Ակնարկ. Բառապաշար, Հակազդեցութիւն Եւ Այսօրուան Տեղեկատուական Համակարգը
Լիբանանեան քաղաքական եւ հասարակական բեմերուն վրայ արձանագրուածները դուրս եկան երկրի սահմաններէն եւ համաշխարհային լրատուամիջոցներու թողարկումներուն բերումով սեփականութիւնը դարձան միջազգային հանրութեան: Քաղաքական հռետորութեան ընթացքին օգտագործուած բառապաշարի եւ իբրեւ անոր հակազդեցութիւն փողոցային դրսեւորումներու տեսանիւթերը շատ արագ շրջագայեցան եւ նուաճեցին դիտողականութեան մեծ լսարաններ: Պատահարներու քաղաքական ենթաշարժառիթներուն վրայ կեդրոնանալէ առաջ, կ՛արժէ նաեւ տեսանիւթի սպրդումին եւ անոր ձգած ազդեցութեան մասին ակնարկ կատարելը: Հակառակ հանրապետութեան նախագահ-խորհրդարանի...















