«Եղնիկներ»-ու Կազմաւորման 20-ամեակը Կը Նշուի Արցախի Մէջ
Արցախի Մարտակերտի շրջանի վերջին սահմանամերձ գիւղի մուտքին կայ հսկիչ անցագրային ստուգման կէտ մը: Տօնաշէն մտնելէ առաջ նախ կը ներկայանաս հերթապահին, յետոյ հերթապահը տեղեակ կը պահէ զօրամասի պատասխանատուին, դրական պատասխան ստանալէ ետք միայն կրնաս բռնել գիւղին ճամբան: Պաշտպանական շրջանի վերածուած գիւղին մէջ տուները քանի մը անգամ աւելի են բնակիչներէն: Հակառակ անոր որ կիսաքանդ ու լքուած շինութիւնները բազմաթիւ են Տօնաշէնի մէջ, բայց...
