Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճարտարապետ Մարտիրոս Ալթունեանին Անունով Փողոցի Մը Անուանումը Իրականացաւ

Մայիս 9, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆՏՐԷ ՔՈՒՐՔՃԵԱՆ

Հայ ճարտարապետութեան պատմութիւնը որքա՛ն հին է, նոյնքա՛ն ալ` ժամանակակից: Փարաւոնական  ժամանակներէն մինչեւ ուրարտական  թագաւորութիւնը, Կիլիկիայէն  ներկայ Հայաստան  ունեցած ենք հանճարեղ ճարտարապետներ,  որոնցմէ մէկն է Ալքսանդր Թամանեանը, որ կառուցած է  Երեւան  մայրաքաղաքը, իսկ
երկրորդը` Մարտիրոս Ալթունեանը, որ սփիւռքի պայմաններուն մէջ ստեղծած է տեղական եւ միջազգային անգնահատելի  ու անկրկնելի կոթողներ:

Մարտիրոս Ալթունեանը ապրեցաւ երկու համաշխարային պատերազմներ, տեսաւ  տառապանքը եւ կորուստը ազգերուն ու քաղաքներուն, տեսաւ ոճիրներ եւ արիւն, արհաւիրքներ ու կսկիծներ: Իր ստեղծագործական կոթողներուն մէջ առկայ են խաղաղութեան կոչը ու սիրոյ եւ համերաշխութեան պատկերները:

Իր հանճարեղ ճարտարապետական կոթողները կը բաժնուին 3 մասերու.

ա.- Կրօնական բնոյթ ունեցող կոթողներ, որոնք գլուխ գործոցներն են, ինչպէս` Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը եւ Եղեռնի յուշարձանը: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցական ու կրօնական ճարտարարապետութեամբ ան անմահացուցած է հայոց եկեղեցին իր աստուածաբանական իմաստով եւ ճարտարապետական հոյակապ կրօնաշունչ կառոյցով:

բ.- Սուրբ Պօղոս հսկայածաւալ տաճարը Հարիսայի մէջ մշտատեւ յաւերժութեան կնիքը ու խորհուրդը ունի իր մէջը: Երկնասլաց գմբէթներուն խորհուրդին հետ ան անմիջականօրէն ամբողջական ներհայեցողութեամբ ստեղծած է անքակտելի կապը իր եւ Աստուծոյ միջեւ, մարդ եւ Աստուած նոյնանալու տենչանքին տեսիլքովը:

գ.- Ապարանքներու եւ պետական շէնքերու կառոյցներուն մէջ կ՛արտացոլացնէ կամարներու եւ սիւներու զիրար ամբողջացնող պատմական ու ժամանակակից զոյգ արուեստները,  որոնցմէ են` Լիբանանի Հանրապետութեան խորհրդարանը, եւ Պէյրութ քաղաքին Նըժմէ հրապարակի «Միքէլ Ապտ» անուամբ  ժամացոյցը, Պէյրութի ծովեզերեայ նաւահանգիստի ափին հոյակերտ «Ապու Պաքըր» մզկիթը եւ բազմաթիւ այլ ճարտարապետական արուեստի գործեր:

Իր ճարտարապետական ստեղծագործութեան ժամանակաշրջանին ան ներքին հոգեկան ու մտային գաղափարական եւ կրօնաշունչ նկարագրով գծագրեց Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի տեսիլքը եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի այբուբենի աստուածային գիւտը: Երբեմն կեանքի անարդարութիւնները, մարդու նենգամիտ չարութիւնները, անհանդուրժող ու ոխակալ աշխարհի կենսավիճակները  արտացոլուած են իր «Ծովու պատկերի»  ստեղծագործութիւններուն մէջ:  Բարիի եւ չարի, աղքատի եւ հարուստի յաւերժական պայքարը ան կը բանայ թռիչքաձեւ ու երկնասլաց ճարտարարուեստի կառոյցներով:

Նոյն եւ նման ճարտարարապետութեան եւ ճարտարագիտութեան իր ազատ ժամերու մշակութային ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին, թաղապետ Պետրոս Թոփճեան առանձնայատուկ իր  ուշադրութեան կեդրոնը կը դարձնէ ճարտարապետ Մարտիրոս Ալթունեանին ձգած անկրկնելի կոթողները: Ան ճիշդ եւ արդար կը գտնէ` 85  տարուան ժառանգութիւնը անմահացնել Պէյրութի կեդրոնական փողոցներէն մէկը արդարօրէն անուանակոչելով Մարտիրոս Ալթունեանի անուամբ:

Առաջին հերթին իր ծրագիրը կը ներկայացնէ երեսփոխան եւ  ՀՅԴ-ի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիին, որ բարձր կը գնահատէ  թաղապետ Պետրոս Թոփճեանին հայեցի եւ ազգային բծախնդրութիւնը` հանդէպ ծրագրային աշխատանքին եւ քաջալերելով անոր ազգօգուտ աշխատանքը:

Ան շարունակաբար իր առաջարկ-ծրագիրը ներկայացուց Պէյրութի քաղաքապետին եւ Պէյրութի նահանգապետին եւ ապա ներքին գործոց նախարարութեան, որոնք շատ բարձր գնահատեցին եւ ուրախութեամբ ընդունեցին Պետրոս Թոփճեանին առաջարկ-ծրագիրը: Վերջապէս իրականացաւ Պէյրութի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն վրայ ճարտարապետ Մարտիրոս Ալթունեանի անուան արձանագրութիւնը:

Մոռացութեան շուքին մէջ թաղուած անմահանուն ճարտարապետին անունը, թաղապետ Պետրոս Թոփճեանին նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով, վերակենդանացաւ եւ անմահացաւ:  Լիբանանահայութեան եւ Լիբանանի ժողովուրդին համար հրաշալի եւ պատուաբեր աշխատանք մը եղաւ ասիկա` հանրաճանաչ դարձնելով ճարտարապետ Մարտիրոս Ալթունեանին անունը:

Ճարտարապետ Մարտիրոս Ալթունեան բազմիցս պարգեւատրուած է զանազան շքանշաններով, որոնց  շարքին` Լիբանանի Հանրապետութեան  նախագահներէն Էմիլ Էտտէի եւ Պշարա Խուրիի  կողմէ` «Գնահատանք»-ի շքանշանով:

Մարտիրոս Ալթունեան պիտի մնայ բոլոր ժամանակներու անկրկնելի ու անմահ ճարտարապետը, իր ճարտարարապետութիւնը պիտի տեւէ դարէ դար, որովհետեւ ան իր հայեցի դրոշմով ու նկարագրովը անմահացաւ եւ իրեն հետ անմահացուց ամբողջ հայ ժողովուրդը ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ նաե՛ւ ամբողջ աշխարհի մէջ:

Սուրբ Բեթղեհեմի  քարայրին վրայ կառուցած իր հայկական գմբէթ-զանգակատունովը արդէն իսկ ան դարձած է համաշխարհային ու համբաւաւոր հանճարեղ ճարտարապետ մը: Մարտիրոս Ալթունեանի  անմահանուն ճարտարապետի եւ անհատականութեան գնահատականովը միեւնոյն ժամանակ կոչ կ՛ուղղենք աշխարհին եւ համայն հայութեան` գնահատելու եւ տէրը դառնալու մեր բոլոր ազգային արժէքներուն եւ անձնուրաց մտաւորականներուն, որոնք տքնաջան աշխատանքով եւ իրենց անբասիր կեանքովը տուած են իրենց  ժամանակը եւ կեանքը մեր ժողովուրդին:

12/4/2019                                                   
Պէյրութ

Նախորդը

Մեր Պահանջատիրութիւնը Վճռական Է, Ո՛չ` Քմահաճոյքի Առարկայ…

Յաջորդը

«Արտաքինէն Աւելի` Հոգին Է Կարեւորը, Որ Յաւիտեան Կը Մնայ», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Գրիգոր Ակոբեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?