած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ անաչառ եւ կարեկցական յօդուած մը:  «Անցեալի բռնութեան դիմակայումը աւելի մեծ բռնութեամբ» խորագիրը կրող Աքթարի յօդուածը տեղադրուած է Ahvalnews.com արտասահմանեան կայքին վրայ` թրքական կառավարութեան ճնշող վարչակարգի հասանելիութենէն դուրս: Փրոֆ. Աքթար իր յօդուածը կը սկսի թուրք ժխտողականներուն...

Page 563 of 806 1 … 562 563 564 … 806

Արխիւներ