Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիզպոնեան Ոգեկոչումին Ժամանակակից Ընկալումները

Յուլիս 26, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Նախորդ դարու կէսերէն սկսեալ Երրորդ աշխարհին մէջ սկսաւ ազգային-ազատագրական պայքարներու նոր փուլ մը: Փուլ մը, որ կը պարունակէր զինեալ պայքար` յանուն գաղութատիրութեան ենթակայ երկիրներու ու ժողովուրդներու քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ամբողջական ազատագրութեան:

Հրդեհի նման` ազատագրական շարժումները սկսան տարածուիլ ամէնուրեք…  Ալճերիա, Վիեթնամ, եւ ուր որ կը գտնուէր գաղութատիրական ուժ:

Փորթուգալը, որ այդ ժամանակաշրջանին կայսերապաշտական համակարգ ունէր, 15-րդ դարէն արդէն իսկ գաղութատիրական լուծի ենթարկած էր Ափրիկէն:

Իբրեւ կայսերապաշտ ուժի ենթակայ տարածքներ` ազատագրական պայքարներու լուցկիի կրակը նոյնպէս հասաւ փորթուգալեան ափրիկեան գաղութներ: Մոզամպիքէն (փորթուգալեան ամէնէն հարաւային գաղութը) մինչեւ Անկոլա, Կանաչ Հրուանդանի կղզիներ, Կինէա Պիսաու եւ Սաու Թոմէ ու Փրինսիփէ: Յիշեալ բոլոր գաղութներուն մէջ ստեղծուեցան ազատագրական շարժումներ. Մոզամպիքի մէջ` «Մոզամպիքի ազատագրական ճակատ»-ը, Անկոլայի մէջ` «Անկոլայի ազատագրութեան ժողովուրդի շարժում»-ը, Կանաչ Հրուանդանի կղզիներու ու Կինէա Պիսաուի մէջ` «Կինէայի ու Կանաչ Հրուանդանի անկախութեան ափրիկեան կուսակցութիւն»-ը, իսկ Սաու Թոմէ ու Փրինսիփէի մէջ` «Սաու Թոմէի ու Փրինսիփէի ազատագրութեան շարժում»-ը:

Վերոյիշեալ բոլոր շարժումները կը դաւանին ընկերվարութիւն եւ ներկայիս անդամակցած են Ընկերվար միջազգայնականին: Անոնք որդեգրած էին (զինեալ պայքար մղելու ժամանակ) «Երրորդ աշխարհի ընկերվարութիւն» գաղափարական ուղղութիւնը, որ մէկ կողմէ կը հետապնդէր նշեալ երկիրներուն քաղաքական ազատագրութիւնը, իսկ միւս կողմէ ալ` ընկերային-տնտեսական ազատագրութիւնը:

Հայկական կեանքին մէջ ալ, մանաւանդ որ հայութենէն կարեւոր մաս մը կ՛ապրէր Երրորդ աշխարհի մէջ եւ ազդուած էր այդտեղի ազգային-ազատագրական շարժումներէն (յատկապէս` պաղեստինեան ազատագրական շարժումէն), նախորդ դարու 70-ական եւ 80-ական թուականներուն Հայ դատի հետապնդման համար կը հիմնուին զինեալ գաղտնի կազմակերպութիւններ, ինչպէս` Հայկական ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկները եւ Հայ յեղափոխական բանակը:

1974-ին Մեխակի յեղափոխութիւնը կը տապալէ աւելի քան 4 դարերու գաղութատիրական, ռազմապաշտ եւ ամբողջատիրական համակարգը Փորթուգալի մէջ: Յետյեղափոխական ժողովրդավարական համակարգը (յատկապէս` ընկերվարական վարչապետ Մարիօ Սուարեշի ղեկավարութեամբ) կը հռչակէ ափրիկեան բոլոր գաղութներուն անկախութիւնը: Այսպիսով, վերջ կը տրուի աւելի քան 400 տարուան ստրկութեան եւ թշուառութեան:

27 յուլիս 1983-ին տեղի ունեցած Լիզպոնի գործողութիւնը եւս կը համընկնէր այդ ժամանակաշրջանին Փորթուգալի մէջ թէ այլուր ծաւալած ազատագրական շարժումներուն ընդհանուր տրամաբանութեան, որովհետեւ մարդկութեան համընդհանուր ազատագրութիւնը (քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական) չ՛ամբողջանար, եթէ ազգ մը տակաւին շղթայուած է, իր իրաւունքները ոտնակոխուած են:

Թող հանգիստ ննջեն Սարգիսը, Սեդրակը, Արան, Սիմոնն ու Վաչէն, որովհետեւ իրենք ոչինչի համար չնահատակուեցան, այս տարի (Լիզպոնի գործողութենէն 36 տարի ետք) արդէն Փորթուգալի խորհրդարանը իր բարոյական պարտքը կատարեց` ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Լիզպոնի գործողութեան հսկումի ձեռնարկները այլեւս պէտք է ծառայեն գլխաւորաբար երկու նպատակներու.

Ա.- Սուգէն վերածուին յաղթանակի տօնակատարութեան, որովհետեւ Լիզպոնի գործողութեան նպատակը մասամբ (Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասով) իրականացաւ (ինչո՞ւ չէ, փորթուգալցիներուն հետ միասին):

Բ.- Նկատի ունենալով, որ Լիզպոնի գործողութիւնը (եւ Հայ դատի ուժական պայքարը` ընդհանրապէս) ազդուած էր այդ ժամանակ միջազգայնօրէն ձեւաւորուած ազատագրական գաղափարներէն, հետեւաբար հայկական կեանքին մէջ վերակենդանացնել ազատագրութեան գաղափարը իր խոր իմաստով եւ բոլոր մասնիկներով (քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական)` քայլ պահելով ներկայ ազատագրական թէ՛ ազգային, թէ՛ ընկերային եւ թէ՛ տնտեսական շարժումներուն հետ:

Լիզպոնի հինգ տղոց յիշատակը վառ կը պահենք նաեւ այն ժամանակ, երբ կը վերանորոգենք անոնց ուխտը` համապատասխանելով մեր ներկայ ժամանակի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական մարտահրաւէրներուն, այլ ոչ թէ` պատմական, ապա թէ ոչ այդ գործողութիւնը ընդմիշտ միայն պատմութեան մէջ մնացած կ՛ըլլայ, իսկ ներկան պատմութեան էջերու ընթերցում կը դառնայ:

Հինգ տղաքը իրենց ժամանակուան ազատագրութեան ուխտը կատարեցին, սակայն մենք ե՞րբ պիտի կատարենք (առնուազն ծրագրենք) մեր ժամանակուան ազատագրութեան ուխտը (անշուշտ` համապատասխանելով մեր ժամանակի մարտահրաւէրներուն, կարիքներուն, գործելաոճին ու օրակարգերուն):

 

Նախորդը

Նոր Սրբավայր

Յաջորդը

Հինգ Դիւցազուններու Վերջին «Խնճոյք»-ը (27 Յուլիս 1983)

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?