Մշակութային Արձագանգ. «Քֆարնահում» Իրական Կեանքէ Առնուած Ժապաւէնը Իր Բազմակողմանի Մարդկային Երեսներով Արժանացաւ Քաննի Շարժապատկերի Միջազգային Փառատօնի Մրցանակին
ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ Մենք կ՛ապրինք այնպիսի ընկերութեան մը մէջ, ուր մարդկային նուազագոյն իրաւունքներն անգամ չեն յարգուիր: Անիրաւութեան դէմ մեր պոռթկումը երբեմն նոյնիսկ անարձագանգ կը մնայ, որովհետեւ սահմանուած օրէնքները լոկ չակերտներու մէջ սահմանափակուած են: Բեմերէն կը խօսուի մարդու իրաւունքներու, մանուկներու իրաւունքին մասին, բայց անոնց գործադրութիւնը դժբախտաբար մեր ընկերութեան մէջ չի կիրարկուիր: Այսօր ականջալուր կ՛ըլլանք մանուկներու չարաշահման (child abuse), երբ ընտանիքներէն ոմանք տնտեսական...

















