Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուխտի Ճանապարհներ . Պետրոս Դուրեանի Շիրիմը

Յունուար 23, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Քառասուն տարի առաջ, ամառնային երկարատեւ զբօսաշրջութեան վերջին շաբաթը կնոջս հետ Պոլիս էինք` մեր երազած «Հայկական Պոլիս»-ը այցելելու: «Թաքսիմ» մայր հրապարակի պանդոկները խճողուած գտնելով` մօտակայքը ընտրեցինք: Նախապէս կայացուցած մեր որոշման համաձայն, առաջին հերթին Սկիւտար եղանք: Թաղամասի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ աղօթելէն ետք ուղղուեցանք տեղւոյն Պաղլարպաշրի գերեզմանատունը` տեսնելու համար արեւմտահայ քերթողութեան բազմատաղանդներէն` Պետրոս Դուրեանի շիրիմը:

Դեռ պատանեկութենէս սիրահարած էի իր բանաստեղծութիւններուն, որոնցմէ շատերը գոց սորված էի:  Ըստ իս, անձնական ապրումներու երգիչ է Դուրեան: Իր մէջ կ՛արտացոլան ներքին, մտերիմ զգացումներ, բայց մանաւանդ` վիշտ, թախիծ, կարօտ, սէր, մորմոք: Ասոնց վրայ աւելցնենք` բողոք ու անէծք: Իր գործին մէջ Դուրեան դրած է հոգեկան մթնոլորտ մը, որ հարազատ է իր խառնուածքին: Այդպէս, ան բացառութիւն է մեր բանաստեղծութեան մէջ:

Ինծի կը թուի, որ արուեստագէտ ըլլալու համար բաւական չէ կարենալ յուզուիլ, հարկ է նաեւ յուզուիլ գիտնալ, այսինքն գտնել կերպը` ուրիշին փոխանցելու յուզումը:

Դուրեանի մէջ վիշտը կարծես բռնի մտած է, հակառակ իր կամքին ու բնոյթին: Ան ամրօրէն կառչած ըլլալով հանդերձ կեանքին, կը զգայ սակայն, որ հողը կ՛երերայ իր ոտքին տակ, եւ արեւն ու լուսինը կը պլպլան գլխուն վերեւ: Աւելի շատ կրակ կայ Դուրեանի հոգիին մէջ, քան` մոխիր, աւելի շատ բոց կայ, քան` ծուխ: Բողոք մըն է իր վիշտը:

Դուրեանի սէրը մելամաղձոտութեամբ լեցուն դժգոհանք է, հոգեկան պոռթկում, ներքին հրկիզում, բո՛ց, որ կ՛այրէ, բա՛ն մը, որ կը մղէ զինք լալու եւ միաժամանակ լացնելու: Իր սիրտը արիւնող սիրտ մըն է, որուն վէրքերը սպի չունին: Գերեզմանը ամէն տեղ է, ու ան` ամէն բանի մէջ:

Գերեզմանատան մէջ հետաքրքրութեամբ մօտենալով հէք քերթողի շիրմասիւնին, ետեւի կողմը քանդակուած գտանք բանաստեղծի «Իմ մահը» քերթուածին վերջին քառեակը, 1898-ին, եղբօրը` Եղիշէ արք. Դուրեանի կողմէ: Տեղեկացանք, որ  ձախին թաղուած էր իր մայրը` տիրամայր Արուսեակ Դուրեանը, եւ որ`  1950-ականներու աւարտին գերեզմանատան մէկ մասը կը գրաւուի պետութեան կողմէ` պողոտան ընդլայնելու նպատակով, որուն պատճառով առաջին շարքին գտնուող Դուրեանի եւ տիրամօր շիրիմները այստեղ տեղափոխուած են:

Վերջերս կարդացի «Եռագոյն» արեւմտահայերէն լրատուական կայքի մէջ Սեւան Տէյիրմենճեանի խորիմաստ արձանագրածը, որ Պետրոս Դուրեանի շիրիմը ո՛չ միայն մեր այս արդի ժամանակներու ուխտավայր մըն է, ո՛չ միայն վաղուց կորուսեալ անցեալէն մասունքի մը վերաբերումին արժանացած է, այլ բոլո՛ր հայերուն համար եղած է այցելավայր մը` շատ հին ժամանակէ սկսեալ:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (23 Յունուար 1968)

Յաջորդը

Լուսածագը Սպասողներուն Երթը Դէպի «Էրկիր»

RelatedPosts

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞
Անդրադարձ

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞

Օգոստոս 21, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?