Մուսա Լերան Գիւղերէն Այնճար Եկած Ենք…
ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Արդէն 80 տարի եղաւ: Մուսալեռցիները, մերժելով ապրիլ թրքական լուծի տակ, կամովին հրաժարելով իրենց կալուածներէն եւ ինչքերէն` եկան կայք հաստատելու Այնճար կոչուած անապատ-տափաստանին մէջ, անգամ մը եւս իրենց կամքը կոփելու եւ ապրելու հոն, ուր ուրիշներ չկրցան ապրիլ ու գոյատեւել: Ճիշդ բնորոշած էր մուսալեռցի նշանաւոր գրող Եդուարդ Պոյաճեանը. «Գէշ թուականի մը եւ շատ գէշ պայմաններու տակ» հիմնուեցաւ մուսալեռցիներու նոր մայրաքաղաք...


















