Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եթէ Փաշինեան Արգիլէ Որեւէ Ընդդիմադիր Կուսակցութիւն, Մնացեալները Պէտք Է Պոյքոթի Ենթարկեն Ընտրութիւնները

June 5, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ իր նախընտրական քարոզարշաւը` Հայաստանի օրէնսդրութեան բազմաթիւ խախտումներով:

Ամէն անգամ, երբ քարոզարշաւի ընթացքին ոեւէ քաղաքացի համարձակի քննադատել զայն, ականատես կ՛ըլլանք Փաշինեանի կոպիտ, վիրաւորական, ջղագար ու յարձակողական արձագանգին: Ասիկա խոհեմ անձի մը բնորոշ վարքագիծ չէ, աւելի՛ն, յարիր չէ վարչապետի մը:

Վերջին շաբաթներուն ընկերային ցանցերուն վրայ տարածուած բազմաթիւ տեսանիւթերը ցոյց կու տան Փաշինեանի անհաւասարակշիռ վարքագիծը քաղաքացիներուն, յատկապէս այն խիզախ կիներուն նկատմամբ, որոնք կը համարձակին լուսարձակի տակ բերել անոր վարած քաղաքականութեան աղէտալի հետեւանքները` Արցախի կորուստը, հազարաւոր զոհերը, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներու կորուստը, եւ, թերեւս շուտով, նաեւ ամբողջ Հայաստանի կորուստը: Երբ քաղաքացիները առերեսուին անոր` իրենց անհամաձայնութիւնը արտայայտելու համար, կ՛ենթարկուին Փաշինեանի կոպիտ յարձակումներուն, կամ անոր զոմպիի վերածուած կողմնակիցներու հրմշտուքներուն ու բռնութեան:

Փաշինեանի անտրամաբանական վարքագիծին եւ անհեթեթ յայտարարութիւններուն հետեւողները կը նկատեն, որ ան աւելի ու աւելի կը կորսնցնէ ինքնատիրապետութիւնը` գոռալով, սպառնալով բանտարկել կամ նոյնիսկ սպաննել («սատկացնել») իր քաղաքական հակառակորդները:

Փաշինեանի կամակատարը դարձած Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը վերջին ամիսներուն զայն քննադատողները մեղադրեց օտարերկրեայ գործակալներ ըլլալու մէջ` նոյնիսկ տարածելով ակնյայտ կեղծ փաստաթուղթեր: Փաշինեան յայտարարած է, որ ընտրութիւններուն իր հիմնական մրցակից Սամուէլ Կարապետեանը ռուսական գործակալ է: Կարապետեանը ձերբակալուած եւ մեղադրուած է պետական յեղաշրջում ծրագրելու մէջ, պարզապէս այն պատճառով, որ իր զօրակցութիւնը յայտնած էր Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ: Այլ կեղծ փաստաթուղթ մը հրապարակելով` Փաշինեան շինծու մեղադրանք առաջադրեց Կարապետեանի զարմիկին` Նարեկին, իբր թէ Ռուսիոյ քաղաքացիութիւնը գաղտնի պահելուն համար, ինչ որ կը նկատուի ընտրական օրէնսդրութեան խախտում, քանի որ ան պատգամաւորութեան թեկնածու է: Բացի ատկէ` Փաշինեան կը շարունակէ միջամտել Հայաստանի դատական համակարգի գործերուն` ուղղորդելով դատաւորները, որոնք, ըստ օրէնքին, պէտք է անկախ ըլլան:

Վերջին երկու ամիսներուն անոր քաղաքական հակառակորդներու տասնեակ կողմնակիցներ ձերբակալուած եւ բանտարկուած են ընտրակաշառք բաժնելու շինծու մեղադրանքներով: Ասիկա զաւեշտալի մեղադրանք մըն է. ո՞վ կրնայ այնքան միամիտ ըլլալ, որ ընտրութիւններէն ամիսներ առաջ կաշառէ ընտրողները` յոյս ունենալով, թէ անոնք ապագային պիտի քուէարկեն իր կուսակցութեան ի նպաստ: Փաշինեանը նաեւ բանտարկած է քանի մը բարձրաստիճան հոգեւորականներ` զանազան յանցագործութիւններու շինծու պատրուակներով: Աւելի՛ն. ան պարբերաբար Դիմատետրի էջի գրառումներով լկտի մեղադրանքներ կ՛ուղղէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հասցէին եւ կը շարունակէ միջամտել Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն` բացայայտօրէն խախտելով Եկեղեցւոյ եւ պետութեան անջատման վերաբերեալ սահմանադրական դրոյթը:

Տարիներ շարունակ Փաշինեան կեղծօրէն պնդած է, որ իր կուսակցութեան նախորդ երկու ընտրական յաղթանակները` 2018 եւ 2021 թուականներուն, եղած են արդար եւ զերծ կեղծիքներէ: Սակայն անոր գործողութիւնները հակառակը կը փաստեն. ան բազմիցս խախտած է ընտրական օրէնսդրութիւնը` քարոզարշաւի նպատակով օգտագործելով վարչական միջոցներ, սպառնալով իր ընդդիմախօսներուն եւ կիրարկելով դրամահաւաքի անօրինական մեթոտներ:

2023-ին` Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն, Փաշինեանի Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը հաւաքեց 1,3 միլիոն տոլար` իր թեկնածու Տիգրան Աւինեանի յաղթանակը ապահովելու համար: Անկախ հետաքննութեամբ բացայայտուեցաւ, որ նախընտրական հիմնադրամին կատարուած շարք մը նուիրատուութիւններ ձեւակերպուած են կեղծ անուններով` իրական նուիրատուներուն ինքնութիւնը գաղտնի պահելու նպատակով:

Խախտումները ներառած են մեծ գումարներու նուիրատուութիւններ` այլ անձերու անուններով: Օրինակ` կին մը, որուն անձնագրային տուեալները խարդախութեամբ օգտագործուած են, վրդոված հերքած է նման նուիրատուութիւն կատարած ըլլալու փաստը: Այլ պարագայի մըն ալ նուիրատուութիւններ կատարուած են յայտնի գործարարի մը ութ աշխատակիցներու անուններով` առանց անոնց գիտութեան: Հակառակ նման բացայայտ խախտումներուն` դատարանները որեւէ իրաւական քայլի չեն ձեռնարկած Փաշինեանի կուսակցութեան դէմ:

Շարունակելով բացայայտել Քաղաքացիական պայմանագիրի կասկածելի դրամահաւաքի գործելաոճը` «Ինֆոքոմ»-ի կողմէ կատարուած նոր անկախ հետաքննութիւն մը պարզած է, որ Հայաստանի տարբեր մարզերէն հիւանդանոցներու եւ բժշկական կեդրոններու առնուազն 23 տնօրէններ, 2025-ի մարտին, գրեթէ միեւնոյն ատեն նուիրատուութիւններ կատարած են իշխող կուսակցութեան: Պետութեան պատկանող այս հաստատութիւններու տնօրէններն իրենց պաշտօններուն համար պարտական են իշխանութիւններուն: Միայն քանի մը օրուան ընթացքին` 4-11 մարտ 2025-ին, իշխող կուսակցութեան փոխանցուած է աւելի քան 15.000 տոլար: Տարուան ընթացքին, ընդհանուր առմամբ, 31 բժշկական կեդրոններու տնօրէններ շուրջ 22.000 տոլար նուիրած են Փաշինեանի կուսակցութեան: Նոյնիսկ առողջապահութեան նախարարը 2025 թուականին մօտ 2000 տոլար նուիրած է իշխող ուժին: «Ինֆոքոմ»-ը նաեւ բացայայտած է, որ Փաշինեանի կուսակցութիւնը եւ անոր կենակիցին` Աննա Յակոբեանի գլխաւորած «Իմ քայլը» հիմնադրամը վերջին երեք տարիներու ընթացքին ստացած են ընդհանուր առմամբ 300.000 տոլարի նուիրատուութիւններ այնպիսի գործարարներէ կամ պաշտօնատար անձերէ, որոնց ընկերութիւններուն կառավարութիւնը տրամադրած է հարկային արտօնութիւններ:

Քաղաքական հակառակորդները բանտարկելու վերաբերեալ բազմիցս հնչեցուցած սպառնալիքներէն եւ այն նախազգուշացումներէն ետք, թէ ընդդիմադիր ուժերը յառաջիկայ ընտրութիւններուն որեւէ պատգամաւորական աթոռ պիտի չստանան, Փաշինեան այժմ կրնայ հատել բոլոր «կարմիր գիծերը» եւ արգիլել մէկ կամ  քանի մը ընդդիմադիր կուսակցութիւններու մասնակցութիւնը յունիս 7-ի ընտրութիւններուն` իր Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան յաղթանակը երաշխաւորելու համար:

Եթէ այդ մէկը տեղի ունենայ, բոլոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնները պարտաւոր են, ի նշան բողոքի, պոյքոթի ենթարկել Ազգային ժողովի ընտրութիւնները: Ասոր իբրեւ հետեւանք` 7 յունիսէն ետք պիտի ձեւաւորուի բացառապէս Փաշինեանի կուսակցութենէն կազմուած Ազգային ժողով մը, որ պիտի յիշեցնէ Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդը, ուր ներկայացուած էր միայն Համայնավար կուսակցութիւնը: Ասիկա պիտի հաստատէ, որ Հայաստանը ոչ թէ ժողովրդավարական երկիր է, այլ` բռնապետական:

Ցայսօր Արեւմուտքը, մեկնելով սեփական շահերէն եւ ի վնաս Հայաստանի ազգային շահերուն, անտեսած է ժողովրդավարական կառավարման սկզբունքներու կոպիտ խախտումները: Սակայն, եթէ խորհրդարանին մէջ մնայ միայն մէկ կուսակցութիւն, Արեւմուտքը այլեւս չի կրնար ձեւացնել, թէ Հայաստանը բնական ժողովրդավարական երկիր մըն է: Պէտք է գործադրուին դիւանագիտական համակարգուած ջանքեր` օտարերկրեայ կառավարութիւնները մղելու, որ հրաժարին այդ ոչ օրինական ընտրութիւններու արդիւնքները ճանչնալէ:

Այնուհետեւ պէտք է կազմակերպուին նոր խորհրդարանական ընտրութիւններ` բացառելով Փաշինեանի կուսակցութեան մասնակցութիւնը:

www.TheCaliforniaCourier.com

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց «Վանայ Ձայն»

Յաջորդը

Յարգանք` Լիբանանի Մէջ Ննջող Մայիսեան Յաղթանակի Կերտողներուն

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.