Անդրադարձ

Զգուշ` Ազրպէյճանական Քարոզչական Մեքենան Կը Գործէ

Զգուշ` Ազրպէյճանական Քարոզչական Մեքենան Կը Գործէ

Ա. Ա. Ազրպէյճանի պետական քաղաքական վարքագիծը, ուր հակահայ քարոզչութիւնը եւ հայատեացութեան տարբեր տեսակի դրսեւորումները տիրական են, նորութիւն մը չէ, եւ տարօրինակ պիտի ըլլար հակառակը ակնկալել: Պաքուի իշխանութիւնները օրն ի բուն ճշմարտութիւնները եւ իրականութիւնները խեղաթիւրելու, միջազգային հանրային կարծիքը ապակողմնորոշելու եւ պատմական ու քաղաքական նենգափոխումներու միջոցով ապատեղեկատուութիւն տարածելու նպատակաուղղուած քաղաքականութիւն մը կը վարեն` թիրախ ունենալով Արցախի պետութիւնը: Նպատակը յստակ է: Արցախը վերադարձնել...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

«Հայկական Գաւառներ»-ու Հաւաքագրման Գործը Դեռ Չէ Աւարտած

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Հայաստանի անկախութեան յայտարարութեան այս վերջին տողին էութիւնը ճիշդ հասկնալու համար պէտք է մօտէն ուսումնասիրել այդ օրերու տագնապալի եղելութիւններու պատմութիւնը: 1918-ին Անդրկովկասեան Հանրապետութեան մաս կազմող երեք ազգութիւնները` հայերը, վրացիները եւ թաթարները (այսօրուան ազերիները) դեռ շատ հեռու էին իրաւականօրէն սահմանագծուած ազգային հողատարածութիւններ ունենալէ: Անդրկովկասեան Սէյմը ստեղծած էր յանձնախումբ մը այդ բարդ քարտէսը յստակացնելու նպատակով եւ, սակայն, արեւելեան ճակատի վրայ թրքական...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Գիրքերու Աշխարհէն. Հայուն Եւ Քրիստոնեային Միաձուլումը` «Սփիւռքահայ Կեանքեր Ինչպէս Որ Տեսայ» Հատորին Մէջ (Հեղինակ Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեան)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Քանի մը ամիսէ ի վեր սեղանիս նստած է ստուար հատոր մը` տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ» գիրքը (լոյս տեսած` 2018-ին, Համազգայինի հրատարակչատունէն, Պէյրութ, խմբագրութեամբ տոքթ. Արտա Ճէպէճեանի եւ հայրենի ծանօթ մտաւորական Սուրէն Դանիէլեանի ներածականով), որ հրատարակութեան օրերուն եւ յաջորդող շաբաթներուն արժանի արձագանգը գտաւ մեր մամուլին մէջ, տեղի ունեցան շնորհահանդէսներ եւ ներկայացման հաւաքներ: Հատորը կը համախմբէր...

Ակնարկ.  Ոչ Միայն Ծովային, Այլ Նաեւ Ցամաքային Սահմանագծում. Պէյրութի Նախապայմանը

Ակնարկ. Ոչ Միայն Ծովային, Այլ Նաեւ Ցամաքային Սահմանագծում. Պէյրութի Նախապայմանը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական եւ Միջին Արեւելքի բաժանմունքի պատասխանատու Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի երկու շաբթուան ընթացքին Պէյրութ կատարած երրորդ այցելութիւնը  պարզ կը դարձնէ, որ Ուաշինկթընը Իսրայէլ-Լիբանան ծովային սահմանագծման գործընթացին համար լծուած է մագոգային դիւանագիտութեան: Վիճելի ջրային տարածքը 860 քառ. քմ տարածութիւն է, որուն սահմանագծումը նախապայման է օգտագործման գործընթացը մեկնարկելու եւ ատոր իբրեւ նախապատրաստութիւն բանակցութիւններ վարելու ձեւաչափերն ու գործիքակազմերը ճշդելու: Պէտք...

Մարդն Է Ստեղծագործութեան Տիրակալը

Մարդն Է Ստեղծագործութեան Տիրակալը

ԶԱՐԵՀ ՎՐԴ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ Քրիստոնէական գրականութեան մէջ Համբարձման տօնը ընդհանրապէս լուսանցքի տակ մնացած է: Ինչպէս տարեկան տօնակարգէն կրնանք անդրադառնալ, մեր կեդրոնացումը անհամեմատելիօրէն Քրիստոսի ծնունդը, խաչելութիւնն ու յարութիւնն է, որ կը գրաւեն: Անհերքելի իրականութիւն է, որ Ս. Ծնունդի ու Ս. Յարութեան ժամանակաշրջանին ո՛չ միայն եկեղեցական, այլ նաեւ ընկերա-կրօնական «ծիսակատարութիւնները» կը ճոխանան: Ճիշդ է, որ մեր մէջ համբարձումին այլազան...

Անկարելի Նամակ Թիւ 4.   Հայ Մամուլի Հասկացողութեան Մասին

Անկարելի Նամակ Թիւ 4. Հայ Մամուլի Հասկացողութեան Մասին

Ստորեւ` հայ մամուլի աշխատակից եւ «Փթիթ» մանկապատանեկան հրատարակութեան համախմբագիր Կարօ Աբրահամեանին նամակը: Խորհրդատուական կարգով տեղեակ ըլլալով նախապատրաստական նիստերուն ճշդուած մասնակցութեան ձեւաչափին` անհրաժեշտ կը նկատենք արձանագրել հետեւեալը. Հայ մամուլի տարուան առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիկոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած համաժողովին հրաւիրուած են օրաթերթերու եւ  շաբաթաթերթերու, ինչպէս նաեւ լրատուական կայքերու  գլխաւոր խմբագիրները: Այս առումով, հրաւէրները անձնական-հասցէական են եւ ուղղուած` նշուած բնոյթի լրատուամիջոցներու առաջին դէմքերուն: Այս...

Ողջո՜յն Սուրիահայ Քաջերուն

Ընկերական Զրոյց.- Հակադաշնակցականութիւնը Ընդդիմախօսութիւն Չէ, Այլ` Մոլուցք

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, ծնունդէն մինչեւ այսօր, 129-ամեայ իր պատմութեան ընթացքին դիմագրաւած է ընդդիմախօսութեան տարբեր դրսեւորումներ: Հիմնադրութեան առաջին տարիներուն, հայ իրականութեան մէջ գործող այլ քաղաքական կուսակցութիւններ, շատ յաճախ` գաղափարական հիմնաւորումներով, ընդդիմախօսած են Դաշնակցութեան: Քրիստափոր Միքայէլեան 1901-ին «Պատմական չարիք» յօդուածին մէջ կը գրէ. «Զանազան կարգի, զանազան բնազդների հայեր, ընդունելով միեւնոյն երեւոյթը իբրեւ փաստ, տարբեր բացատրութիւններ են տալիս դրան»: Քրիստափորի ակնարկած...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Միացեալ Հայաստանը Հայութեան Գոյատեւման Հիմնաքարն Է

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Պատմահայր Մովսէս Խորենացի մեզի պատգամած է մեր նախնիներու այն սկզբունքը, որ` «Սահման քաջաց զէնն իւրեանց» (քաջերուն սահմանը իրենց զէնքն է): Սահմանները կը գծուին ունեցած զէնքի ուժի տարողութեան համապատասխան: Պատմութեան ընթացքին Հայաստան աշխարհի սահմաններու յարափոփոխութիւնը դրսեւորումն է այս սկզբունքին, որ մենք իւրացուցինք եւ մեկնաբանեցինք դառն փորձառութիւններով: Հայաստանը մարդկային պատմութեան մէջ այն հազուագիւտ երկիրներէն է, որ իր պատմութեան ամբողջ տեւողութեան...

Ամբողջական Ու Միացեալ Հայաստանի Տեսլականին Իրագործման Առաջին Քայլը Արցախի Միացումն Է Հայաստանին

Ամբողջական Ու Միացեալ Հայաստանի Տեսլականին Իրագործման Առաջին Քայլը Արցախի Միացումն Է Հայաստանին

Ստորեւ կը ներկայացնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամը, զոր ան տուաւ Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ,  Հանրապետական մաղթանքէն ետք: Կատարեցինք «Հանրապետական մաղթանք»` մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն: Այլ խօսքով, աղօթեցինք մեր հայրենիքի ապահովութեան, յառաջդիմութեան ու հզօրութեան համար` մաղթելով, որ հայրենի մեր ժողովուրդի ծառայութեան նուիրուած իշխանութիւնը եւ Հայաստանի պաշտպանութեան յանձնառու հայոց բանակը խոր հաւատքով ու ամբողջական նուիրումով լծուին իրենց հայրենաշէն...

100-ամեակ Միացեալ Հայաստանի Հռչակագիրին.  Միասնաբար Պիտի Վերականգնենք Մէկ Ազգ Եւ Միացեալ Ու  Ամբողջական Հայրենիք Տեսլականը

100-ամեակ Միացեալ Հայաստանի Հռչակագիրին. Միասնաբար Պիտի Վերականգնենք Մէկ Ազգ Եւ Միացեալ Ու Ամբողջական Հայրենիք Տեսլականը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, Հայաստանի քաղաքական կեանքն ու անոր եռեւեփումներով տարուած-կլանուած ողջ հայութիւնը կը գտնուին այնպիսի ուռուցիկ-ուռեցուած յորձանուտի մը մէջ, որ 28 ՄԱՅԻՍով մարմնաւորուած խորհուրդները կը թուին լուսանցքայնացուած ըլլալ ու հեռու քշուած` պետական ու ժողովրդային բեմերէն, մատնուած` լոկ արարողական յիշատակումի: Անցեալ տարի Հայաստանի Հանրապետութեան ծննդեան 100-ամեակը իրողապէս լուսանցքայնացուեցաւ, որովհետեւ ապրիլի վերջերուն ծայր տուած «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը ողողեց ողջ հայութեան...

Բոլոր Ժամանակներու Հայ Ազգային Քաղաքական Հանգանակին Խտացումը` Դաշնակցականութիւնը

Միացեալ Հայաստանի Հռչակումը Ուղեցոյց` Ապագայ Հայահաւաքին Եւ Հողահաւաքին Համար

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Իրականութեան մէջ 100-ամեայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան իւրաքանչիւր օրը իւրայատուկ նշանակութիւն ունի ժամանակակից հայոց պատմութեան մէջ, որովհետեւ շատ դժուար պայմաններու մէջ հայոց վերածնած պետականութեան հիմնադիր այրերը ըրին այնքան գործ, որ իրերայաջորդ սերունդներուն ժառանգ ձգուեցաւ իբրեւ ազգային հպարտութիւն: Բայց այդ ժամանակաշրջանի որոշ իրագործումներ ալ գաղափարաքաղաքական մեծ նշանակութիւն ունին հայութեան համար` ազգային տեսլականի ուրուագծումի իմաստով: Այդ իրագործումներէն կամ ծանրակշիռ իրադարձութիւններէն մէկն...

Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ

Կրկին Մայիս 28 Է, Հարցադրումների Նոյն Շարանով, Նոյն Հոգեմտաւոր Փոթորկումներով

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ Մեր առաջին հանրապետութեան ստեղծման 101-րդ տարեդարձն է, անփոխարինելի մի տօն, որը տօն լինելուց առաւել` իւրաքանչիւր հայի համար կեցութիւն է, ինքնահաստատման, շարունակման, բազմանալու, ապրելու եւ ստեղծելու մի մեծ երաշխիք: Երաշխիք, որը մի բոյլ հայրենանուէր առաջնորդների եւ իրենց արիւնը անսակարկօրէն իրենց հայրենի երկրի ազատագրմանը նուիրած մեր ժողովրդի անգնահատելի ժառանգութիւնն է մեզ, եւ որը բնականաբար  պարտաւորեցնում է զգուշօրէն եւ...

Համազգայինի 90-ամեակին Առիթով`  Մարդուժի Պատրաստութեան Լաւագոյն Փորձառութիւնը (Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկին Օրինակը)

Ազգային Փրկութեան Եւ Յարատեւութեան Ուղին

(Միացեալ Եւ Անկախ Հայաստանի Հռչակման 100-ամեակին Առիթով) Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Աշխարհասփիւռ հայութիւնը այսօր կը նշէ մայիս 28-ը` Հայաստանի անկախութեան 101-րդ տարեդարձը: Հայութիւնը այսօր կը նշէ, պէ՛տք է նշէ նաեւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի հռչակման 100-ամեակը: Պատմական ու նշանակալից տարեդարձ մը, որ ափսո՜ս, անտեսուած ու մոռցուած է շատերու կողմէ: Արդարեւ, անկախութեան առաջին տարեդարձին օրը` 28 մայիս 1919-ին, Իրանի, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի...

Սարդարապատի Զանգերը «Տխուր» Կը Ղօղանջեն…

Խոհեր` Միացեալ Եւ Անկախ Հայաստանի Յայտարարութեան 100-ամեակին Առիթով ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Ստուգապէս խօսքը այսօրուան մասին է, մեր ներկայի հաւաքական կեանքին հետ առնչութիւն ունեցող պետական մտածողութեան, ազգային ու քաղաքական մտքի, անվտանգութեան եւ պաշտպանական համակարգի վերաբերող լրջագոյն խնդիրներուն մասին է, որոնց առկայութեան բարձրագոյն մակարդակի ահազանգ կը հնչեցնենք` յայտնելով, որ մայիսեան խոյանքին խորհուրդը պէտք չէ նսեմանայ երբեք այս կամ այն իշխանութեան, կառավարութեան կամ ղեկավարին...

Մէկ Ազգ, Մէկ Անցեալը

Մէկ Ազգ, Մէկ Անցեալը

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ Եթէ 21 սեպտեմբեր 1991 եւ 9 մայիս 1992 համազգային տօները յորդուն խանդավառութեամբ եւ արդար հպարտութեամբ կը նշուին հայութեան բոլոր շերտերուն կողմէ, ապա ի՞նչ է 28 մայիս 1918-ը: Տարիներ շարունակ անպատասխան եւ անլոյծ կը մնայ այդ հարցը, եւ պէտք է ըսել, թէ որքա՛ն ալ շարունակէ այդ վիճակի մէջ մնալ, այնքան ալ մեր ազգային Դատը կաղ պիտի մնայ, եւ բոլոր...

Անկախութեան Քաղաքական Բեռը Ծանր Կը Կշռէ (Հայաստանի Հանրապետութեան 101-րդ Տարեդարձին Առիթով)

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ Պատմութեան ընթացքին, ազգային պառակտումներ երեւան բերած են ազգի մը տարբեր ու տարբերուած խմբաւորումներու միջեւ գոյութիւն ունեցած հատուածական տարամերժութիւններու ու շերտաւորումներու այլընտրանքներ: Երեւան բերած են մանաւանդ իշխանութեան վրայ աւանդականութեան կարգով ու երկար ժամանակէ ի վեր գահերու վրայ բազմած իշխանութիւններ, առաւել չափով ալ` իշխանութեան տիրանալու ձգտող շահագրգիռ յաւակնորդներու մենատենչական հեռանկարային մարմաջներ: Պառակտումը մեր օրերուն համապատասխանող փտախտն է, եւ դժբախտաբար հայերը...

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի Խօսքը` Մայիսեան Փառատօնին

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի Խօսքը` Մայիսեան Փառատօնին

ՀՄԸՄ-ի երկրորդ հարիւրամեակի մայիսեան առաջին փառատօնն է այս, եւ ինչպէս նախորդները, ան խանդավառութեան, յոյսի եւ լաւատեսութեան աղբիւր է մեզի համար: Քիչ ետք, ՀՄԸՄ-ական տողանցող շարքերը դիտելով, մենք պիտի խանդավառուինք մեր նոր սերունդով եւ պիտի ուրախանանք, որ հարիւրամեակի երթը կը շարունակուի ու պիտի՛ շարունակուի նորերով: Տեւաբար պիտի գան նորերը, եւ մեր ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր զաւակներն ու թոռները վստահիլ իր «կամաւոր...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դէպի Ո՞ւր, Հա՛յ Ժողովուրդ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մայիս Ամիսը

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ Մայիս ամիս: Բառերը վառ գոյն կ՛առնեն սրտիս մէջ, երբ կ՛ուզեմ խօսիլ մայիս ամսուան մասին, որովհետեւ մայիսը մեզի համար յաղթականներու ամիս է: Տխրասարսուռ եւ մահագոյն մեր պատմութիւնը մայիս ամսուն էր, որ իր ընթացքը փոխեց: Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի եւ այլ ճակատներու յաղթանակը առաջնորդեց մեր հայրենիքի անկախացման, նաեւ մայիս ամսուն էր, որ Շուշիի ազատագրումը առաջնորդեց Արցախի ազատագրման: Յարգա՛նք եւ...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն .  Անկախութեան Պահպանումը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն . Անկախութեան Պահպանումը

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Արեւածագ էր, երբ կարծես արեւի ճառագայթները սկսած էին բնաջնջել խաւարով պատած հոգիները եւ մտքերը փոխարինելով նոր շունչ եւ նոր յոյս ներշնչող հանգրուանով մը: Սոյն հանգրուանի կերտումը արդիւնք էր առանց նախապայմանի միասնական կեցուածքի եւ յարատեւ պայքարի իրագործման... Սարդարապատի ճակատամարտը պինդ հիմերու եւ հաստատ ժայռի վրայ հիմնուած կառոյցի մը կեանք տուաւ, որ նոյնիսկ, երբ շատ չանցած համայնավարութիւնը փորձեց քանդել...

Տօն Է Բազմաշխատ՝ Մահուան Գէորգին, Սասնոյ Հարազատ Մեծանուն Քաջին

Տօն Է Բազմաշխատ՝ Մահուան Գէորգին, Սասնոյ Հարազատ Մեծանուն Քաջին

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Ծնողքը կը փափաքէր գրել, կարդալ սորվի, որպէսզի քահանայ ձեռնադրուի։ Այդ նպատակով, 1876ի Մայիսի 14ին, պատանի հասակին, զինք ղրկեցին Մշոյ Ս. Առաքելոց Վանքը։ Հոն հանդիպեցաւ Արաբոյին եւ այլ ֆետայիներուն։ Երկու տարի ետք, 1878ի Մայիսի 4ին, հրաժարեցաւ վանքէն, վերադարձաւ տուն։ Եւ, ինչպէս ան կը գրէ իր յուշերուն մէջ, «այնուհետեւ իմ գործը շարունակ զէնքերը եղան»: Այսպէս յայտնուեցաւ մեր ազատագրական պայքարի խիզախագոյն...

Page 448 of 807 1 … 447 448 449 … 807

Արխիւներ