Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկա` «Կաթի Եւ Մեղրի Երկիր» (1)

Յունուար 24, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՌԱ ԳՈԲՈՅԵԱՆ

Անգլերէնէ թարգմանեց`
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Թուրքիոյ Ուզունովա փոքր գիւղին մէջ կը բնակէին քանի մը թուրք եւ քիւրտ ընտանիքներ: Մնացածները` բոլոր հայեր էին եւ հանգիստ ու խաղաղ կեանք մը կ՛ապրէին: Նման փոքր գիւղի մը բնակիչները, բոլորը անխտիր, իրարու ծանօթ էին, եւ շատեր նոյնիսկ իրարու հետ ազգականական կամ խնամիական կապեր ունէին:

Գիւղը ունէր երկու հայկական եկեղեցիներ եւ մէկ դպրոց: Ծնունդին, Զատիկին եւ աւանդական տօներուն գիւղը ամբողջութեամբ կը վերածուէր մեծ ընտանիքի մը: Անբացատրելի սէր եւ միասնականութիւն կար բոլորին միջեւ:

Տուները կառուցուած էին իրարու շատ մօտիկ: Յաճախ քանի մը ընտանիքներ միասնաբար կը բնակէին ընդարձակ տան մը մէջ, եւ իւրաքանչիւրը իրարմէ բաժնուած կ’ըլլար պատով մը: Այդ պատին վրայ կը գտնուէր փոքրիկ պատուհան մը, որուն մէջէն իրարու հետ առարկաներ կը փոխանակէին:

Ձմրան եղանակը շատ ցուրտ էր, իսկ ամառը` անտանելի տաք: Քիչ կ՛անձրեւէր: Ամրան տաք եղանակին ընտանիքը ամբողջութեամբ կը պառկէր տուներու տանիքներու վրայ` վայելելով լուսնի լոյսն  ու աստղերը: Գիւղի մարդիկը իրարու հետ շատ սիրով էին եւ յաճախ իրարու կ՛այցելէին»: (Հատուած):

Մանրամասնօրէն նկարագրած է, թէ ինչպէ՛ս թուրք զինուորներ պատերազմի սկիզբի տարիներուն խուժած են իրենց գիւղը: Նախ հաւաքած են գիւղի այր մարդիկը` որպէս թրքական բանակի «զինուոր», սակայն հազիւ հեռացած գիւղէն` սպաննած ու նետած են գետը: Բոլորը անզէն ըլլալով` ինքնապաշտպանութեան հնարաւորութիւն չունէին: Քանի մը հոգի միայն կրցած է փախուստ տալ, եւ բախտով ազատուողներէն լսած էին իրենց սիրելիներուն սպաննուիլն ու դիակներուն գետը նետուիլը:

Անխղճօրէն տեղահանած են կիներն ու երեխաները: Սառա մօրաք (այսպէս կը կանչէինք զինքը) իր ընտանիքէն միակ փրկուած անձը եղած է: Բոլորը սպաննուած կամ տեղահանուած են, իսկ ինք որոշ շրջան մը մնացած է «բարի» քիւրտ ընտանիքի մը մօտ` որպէս ծառայ:

Մայրենի լեզուն սկսած է մոռնալ, սակայն տակաւին կը յիշէ իր հայ ինքնութիւնը:

Նոյն շրջանին կը սկսի հայ որբերու հաւաքը: Փախուստ տալով քիւրտ ընտանիքէն` կը յաջողի միանալ «Ամերիքըն Նիր Իսթ Ռիլիֆ Սոսայիթի»-ի որբանոցներէն մէկուն, ուր շրջապատուած հայ որբերով` կը վերատիրանայ իր մայրենի լեզուին:

«Նիր Իսթ Ռիլիֆ Սոսայիթի»-ի որբանոցներու մէջ ամերիկացի միսիոնարները իրենց կարելին ըրած են հայ որբերը պահելու համար հայ, մինչ Այնթուրայի որբանոցին մէջ ամէն ճիգ թափած են բռնի իսլամացնելու համար հայ որբուկները:

Սառա մօրաք իր գրքոյկին մէջ միշտ գովեստով ու երախտագիտութեան զգացումներով արտայայտուած է մարդասիրական այդ հաստատութեան հանդէպ:

Հատորը պատկերազարդ է, եւ նկարներէն մէկուն մէջ կը տեսնեմ մօրս նկարը, ինչ որ մտածել կու տայ, որ մայրս, իր զարմուհիին` Սառայի նման, ապրած է այդ դժոխային ոդիսականը:

Սառա, որոշ շրջան մը Անգլիա մնալէ ետք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գտնուող հօրեղբօրը միջոցով հաստատուած է անոր մօտ:

Մայրս եւ մօրաքոյրս նոյնպէս ունեցած են Ամերիկա գտնուող հօրեղբայր մը, որ խոստացած է երկու որբուկները բերել իր քով, սակայն անոր անակնկալ մահը պատճառ դարձած է, որ երկու քոյր մնան Լիբանան: Ճակատագրի խաղով մը, տասնամեակներ ետք, մայրս դարձեալ «բախտը ունեցաւ» գաղթելու Միացեալ Նահանգներ, ուր իր մահկանացուն կնքեց 1997-ին, բաւական յառաջացած տարիքին:

Սառա Գոբոյեանի հատորի վերջին հատուածին մէջ մանրամասնօրէն ներկայացուցած է իր երկրորդ ոդիսականը` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ:

***

«Օր մը հօրեղբայրս մօտեցաւ ու ըսաւ.

«Սառա՛, ամիսները շատ շուտ կ՛անցնին: Ամերիկա ժամանելու տոմսակդ միակողմանի է: Չէի ուզեր,  որ Անգլիա վերադառնաս: Քեզ Անգլիա վերադարձնելու նիւթական կարողութիւնը չունիմ: Քանի մը ամիս միայն կեցութեան իրաւունք ունիս, եւ վերջնական հոս մնալու միակ ձեւը ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունեցողի մը հետ ամուսնանալդ է»:

Ամուսնանա՞լ: Ի՜նչ ահռելի գաղափար: Նախապէս այդ մասին բնաւ չէի մտածած: Սկսայ լալ: Մտածելն անգամ վախ պատճառեց ինծի:

Մինչ այդ հօրեղբայրս առաջարկեց տեսնուիլ հայ փաստաբանի մը հետ: Լեւոն Հերտեան, որ հաւանաբար կարենար յաւելեալ 6 ամսուան կեցութիւն մը ապահովել: Նախապէս ծանօթացած էի սոյն փաստաբանին մօրը եւ երկու քոյրերուն, զորս շատ կը հաւնէի: Իրենց մայրը, ի պատիւ ինծի, ճաշկերոյթ մը տուած էր եւ` փափաքած, որ իր հարսը դառնամ, սակայն այդ մէկը չյաջողեցաւ:

Փաստաբան Հերտեանի` կեցութեանս ժամանակամիջոցը երկարաձգելու աշխատանքին ժամանակ լուրեր տարածուած էին, որ Զաքարեանին եղբօր աղջիկը ժամանած է Անգլիայէն եւ հարսնցու է:

Այդ օրուընէ սկսեալ քանի մը փեսացուներ սկսած էին այցելել հօրեղբօրս տունը` աղջիկտեսի, նաեւ հօրեղբօրս հետ մենք կ՛այցելէինք ամուսնութեան յարմար տարիքի տղաք ունեցող քանի մը ընտանիքներու տուները: Բնաւ տեղեակ չեմ, թէ ինչպէ՛ս լուրը այսքան շուտ տարածուած էր: Ամէն կողմէ փեսացուներ կը ներկայանային հօրեղբօրս տունը: Հիւսիսային Միլուաքիէն, Ուիսքանսընէն եւ Շիքակոյէն: Ներկայացողներէն շատերը ինծի հայր մը ըլլալու տարիքը ունէին, եւ հոս էր, որ անհաճոյ խնդիրները սկսան, որովհետեւ կը մերժէի ինծի առաջարկուած ամուսնութիւնները: Հօրեղբօրս կ՛ըսէի. «Վստահաբար սխալ բան մը կայ,  որ այս մարդիկը տակաւին չեն ամուսնացած»:

«Ո՛չ, Սառա՛, սխալ բան չկայ: Այս տղաքը ծնած ու հասակ առած են մեր երկրին մէջ, եւ իրենց համար շատ դժուար է ամերիկածին հայ աղջիկներու հետ ընտանիք կազմելը: Անոնց ապրելակերպը տարբեր է եւ բնաւ չի համապատասխաներ մեր կենցաղին: Անմիջապէս որ հայրենիքէն երիտասարդ աղջիկ մը ժամանէ այս քաղաքը, ամէն փեսացու իր կարելին կ՛ընէ, որպէսզի ինքը ըլլայ բախտաւոր անձը` տիրանալու նոր ժամանած օրիորդին», սակայն այս բացատրականները բան չէին փոխեր իմ մէջս: Կու լայի եւ անընդհատ կը կրկնէի. «Ամուսնութիւն չեմ ուզեր, կը նախընտրեմ Լոնտոն վերադառնալ»:

Հօրեղբայրս սաստիկ ջղայնացած` ըսաւ ինծի. «Ինքզինքդ ո՞վ կը կարծես: Երկինքէն իջած հրեշտա՞կ մը, որ կը մերժես ամուսնութեան բոլոր թեկնածուներդ: Լա՛ւ գիտցիր, քեզ ետ ուղարկելու դրամ չունիմ, եւ կը կարծե՞ս, որ ինծի համար դիւրին բան է մեկնիլդ տեսնել: Կ՛ուզես, որ անձնասպա՞ն ըլլամ»: Այս խօսքերէն շատ վախցած էի: Գիտէի, որ հօրեղբայրս ատրճանակ մը ունէր եւ, միեւնոյն ժամանակ, ես ալ իմ կարգիս չէի ուզեր բաժնուիլ հօրեղբօրմէս, որ մեր գերդաստանէն միակ ողջ մնացած անդամն էր:

Գեղադէմ երիտասարդ մը ներկայացաւ: Կը վախնայի «ոչ» ըսելու` գիտնալով, որ պիտի նեղացնեմ հօրեղբայրս: Յաջորդ կիրակի հրաւիրուած էինք անոնց տունը, ուր հաճելի հանդիպում մը ունեցայ իր ընտանիքին հետ, որոնք նմանապէս մեր երկրէն էին: Գիտէի, որ սէր գոյութիւն չունէր, սակայն մեր երկրին մէջ այդ մէկը կարեւոր չէր: Կարեւորը ծնողներուն գոհացում տալ եւ չմերժելն էր: Անոնք են, որ կ՛որոշեն` յարմա՞ր է, թէ՞ ոչ:

Յաջորդ հանդիպումին, «փիքնիք»-ի մը ընթացքին, քանի մը վայրկեան առանձին մնացի երիտասարդին հետ: Հարցումներուն պատասխանեցի կարճ ու կտրուկ: Հօրեղբայրս եւ իր կինը արդէն սկսած էին նշանտուքի պատրաստութիւններուն: Փեսացու երիտասարդէն պահանջեցին, որ յաջորդ հանդիպումին հետը բերէ ամերիկեան քաղաքացիութեան փաստաթուղթերը: Եկաւ առանց այդ թուղթերուն: Անօրէն մտած էր Ամերիկա եւ օրինաւոր կեցութեան չէր դիմած` վախնալով, որ կրնան զինք երկրէն արտաքսել:

«Սառան քեզի հետ չի կրնար ամուսնանալ,- ըսաւ հօրեղբայրս:- Ան պէտք է ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունեցողի մը հետ ամուսնանայ, որպէսզի կարենայ մնալ այս երկրին մէջ»: Այս լսելով` այնքա՜ն հանգստացայ:

Շիքակոյէն ուրիշ մէկը ներկայացաւ, սակայն հօրեղբայրս չթոյլատրեց առանձին տեսնուիլ: Զայն առաջնորդեց սենեակ մը` հարցուփորձի: Մէկը կար, որ ինձմէ աւելի հետաքրքրուած էր անոնց խօսակցութեամբ: Այդ մէկը 10 տարեկան զարմուհիս էր` Հելէնը, որ դրան ետեւէն կը հետեւէր ներսի խօսակցութեան: Իրեն համար այս բոլորը հաճելի էին, ինծի համար` վիշտ ու ցաւ: Չէի ուզեր ամուսնանալ անծանօթ անձի մը հետ, սակայն հօրեղբօրս եւ իր կնոջ համար ան կրնար տիպար ամուսին մը ըլլալ: Պատճա՞ռը: Ամերիկայի ամենադժուար եւ անգործութեան տարիներուն ինքնաշարժ ունէր, նաեւ` սափրչատուն մը,  սակայն իրեն եւս կը պակսէր ամենակարեւորը` ամերիկեան քաղաքացիութիւն:

Այս անձին հարցազրոյցի միջոցին հօրեղբօրս հայ դրացին` Կէլէնեան ընտանիքը, փափաքած էր ներկայացնել ուրիշ անձ մը, սակայն հօրեղբայրս մերժած էր երկու հոգի միաժամանակ հարցուփորձել:

Այդ կիրակի դարձեալ հայկական «փիքնիք» մը  տեղի ունեցաւ, ուր բոլորս ներկայ գտնուեցանք: Տիկ. Սիրանուշ Կէլէնեանը ուզեց, որ երկուքս միասին քալենք, որպէսզի հեռուէն ցոյց տայ իրեն ծանօթ փեսացուն, որ գարեջուր եւ սոտա կը ծախէր: Կ՛ուզէի քաղաքավար գտնուիլ այդ կնոջ հետ, սակայն չէի փափաքեր ոեւէ մէկուն ծանօթանալ:

Իւրաքանչիւր անձի մասին հակասական կարծիքներ կու տային: Մէկը կը գովէր, ուրիշ մը հակառակը կը փաստէր: Տխուր եւ շուարած էի: Չէի գիտեր` ո՞րն  է ճիշդը, կամ ո՞րն է սխալը:

Նոյն շրջանին հօրեղբօրս ընտանիքը նշանտուքի եւ հարսանիքի ծրագիրներ կը մշակէր: Կը մտածէին, որ պէտք է անցնիմ քանատական սահմանը այդ անձին հետ, իր քանատաբնակ եղբօրորդիին հետ կնքել կեղծ ամուսնութիւն մը, վերադառնալ Ամերիկա, որպէսզի օրինականօրէն կարենամ մնալ այս երկրին մէջ: Երկու տարի ետք «ամուսնալուծուիլ» եւ անկէ ետք իրական ամուսնութիւն մը կնքել յարմար անձի մը հետ: Բնականաբար մերժեցի եւ ըսի, որ կը նախընտրեմ վերադառնալ Անգլիա, քան թէ ընդունիլ այդ անպարկեշտ որոշումը: Հօրեղբայրս սաստիկ ջղայնացած` «կ՛ուզես, որ դրախտէն փեսացո՞ւ մը ճարեմ քեզի համար»:

Յաջորդ առաւօտ մեր հայ դրացուհին հարցուց, թէ կրնա՞ն այցելել, որպէսզի իրենց բարեկամներէն մէկը տեսնէ զիս:

«Օ քԷյ, Օ քէյ», ջղայնացած պատասխանեց հօրեղբայրս:

Նստասենեակէն զիս կանչեցին: Հնազանդեցայ: Բարեւեցի եւ նստայ անոնցմէ բաւական հեռու: Ինքն ալ ինծի նման ամչկոտ էր: Ցած ձայնով ինքնիրենս խօսեցայ: «Երբե՛ք»:

(Հատուածներ)

Լոս Անճելըս, 2018
(Շար.1)

Նախորդը

Տէրեանի Նամակը Սոնա Օթարեանին

Յաջորդը

2018-ին Շահագործման Պիտի Յանձնուին 6 Փոքր Ջրելեկտրակայաններ

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?