Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Եւ Միացեալ Նահանգներ Կը Պատժեն Թուրքիան` Երկու Տարբեր Խախտումներու Համար

Յուլիս 27, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Անորոշութեամբ եւ հակասութեամբ յատկանշուող քանի մը ամիսներ ետք, թէ՛ Եւրոպական Միութիւնը, թէ՛ Միացեալ Նահանգները նոյն շաբթուան ընթացքին որոշեցին պատժել Թուրքիան` երկու տարբեր խախտումներու համար:

«Ասոշիէյթըտ փրես» գործակալութիւնը 16 յուլիսին հաղորդած է, որ Եւրպական Միութեան արտաքին գործերու նախարարները «հաստատած են պատժամիջոցներ Թուրքիոյ դէմ` կազի հորատման աշխատանքներ կատարելուն համար այն ջուրերուն մէջ, ուր Եւրոպական Միութեան անդամ Կիպրոսը ունի տնտեսական իւրայատուկ իրաւունքներ: Անոնք յայտարարած են, որ կը կասեցնեն օդային փոխադրումներու մասին համաձայնագիրին բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ` բարձր մակարդակի Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն երկխօսութիւնները եւ կոչ կ՛ընեն Եւրոպական ներդրումային դրամատան` վերանայելու իր վարկաւորումը Թուրքիոյ:

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները դժգոհեցան, որ` «Հակառակ  Եւրոպական Միութեան բազմաթիւ կոչերուն` դադրեցնելու անօրինական գործունէութիւնը Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ, Թուրքիա շարունակեց իր հորատման աշխատանքները Կիպրոսի արեւմտեան մասը եւ սկսաւ երկրորդ հորատման աշխատանքը` Կիպրոսի հիւսիս-արեւելքը, կիպրական տարածքային ջուրերուն մէջ»:

Անգարայի իշխանութիւնները, թրքական յատուկ ամբարտաւանութեամբ, Եւրոպական Միութեան որոշումը «անպէտք» անուանեցին: Աւելի՛ն. Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց. «Մենք երեք նաւ ունինք Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ, պիտի ղրկենք չորրորդը»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները զգուշացուցին, որ Թուրքիոյ նկատմամբ պիտի կիրարկուին լրացուցիչ պատժամիջոցներ, եթէ Թուրքիա չհրաժարի Կիպրոսի շուրջ ծաւալող անօրինական հորատման աշխատանքներէն:

Միեւնոյն ժամանակ, ամիսներու անվճռականութենէ ետք, նախագահ Թրամփ վերջապէս որոշեց արգիլել Թուրքիոյ` ձեռք բերել Միացեալ Նահանգներու նորագոյն Էֆ-35 հալածիչները, հակառակ անոր որ Թուրքիա արդէն վճարած էր մէկ միլիառ տոլար` 116 հալածիչ ստանալու համար եւ մասնակցած` օդանաւի որոշ մասերու արտադրութեան ծրագիրին, որուն դադրեցման պատճառով Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան կը հասցուի մօտաւորապէս 10 միլիառ տոլարի վնաս:

Քանի մը առիթներով Թրամփ արդարացուցած է Թուրքիոյ կողմէ ռուսական Էս-400 հրթիռներու ձեռքբերումը` սխալմամբ մեղադրելով Օպամայի վարչակազմը, որ ամերիկեան «Փեթրիըթ» հրթիռները Թուրքիոյ ծախելու գաղափարէն հրաժարած էր: Իրականութեան մէջ Թուրքիան է, որ չէ ընդունած Միացեալ Նահանգներու առաջարկած վաճառքի պայմանները:

Միւս կողմէ` Թրամփ գովեստի շռայլ խօսքեր կ՛ըսէր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հասցէին այն պահուն, երբ ՕԹԱՆ-ի ղեկավարները, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը եւ ապահովութեան պաշտօնեաները նախազգուշացուցած էին Թրամփը, որ Թուրքիոյ Էֆ-35-ներու վաճառքը կրնայ վտանգել օդանաւերուն մասին գաղտնի համաձայնութիւնը եւ խախտել ՕԹԱՆ-ի զինական համակարգին հետ ռուսական հրթիռներու գործնական միացումը:

Հաշուի առնելով Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան ակնյայտ սպառնալիքները, կապուած Թուրքիոյ` ռուսական հրթիռներ ստացման հարցին, Թրամփ այլընտրանք չունէր, եթէ ոչ` չեղեալ համարել Էֆ-35 օդանաւերը Թուրքիոյ ծախելու համաձայնագիրը: Հակառակ պարագային, Թրամփ կը յայտնուէր ծիծաղելի իրավիճակի մը մէջ` կիրարկելով «Առաջինը Թուրքիան», այլ ոչ թէ իր սիրելի` «Առաջինը Ամերիկան» կարգախօսը:

17 յուլիսին Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ «Էֆ-35»-ը չի կրնար տեղ գտնել ռուսական հետախուզական տուեալներու հաւաքագրման ծրագրին մէջ, որ կ՛օգտագործուի Ռուսիոյ նորագոյն կարելիութիւնները հասկնալու համար»: Կը նշուէր, որ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական Էս-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի ձեռքբերման որոշումը անկարելի կը դարձնէ անոր հետագայ մասնակցութիւնը Էֆ-35 հալածիչներու համատեղ ծրագրին:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի` գնումներու եւ կայուն զարգացման հարցերով տեղակալ Էլեն Լորտ յայտարարած է. «Ամերիկան եւ Էֆ-35-ի գծով գործընկերները համաձայն են կասեցնելու Թուրքիոյ մասնակցութիւնը այս ծրագրին, ինչպէս նաեւ` Թուրքիան այդ ծրագրէն պաշտօնապէս հեռացնելու համար յատուկ գործընթացի մը նախաձեռնելու որոշումին»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր ամբարտաւանի սովորական ոճով զգուշացուցած է Միացեալ Նահանգները, որ եթէ վերջինս պատժամիջոցներ կիրարկէ Թուրքիոյ դէմ, ապա իր երկիրը վրէժխնդիր կ՛ըլլայ իր սեփական պատժամիջոցներուն փաթեթովը` ընդդէմ Միացեալ Նահանգներու: Եկէք` տեսնենք, թէ արդեօք Թուրքիա իր բարձրակոչ յայտարարութիւններէն բացի` կ՛իրականացնէ՞ իր սպառնալիքները: Ակնյայտ է, որ Ամերիկայի տնտեսական պատժամիջոցները կրնան յանգեցնել Թուրքիոյ փխրուն տնտեսութեան ամբողջական փլուզման:

Նախագահ Թրամփ, որ շատ յաճախ կ՛անտեսէ Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերը` գործարարական շահութաբեր համաձայնութիւններու հաշուոյն, յայտարարած էր, որ Թուրքիա կը փափաքի գնել միլիառաւոր տոլարներ արժողութեամբ Էֆ-35 հալածիչներ: Ըստ սովորութեան, Թրամփ չափազանցած է թիւերը: Իրականութիւնը այն է, որ Թուրքիա կը ծրագրէր ծախսել միայն մէկ միլիառ տոլար` Էֆ-35 օդանաւեր ստանալու համար, այլ ոչ թէ` միլիառներ: Ասկէ զատ, կարգ մը երկիրներ, որոնց շարքին` Հոլանտա, Իսրայէլ եւ Ծոցի երկիրներէն մէկը, արդէն նշած են, որ լրացուցիչ հալածիչներ ստանալու միջոցով փոխհատուցում պիտի կատարեն` Թուրքիոյ կողմէ ձեռք չբերուած հալածիչներու դիմաց:

Այսուամենայնիւ, Էֆ-35 հալածիչներու թրքական ձեռքբերման արգիլումը միակ պատժամիջոցը չէ, որ կրնայ կիրարկուիլ Թուրքիոյ դէմ: Թրամփ 2017-ին ստորագրած է «Պատժամիջոցներու միջոցով Ամերիկայի հակառակորդներուն հակազդելու մասին» օրէնքը (CAATSA): Ան պարտաւոր է այս օրէնքով պատժամիջոցներ կիրարկել Թուրքիոյ դէմ` Ռուսիայէն հրթիռներ գնելուն պատճառով: Նման որոշում մը կախուած չէ Թրամփէն: Այսուհանդերձ, «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ը 21 յուլիսին հաղորդած է, որ Թրամփ դէմ է Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրարկելու հարցին: Նախագահը այս շաբաթ կը  նախատեսէ տեսակցիլ խումբ մը ծերակուտականներու հետ եւ քննարկել Թուրքիոյ դէմ հնարաւոր պատժամիջոցները, քանի որ  օրէնսդիրներու կողմէ ճնշում կը գործադրուի Անգարան պատժելու համար: Թրամփ ունի երեք տարբերակ. առաջին` խուսափիլ որեւէ պատժամիջոցէ, երկրորդ` յետաձգել պատժամիջոցները, եւ երրորդ` առաջարկել պատժամիջոցներու աւելի մեղմ տարբերակ: Ամենայն հաւանականութեամբ, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը պատժամիջոցներ կը կիրարկէ Թուրքիոյ դէմ, եթէ նախագահը նման բան չընէ…

Նոյնիսկ առանց պատժամիջոցներու` Թուրքիա արդէն վնաս կրած է միլիոնաւոր տոլարներու բացասական գովազդէն: Անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու շարք մը մեծ  հրատարակութիւններ խմբագրականներ գրեցին` հարցականի տակ դնելով Թուրքիոյ անդամակցութիւնը ՕԹԱՆ-ին:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի խմբագրութիւնը գրեց. «Միացեալ Նահանգներ եւ ՕԹԱՆ այժմ այլընտրանք չունին` բացի վերանայելէ, թէ արդեօ՞ք Թուրքիա կը շարունակէ մնալ իբրեւ դաշինքի անդամ»:

«Պլումպըրկ» հրապարակեց խմբագրական մը` «Թուրքիան կը լքէ Արեւմուտքը: Երթա՛ս բարով» վերնագիրով:

Ճետ Պապպին «Ուաշինկթըն Թայմզ» թերթին մէջ խմբագրական յօդուած գրեց` «Թուրքիան վռնտեցէ՛ք ՕԹԱՆ-էն» վերնագիրով:

Անցնող իւրաքանչիւր օրուան հետ Թուրքիա աւելի ու աւելի կը հեռանայ ՕԹԱՆ-էն` յօգուտ Ռուսիոյ: Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներու համադրումը մահացու կ՛ըլլայ Թուրքիոյ տնտեսութեան եւ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան համար…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն . Արդար Քաղաքական Ղեկավարութիւն

Յաջորդը

Մուսա Լերան Գիւղերէն Այնճար Եկած Ենք…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?