Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Կտրուած Ականջներ Կան Ազրպէյճանի Ճամբուն Վրայ…

February 22, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հ.

Այլիսլի

Իր տեսակին մէջ առաջինը չէ ազերի գրող Աքրամ Այլիսլիի հալածանքի դէպքը Ազրպէյճանի մէջ:

Ինքզինք քաղաքակիրթ ձեւացնող, սակայն էապէս յետամնաց ու յետադիմական այս երկրի կողմէ հակաքաղաքակրթական հալածանք ու ատելութեան դրսեւորումներ միշտ տեսած ենք: Դեռ թարմ է օրինակը սաֆարովեան գայթակղութեան, երբ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացնահար սպաննած ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովը «հերոս»-ի ընդունելութեան  կ՛արժանանար Ազրպէյճանի մենատէրին կողմէ` Պաքու իր վերադարձին:

Այդ օրերուն ալ գտնուեցան ազերի մտաւորականներ ու քաղաքական գործիչներ, որոնք հակառակելու եւ սխալը մատնանշելու փորձեր կատարեցին, սակայն դատապարտուեցան լռութեան…

Նոյնը դարձեալ կը պատահի այսօր, 1988-90 թուականներուն անդրադարձող եւ ազրպէյճանցիներու վայրագութիւնները նկարագրող «Քարէ երազներ» վէպի հեղինակ Աքրամ Այլիսլիի հետ, որուն կեցուածքը թրքութեան դէմ «անարգանք» հռչակուած է, եւ որուն դէմ պաշտօնապէս, «սրբազան պատերազմ» յայտարարուած է` 10 հազար մանաթ խոստանալով այն անձին, որ գրողին ականջը պիտի կտրէ:

Այս յայտարարութեան նախորդած էին երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն խօսքերը թէ իր պարգեւներէն, շքանշաններէն ու երեսփոխանական թոշակէն կը զրկէ 75-ամեայ Այլիսլին` փաստօրէն ցոյց տալով հալածանքի ճանապարհը մտքի ու գրչի այս մարդուն հանդէպ: Հալածանքի թիրախ հռչակուած են նաեւ անոր ընտանիքը. որդին ու կինը անմիջապէս արձակուած են իրենց աշխատանքներէն: Իսկ Այլիսլիի բնակարանին դէմ կատաղի ցոյց կատարող խուժանը կը պահանջէ, որ DNA-ի քննութեան ենթարկուի ազերի մեծ գրողը, որովհետեւ ան չի կրնար ազերիի արիւն ունենալ… եղեր:

Այլիսլի իր վէպի մասին խօսելով` ըսած է, թէ երկու ժողովուրդներուն` հայերու եւ ազրպէյճանցիներու միջեւ խաղաղութեան պատգամ մը փորձած է փոխանցել` համոզում յայտնելով, որ անոնք կրնան ապրիլ իրարու հետ:

Ամբողջ աշխարհը շրջած է արդէն Այլիսլիի դէմ յարձակումներու արձագանգը: Մտաւորական եւ մարդկային իրաւանց շրջանակներ, որոնց շարքին թուրք հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօղլու կոչեր յղած են` արդար վերաբերմունք պահանջելով ազերի գրողին հանդէպ: Զարաքօղլու յատկանշականօրէն կ՛ըսէ, թէ «Ազրպէյճանի մէջ այն մարդիկ, որոնք երկրի հպարտութիւնը կը հանդիսանան, ներկայիս մահացու վտանգի տակ կը գտնուին, եւ այդ սպառնալիքը կը բխի երկրի նախագահէն»:

Անհանդուրժողութիւնը բազմաթիւ անգամներ իր յոռի երեսները ցոյց տուած է, 1988-ի փետրուարին` Սումկայիթի մէջ, 1990-ի Յունուարին Պաքուի մէջ, 2004-ին` Պուտափեշտի մէջ Գուրգէն Մարգարեանի կացինահարման դէպքով, 2007-ին Պոլսոյ մէջ Հրանդ Տինքի սպանութեան դէպքով: Երբ հրէշային ոճրագործութիւնները եւ վայրագութիւնները բարոյական որեւէ գնահատանքի ու վերաբերումի չեն արժանանար, անպատիժ կը մնան եւ, աւելի ծանրակշիռը, ոճրագործներու «հերոսացումներով» կ՛իմաստաւորուին, լկտի ու անբարոյ պատգամներ փոխանցած կ՛ըլլան:

Թրքամոլ յաւակնոտութեամբ մոլեգնած Ազրպէյճանի պետութիւնը, որ մակերեսին վրայ «զարգացող երկրի» խաբկանքը կ՛ուզէ տալ, իրականութեան մէջ աղքատ ու անուս խուժանները շարժման մէջ կը դնէ եւ մարդասպանները պարգեւատրելու «մշակոյթին» կը վարժեցնէ զանոնք:

Ազրպէյճանի յաւակնութեանց ճամբան ներկուած է կտրուած ականջներու արեամբ եւ ժամանակն է, որ քաղաքակիրթ աշխարհը հասկցնէ Ալիեւին եւ անոր իշխանութեան, թէ քաղաքակիրթ մարդկութեան արժէքներով եւ օրէնքներով խստիւ մերժելի են, օրէնքով արգիլուած են ու քրէական պատիժի արժանի են այլամերժ յարձակողապաշտութիւնը եւ ցեղային ատելութիւնը:

 

 

Նախորդը

Այլիսլիի Ականջը Կտրողին` Մեծ Պարգեւ. Ազրպէյճանական «Ծանօթ»… Քաղաքակրթութեան Հետքերով

Յաջորդը

Պայազատ Ռոստամխան Էնակօլօփեանց. «Ի Հասակի 21 Ամաց… Արբ Զմահ Լեալ Նահատակ» Եւ Այդ Առիթով Խորհրդածութիւններ Նոր Ջուղայի Մասին

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.