Խմբագրական` «Նոր Յառաջ»-ի. Էրտողան` Հզօրութեան Գագաթնակէտին
Մաքրոն-Էրտողան նախագահական մամլոյ ասուլիսը Թուրքիա-Արեւմուտք երկդիմի փոխյարաբերութիւններու բացառիկ խտացումն էր: Ի՞նչ արժանիք ունի Մաքրոնի մաղթանքը` Թուրքիան եւրոպական արժէքներուն կառչած տեսնելու, երբ իր աչքին առջեւ Cash-investigation-ի լրագրող Լորան Ռիշարին Էրտողան այնպիսի շլացուցիչ պատասխան մը տուաւ, որ ո՛չ ինք` նախագահ Մաքրոն եւ ո՛չ ալ ոեւէ այլ լրագրող յանդգնեցաւ նոյնքան համարձակութեամբ, նոյնքան կոշտութեամբ հակազդելու: Էրտողան լաւ գիտէ հիւրընկալին հակազդեցութեան սահմանները: Կը խօսի ուժի...


















