Արեւմտահայերէնը Արդէն Առանձին Լեզուական Ծածկագիր Ունի
«Արմռատիօ.- Լրագրող Լիլիթ Մուրադեան կը յայտնէ, որ «Ուիքիմիտիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի` արեւմտահայերէնին ISO 639-3 լեզուական ծածկագիր (code) տալու ջանքերը վերջապէս յաջողութեամբ պսակուած են: SIL International-ը, որ ISO 639-3ը արձանագրող մարմինն է, 30 յունուար 2018-ին, արեւմտահայերէնին առանձին լեզուական ծածկագիր` «hyw» տալու որոշում կայացուցած է: Արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէնը ժամանակակից հայերէնի երկու առանձին ճիւղեր են, որոնք զարգացած են...


















