Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Աստուած Ստեղծեց
ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Աստուած ստեղծեց բիւր անասուններն` Օձն ու բորենին մահացու թոյնով, Առիւծն ու վագրը երկար ճանկերով, Կապիկն ու արջը, չղջիկն ու բազէն: Աստուած ստեղծեց շունն հաւատարիմ, Կատուն մլաւող փափուկ շոյանքի, Թութակն շատախօս, սոխակն երգի, Կոկորդիլոսներն գիշակեր վայրի: Ո՛վ մարդ արարած, գիտցի՛ր ու սորվէ՛ Ինչպէս մօտենալ, հեռանալ ահեղ Անասունի պէս մարդոց տեսակէն, Թունաւոր երկար անոնց ճանկերէն: Լիբանան


















