Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն . Անկախութեան Պահպանումը

Մայիս 28, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Արեւածագ էր, երբ կարծես արեւի ճառագայթները սկսած էին բնաջնջել խաւարով պատած հոգիները եւ մտքերը փոխարինելով նոր շունչ եւ նոր յոյս ներշնչող հանգրուանով մը: Սոյն հանգրուանի կերտումը արդիւնք էր առանց նախապայմանի միասնական կեցուածքի եւ յարատեւ պայքարի իրագործման…

Սարդարապատի ճակատամարտը պինդ հիմերու եւ հաստատ ժայռի վրայ հիմնուած կառոյցի մը կեանք տուաւ, որ նոյնիսկ, երբ շատ չանցած համայնավարութիւնը փորձեց քանդել Արամ Մանուկեանի վերածնունդի հզօր հիմերը, չյաջողեցաւ…

1918-ի անկախութեան սիւները նաեւ 1991 թուականին կարողացան վերածնունդի առիթ տալ, երբ հզօր Խորհրդային Միութիւնը տեղի տուաւ եւ փուլ եկաւ: Հարկ է յիշել ՀՅ Դաշնակցութեան հայապահպանման գործունէութիւնը, որ առանց յուսահատելու` շարունակեց գոյատեւման պայքարը սփիւռքի մէջ եւ պետութեան հիմերուն տէր կանգնեցաւ, երբ նոյն ժամանակ հայրենիքի մէջ հայոց լեզուն, եկեղեցին եւ եռագոյն դրօշը կը հալածուէին: Այսօր շատեր հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ ամէն տարի պէտք է վերյիշենք 1918-ի անկախութեան օրը, իսկ ուրիշներ միայն երկրորդ անկախութեան մասին ակնարկելով` կ՛ուզեն Արամ Մանուկեանի անունը խաւարի մէջ պահել: Ցաւալի արտայայտութիւն մըն ալ վերջերս պատասխանատու դիրքի վրայ գոյացաւ, երբ Արցախի մէջ սահմանապահ զինուորներուն վասն ոչինչ զոհուելու մասին խօսուեցաւ` նպաստելով թշնամիին, երբ ներքին անկայունութեան մթնոլորտի ստեղծման առիթ տրուեցաւ:

Մեր գոյութիւնը կը պարտինք եւ պիտի պարտինք ամէն մէկ սուրբ հերոսի, որ իր թանկագին կեանքը զոհեց եւ պիտի զոհէ հայոց ազգի գոյատեւման եւ պահպանման համար. առանց իրենց` մենք չենք կրնար խաղաղութեան օրհնութիւնը վայելել: Անկախութեան կերտման վերանշումը մեր ապագայի գործունէութեան ուղին կը վերամշակէ եւ մեզ դէպի յարատեւութեան կ՛առաջնորդէ, նաեւ մեր աւանդութեան եւ ազգային արժանիքներուն արժէքը կը վերակենդանացնէ մեր մտքերուն եւ սրտերուն մէջ…

Մեր կերտած պատմութեան յաջողութիւնները վերյիշելով եւ սխալներէն դաս առնելով միայն կրնանք յառաջդիմել իբրեւ առողջ մարմին: Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացումը սփիւռքի աջակցութեան կը կարօտի, իր կարգին, սփիւռքն ալ կարիքը ունի հայրենիքի օժանդակութեան` դէմ դնելու համար ամէն տեսակի ձուլումի մարտահրաւէրներուն: Օտար ափերու մէջ ծնունդ առած հայու արիւնը վերակենդանացման համար կարիքը ունի հայոց լեզուի, պատմութեան եւ կրօնի սնունդին, դժբախտաբար ժամանակաշրջանի համապատասխան մատակարարման որոշումի եւ գործի պակասը կայ: Յաջողութիւնը երկու հանգրուան է. առաջինը` հասնիլ, ապա` պահելով յարատեւել… Պահելու փուլը աւելի դժուար է, որովհետեւ ժամանակաշրջան չունի, այլ յաւիտենական է: Ինչպէս ռազմավարական գետնի վրայ մասնագէտներու կարիքը կայ նուաճումներ արձանագրելու համար, նոյնպէս քաղաքական եւ տնտեսական գետնի վրայ հայրենասէր մասնագէտներու կարիքը կայ, որոնց առիթ պէտք է ընծայուի, որ արհեստավարժ ձեւով առաջնորդեն հայոց բոլոր կառոյցները: Ի շահ մեր անգին հայրենիքին` աշխարհի բոլոր տարածքներուն վրայ գտնուող ամէն մէկ հայու կարիքը կայ, որ իր բաժինը բերէ եւ նպաստէ երկրին ու ազգին յառաջդիմութեան:

Հայրենիքին գերագոյն շահերը նկատի ունենալով` պէտք է գործենք միասնաբար յանուն հայրենիքի բարգաւաճման եւ համայն հայութեան վերակենդանացման ու յարատեւման: Անկախութիւնը պահելու համար պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք դէմ դնելու ամէնօրեայ բազմատեսակ ճակատամարտերու… Թէկուզ եթէ հանգրուանային ձախորդութիւններ արձանագրենք, սակայն կարեւորագոյնը գոյատեւման նուաճումներ իրագործելով` գլխաւոր պատերազմէն յաղթական դուրս գալն է…

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (28 Մայիս 1969)

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մայիս Ամիսը

RelatedPosts

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին
Անդրադարձ

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին

Նոյեմբեր 8, 2025
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Get Lost!

Նոյեմբեր 8, 2025
Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք
Անդրադարձ

Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?