ՀՄԸՄ-ականներս Միշտ Հաւատարիմ Կը Մնանք Մեր Երդումին` Պատուով Ծառայել Հայ Ազգին Ու Սրբազան Հայրենիքին*
ԻՇԽԱՆ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Այսօր մենք անսահման հպարտութեամբ համախմբուած ենք հոս` տօնակատարելու հայոց արդի պատմութեան ամէնէն նուիրական եւ շրջադարձային թուականներէն մէկը` 28 մայիս 1918-ի սրբազան յաղթանակն ու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման փառապանծ տարեդարձը: Պատգամ բովանդակող ճակատագրական զուգադիպութեամբ, այս նուիրական թուականը կապուած է ծնունդին` Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ), որ կեանքի կոչուեցաւ նոյն տարուան նոյեմբերին` դառնալով նորածին հանրապետութեան եւ վերածնող ժողովուրդին գաղափարական ու...



















