Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն . Արդար Քաղաքական Ղեկավարութիւն

Յուլիս 27, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Մարդկութեան պատմութեան նախօրեակին ժողովուրդներ սահմանափակուած էին իրենց քաղաքի պարիսպներով: Անոնց վրայ իշխող ամէն մէկ ղեկավար ունէր իր յատուկ քաղաքականութիւնն ու օրէնքը: Երկիր հասկացողութեան առաջին գաղափարը կերտուած է հին Եգիպտոսի Նեղոս գետին շուրջ, ուր առաջին թագաւորութիւնը հիմնուած էր: Ետքը թագաւորութիւնները ընդլայնած եւ կայսրութիւններ կազմած են` սկսելով Մեծն Աղեքսանդրէն, որուն կայսրութիւնը Յունաստանէն մինչեւ Հնդկաստան կ՛երկարէր, ապա անցնելով շատ մը ուրիշ կայսրութիւններէ, որոնցմէ հարկ է յիշել հռոմէական, աւելի ուշ օսմանեան եւ Խորհրդային Միութեան կայսրութիւնները, ուր քաղաքականութիւնը եւ օրէնքներուն սահմանը քարէ պարիսպներէն դուրս ելլելով եւ մտքերու պարիսպները սահման ունենալով,  իշխանութիւններ ուժի միջոցով իրենց գաղափարաբանութիւնը կը տարածէին եւ իշխանութեան քաղաքականութեան սահմանները կ՛ընդլայնէին:  Մարդ արարածը ցեղախումբերու կը պատկանի եւ բնազդօրէն կ՛ուզէ ապրիլ խումբերու մէջ, որոնք նոյնանման են եւ նոյնպէս կը մտածեն: Քաղաքականութիւնը եկած է համախմբելու նոյնանման մտածելակերպի տէր մարդիկ` տարբեր խումբերու մէջ:

Այս խումբերուն մէջ յառաջ եկած են ժողովրդավարական կարգեր, որոնց վրայ զետեղուած է ղեկավարութիւն, որ, ըստ օրէնքի, մտաւորական մեծ կարելիութեամբ օժտուած պէտք է ըլլայ: Դժբախտաբար այս բոլոր կարգերը ընդհանրապէս կը խանգարուին, երբ դրամը կը գործէ, եւ դրամի ուժով մտային սահմանափակ կարողութեամբ անձեր իշխանութեան կը հասնին եւ հետեւանքը կ՛ըլլայ այն, որ  աշխարհաքաղաքական եւ ժողովրդավարական վնասներու պատճառ կը հանդիսանան:

Աշխարհի ժողովուրդները միշտ եղած են յաղթողի կամ պարտուողի դերին մէջ. անոնք միշտ ալ քաղաքական խաղերու զոհ դարձած են: Չունեցողը ունեցողէն անարդար ձեւով առած է, իսկ ունեցողը անարդար ձեւով ուրիշին իրաւունքին տիրանալու փորձ ըրած է ուժի միջոցով: Յաջող ղեկավար մը պէտք է կարողանայ իր մտածելակերպը ընդունելի դարձնել իր ժողովուրդին եւ համապատասխան ծառայութիւն շնորհէ անոնց` արդարութեամբ եւ առանց զատողութեան: Այն ղեկավարը, որ միայն ուժի կամ դրամի վստահելով իշխանութեան կը հասնի, պիտի չկարողանայ գոյատեւել: Ի՞նչ օգուտ, եթէ ժամանակաւոր ձեւով հասնի փառքի, բայց ետքը տապալի` դառնալով ծիծաղի առարկայ իր ժողովուրդին կողմէ: Ղեկավարը միայն արդարութեամբ կրնայ գոյատեւել, ապա թէ ոչ, ուշ կամ կանուխ պիտի լճանայ…  Ինչպէս Կանտին ըսած է, որ յաջող ղեկավար մը կարող է ազգեր առաջնորդել, բայց պէտք է մնայ արդար, որպէսզի գոյատեւէ իր յաջողութեամբ:

Պատմութեան ընթացքին իշխանութիւնները մեծ մասամբ տապալած են իրենց անարդարութեան պատճառով: Քաղաքականութիւնը կը պարտադրէ գաղտնիքներ ունենալ եւ խոհեմ ձեւով ղեկավարել, բայց եւ այնպէս, երբ գաղտնիքները ծածկելու համար կեղծիքներուն շարքը կ՛երկարի, այս անգամ ձախողութեան ժամկէտը կը սկսի մօտենալ: Ինչպէս ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Աբրահամ Լինքըլն. «Դուք կարող էք  ամբողջ ժողովուրդը խաբել որոշ ժամանակ եւ որոշ մարդիկ` ամբողջ ժամանակ, բայց դուք չէք կրնար խաբել բոլոր մարդիկը ամբողջ ժամանակ»: Ղեկավար մը հարկ է միշտ վերատեսութեան ենթարկէ իր վարած քաղաքականութիւնը եւ պատրաստ ըլլայ մտիկ ընելու քննադատութիւններ, որոնցմէ ետք ինքնաքննադատութեան միջոցով պիտի կարողանայ իր թերացումները սրբագրել…

Ժողովուրդի մը  ապրելակերպի բարելաւումը ղեկավարի մը իշխանութեան շարունակութեան թթուածինը կը դառնայ միայն այն ատեն, երբ խօսքը գործի կը վերածուի, ապա թէ ոչ օրը պիտի գայ, եւ պիտի տապալի: Միշտ յիշենք, որ ամէնէն հզօր կայսրութիւններն ալ տապալած են անարդարութեան պատճառով…  Ղեկավարի մը համար արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը միակ ձեւերն են իր բարոյական դիրքը պահելու համար: Նոյնիսկ եթէ ժամանակը գայ եւ պաշտօնը կորսնցնէ, արդար ղեկավարը երբեք իր բարոյական դիրքը չի կրնար կորսնցնել կեղծաւոր ղեկավարի մը նման, որ ծիծաղելի վերջ մը կ՛ունենայ, հոգ չէ, թէ որքան հարստութիւն կրցած է դիզել: Հեռատես եւ խոհեմ ըլլալը կարեւոր է, որպէսզի լաւ վերջ մը շնորհելով ժողովուրդին` ղեկավար մը իր սխալները եւ թերացումները կարողանայ յաջող ձեւով ծածկել: Ինչպէս Մաքիավելլին ըսած է. «Վերջը կ՛արդարացնէ միջոցները», այլապէս, հակառակ ժամանակաւոր յաջողութիւններ արձանագրած ըլլալուն, ձախող աւարտը պիտի ծածկէ ամէն բան:

 

 

 

Նախորդը

Արցախեան Մամուլի Պատասխանատուները Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումարում

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Եւ Միացեալ Նահանգներ Կը Պատժեն Թուրքիան` Երկու Տարբեր Խախտումներու Համար

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?