Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Կը Մերժենք Որեւէ Զիջում
Մեր լաւագոյն զաւակներուն արիւնով, զոհաբերութեամբ ու նուիրումով ստեղծուած Արցախի անկախ պետականութեան հանդէպ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը չի կրնար ընդունիլ, հանդուրժել զիջումի նուազագոյն իսկ տրամադրութիւն: Դաշնակցութիւնը իր ազգային էութեան դաւաճանած կ՛ըլլայ, եթէ չմերժէ պարտուողական ու զիջողական տրամադրութիւնները, ինչ ձեւով ու ինչ մակարդակով ալ արտայայտուին անոնք: Իշխանական օղակներէ դուրս եկած Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան հանդէպ վճռակամութեան պակասն իսկ, եթէ եւ երբ նման դիրքորոշում...


















