Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանական «Փոզիթիւ Նիուզ»-ը` Արցախի Կին Ականազերծողներու Մասին

Դեկտեմբեր 1, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի մէջ ականազերծող կիներուն անդրադարձած է «Փոզիթիւ Նիուզ» (Positive News) բրիտանական լրատուամիջոցը:

Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներով զբաղող «Հէյլօ թրասթ» (Halo Trust) միջազգային կազմակերպութեան մէջ կիներ կ՛աշխատին 2015-էն ի վեր: Այժմ Արցախի մէջ կազմակերպութեան աշխատողներէն 11-ը կիներ են, իսկ քանի մը այլ անձեր յատուկ ուսուցման ծրագիրի կը մասնակցին, որպէսզի շուտով համալրեն անոնց շարքերը, կը յայտնէ «Նիուզ»-ը:

Ականազերծող Քրիստինէ Խաչատրեանը նախապէս կ՛աշխատէր դպրոցի մը մէջ: Ան կը պատմէ, որ սկիզբը կը վախնար, սակայն դասընթացքին մասնակցելէ ետք, այժմ այնպէս կ՛աշխատի, որ իր ամուսինն ու երեխաները կրնան հպարտանալ:

Այլ ականազերծող մը` Լուսինէ Ասրեանը կը պատմէ, որ նման աշխատանքով զբաղելու համար խոր, անձնական պատճառներ ունի. Ասրեանին հօրեղբայրը զոհուած է ականի մը պայթումէն, որմէ ետք ան որոշած է ականազերծող դառնալ:

Հակառակ կարծրատիպերուն` կին ականազերծողները հպարտ են, որ տղամարդոցմէ ետ չեն մնար: Այլ ականազերծող մը` Սիրուն Օհանեանը կ՛ըսէ, որ կիները իրականութեան մէջ աւելի լաւ կրնան կատարել այս աշխատանքը, որովհետեւ անոնք առաւել բծախնդիր են, զգուշ եւ պատասխանատու:

Աշխատանքին ամենամեծ դժուարութիւնը, ըստ կիներուն, երեխաներէն հեռու ըլլալն է: Դժուար են նաեւ եղանակային պայմանները, երբ ձմրան եղանակը խիստ ցուրտ է, իսկ ամրան կիզիչ արեւուն տակ ժամերով աշխատիլը` գրեթէ անտանելի: Սակայն աշխատանքի աւարտը արդէն մօտ է: 2010-էն ի վեր ականազերծման ենթակայ տարածքին 90 տոկոսը արդէն վնասազերծուած է:

Լրատուամիջոցը կը գրէ, որ բացի ինքնահաստատուելէ` կիները կ՛երազեն ապահով ապագայ ունենալու մասին Արցախի մէջ, ուր անոնց երեխաները կրնան ազատ շրջիլ դաշտերը:  «Երբ ականները վնասազերծուին, կեանքը պիտի դառնայ ապահով, եւ մարդիկ պիտի կարենան ապրիլ առանց վախի», կը յայտնէ Խաչատրեանը:

 

Նախորդը

103 Տարեկան Դաշնակահարուհին

Յաջորդը

Գրողի Անկիւն. Բիւր Յարգանք` Հայ Ընթերցողին

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Փորձութիւն
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փորձութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը

Հոկտեմբեր 31, 2025
Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել
Անդրադարձ

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?