Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսա Լերան Գիւղերէն Այնճար Եկած Ենք…

Յուլիս 27, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Արդէն 80 տարի եղաւ:

Մուսալեռցիները, մերժելով ապրիլ թրքական լուծի տակ, կամովին հրաժարելով իրենց կալուածներէն եւ ինչքերէն` եկան կայք հաստատելու Այնճար կոչուած անապատ-տափաստանին մէջ, անգամ մը եւս իրենց կամքը կոփելու եւ ապրելու հոն, ուր ուրիշներ չկրցան ապրիլ ու գոյատեւել:

Ճիշդ բնորոշած էր մուսալեռցի նշանաւոր գրող Եդուարդ Պոյաճեանը. «Գէշ թուականի մը եւ շատ գէշ պայմաններու տակ» հիմնուեցաւ  մուսալեռցիներու նոր մայրաքաղաք Մուսա Լեռ- Այնճարը:

Այնճա՜ր, Այնճա՜ր` մուսալեռցիներու մահաբոյր գաղթակայանը, ուր աւելի քան 1000 գաղթականներ զոհ գացին մալարիային, անօթութեան, ցուրտին…       Այս անապատը ովասիսի վերածելու համար երեք սերունդ մուսալեռցիներ իրենց ամբողջ կեանքը տուին պայքարելով` կենդանի մնալու, պարտէզներ հիմնելու եւ ստեղծելու իւրայատուկ հայկական կեդրոն մը, որ հպարտութիւնն է իւրաքանչիւր հայու:

80 տարի եղաւ արդէն:

Ոչինչէն ծնունդ առած այս շէն հայկական քաղաքը դիմադրելով բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն` շարունակեց ապրիլ ու զարգանալ: Հայու շինարար ոգին ամէնէն փայլուն կերպով երեւցաւ հոս, այս անապատին մէջ:

Դժուար է հաւատալ, որ կարելի է այսքան փոփոխութիւն  կատարել 80 տարուան ընթացքին: Փաստը մէջտեղն է բոլոր թերահաւատներուն համար մանաւանդ:

Մուսալեռցիները իրենց ճակտի քրտինքով կերտեցին այս աւանը` միշտ զգալով իրենց թիկունքին Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որուն կ՛երթայ այս աւանին ստեղծման ու զարգացման պատիւը:

Շնորհիւ Մուսա Լեռ-Այնճարի գոյութեան` կենդանի մնաց թէ՛ Մուսա Լերան հերոսամարտի յիշատակը, թէ՛ նաեւ մուսալեռցիներու անցեալը, աւանդութիւնները, բարբառը…

Արդէն 80 տարի եղաւ: Կանգուն է մուսալեռցիներուն մայրաքաղաքը: Ան ունի նոր տեսք եւ նոր տեսիլք:

Դժուարութիւննե՞ր, շա՜տ. մուսալեռցին, սակայն, ե՞րբ դժուարութիւններէն վախցած է:

1915-ին մեր պապերու «խենթութիւն»-ը փրկեց մեզ:

Հիմա ալ կան «խենթ» մուսալեռցիներ: Այնճարի գոյատեւումն ու զարգացումը փաստեր են այս գծով:

Մեր նախկին տնօրէնը գրած էր.

«Մենք լեռն ենք տակաւին, թող ետ գայ թշնամին». իսկ վերջերս մահացած մեր ընկերներէն մէկը կը մաղթէր. «Լեռնէն վար չիջնէք. վա՜յ մեզի, եթէ լեռնէն իջանք ցած»:

Այս է Մուսա Լեռ-Այնճարի ճանապարհը:

80 տարի լերան վրայ, 80 տարի միշտ պատրաստ, 80 տարի բաց ծովուն մէջ` ընդդէմ բոլոր փոթորիկներուն:

80-ամեակդ շնորհաւոր, մեր հարազա՛տ, հայկակա՛ն աւան:

Մուսա Լեռ-Այնճար
23 յուլիս 2019                                            

                                  

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Եւ Միացեալ Նահանգներ Կը Պատժեն Թուրքիան` Երկու Տարբեր Խախտումներու Համար

Յաջորդը

«Մենք Պատասխանատու Ենք Հայաստանի Եւ Արցախի Իւրաքանչիւր Այգաբացի Համար». Ջիւան Աւետիսեան

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?