Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Թաքուն Հայերը

March 22, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս Արժանթինի մամուլը լայնօրէն կ՛անդրադառնայ Անատոլուի (Արեւմտեան Հայաստանի-«Ակունք»-ի խմբ.) «գաղտնի» հայերուն մասին: «The Footprints of Secret Armenians in Turkey» խորագրեալ յօդուածին մէջ, արժանթինահայ լրագրող Աւետիս Հաճեան կը գրէ  ծագումով հազարաւոր հայերու մասին, որոնք կը շարունակեն ապրիլ Անատոլուի եւ Պոլսոյ մէջ` ծածկելով իրենց հայկական ինքնութիւնը: Ան իր հաստատումները կը կատարէ հիմնուելով իր կատարած ուսումնասիրութեանց վրայ, որոնք կ՛ընդգրկեն Պոլսոյ Քուրթուլուշ շրջանի, ինչպէս նաեւ Ամասիոյ, Տիգրանակերտի, Տէրսիմի, Մուշի եւ Սասունի շրջաններու բնակչութիւնը:

Թրքական կամ քրտական ինքնութիւնը

Յօդուածին համաձայն, դար մը ամբողջ իրենց ինքնութիւնը թաքուն պահած հայերը կ՛ապրին Թուրքիոյ արեւելեան շրջանին մէջ: Անոնք ընդունելով սիւննի եւ ալեւի դաւանանքները`  ստանձնած են թրքական եւ քրտական ինքնութիւններ:

Սակայն Սասնոյ շրջանի գիւղերուն մէջ կայ փոքր համայնք մը, որ տակաւին քրիստոնեայ է: Շեշտելով հանդերձ, թէ ոչ ոք կրնայ ճշգրտօրէն իմանալ «ծածուկ հայեր»-ուն թիւը, Հաճեան կը գրէ, թէ անոնցմէ շատերը կը վախնան բացայայտել իրենց հայկական ինքնութիւնը: «Թուրքիան տակաւին վտանգաւոր բնակավայր մըն է հայերուն համար», կը մէջբերէ Հաճեան անոնցմէ մէկուն հաստատումը:

«Ծածուկ հայեր»-ը, որոնք զգուշօրէն կը պահեն իրենց ինքնութիւնը, չեն յարաբերիր իրենց հայկական ինքնութիւնը բացայայտօրէն ստանձնած հայերուն հետ եւ կը խուսափին անծանօթներէ: Հաճեան կ՛ըսէ, թէ անոնցմէ շատերը, որոնք նոյնիսկ կ՛ընդունին իրենց ծնողներուն եւ մեծ ծնողներուն հայկական ծագումը կամ իրենց թուրք եւ քիւրտ դրացիներէն «հայեր» եւ «անհաւատ» կ՛անուանուին, կը մերժեն իրենց հայկական ինքնութիւնը: Ուրիշներ, սակայն, կ՛ընդունին իրենց հայ ըլլալը, սակայն զայն գաղտնի կը պահեն իրենց զաւակներէն:

Ձմեռը` եկեղեցի, ամառը` մզկիթ

Հաճեան կը գրէ, թէ դժուար է յայտնաբերել «ծածուկ հայեր»-ը եւ կու տայ բազմաթիւ օրինակներ: Օրինակ, Ամասիոյ վերջին հայը` Ռաֆել Ալթընճի, մեծցած է որպէս հայ եւ յաճախած է այն դպրոցը, ուր Հրանդ Տինք նաեւ յաճախած է: Հետագային ան ընդունած է իսլամութիւնը, ամուսնացած է թուրք կնոջ մը հետ եւ իր աղջիկը դաստիարակած է որպէս իսլամ: Միայն վերջերս ան ընդունած է իր հայկական ինքնութիւնը: Ճազի Ուզալ, Մուշի շրջանէն գիւղացի մը, ձմրան Պոլիս կեցութեան ընթացքին եկեղեցի կը յաճախէ, իսկ ամրան, երբ գիւղ կը վերադառնայ կ՛ապրի իսլամ կրօնի բոլոր օրէնքներուն համաձայն:

Տիգրանակերտի մէջ փաստաբան Մեհմեթ Արգան կ՛ըսէ, թէ միայն եօթը տարեկանին տեղեկացած է իր ընտանիքին հայկական ծագման մասին: «Մինչեւ տասը տարի առաջ, մենք մեր հայկական ինքնութիւնը կը պահէինք բոլորէն, սակայն ներկայիս Տիգրանակերտի մէջ հայերուն վտանգ չի սպառնար», կ՛ըսէ ան եւ կ՛անդրադառնայ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերականգման աշխատանքներուն: Ան նաեւ կ՛աւելցնէ, թէ սիւննի ըլլալով հանդերձ, ինք նուազ հայ չի զգար ինքզինք:

Կարգ մը պարագաներու, ծածուկ հայերը զարմանալիօրէն փոխակերպուած են: Օրինակ, Բալուի շրջանի Օկասեան գերդաստանը վերապրած է 1915-ի Ցեղասպանութենէն, գաղթած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուած «Ռոտ Այլընտ». Սակայն նախքան անոնց մեկնումը, քրտական ցեղախումբի մը առաջնորդը առեւանգած է ընտանիքին ամենակրտսեր զաւակը` Գրիգորը: Քիւրտ առաջնորդը հետագային ամուսնացուցած է Գրիգորը Զերման անունով որբուհիի մը հետ: Զոյգը բնակութիւն հաստատած է Բալուի գիւղերէն մէկուն մէջ, ընդունած է իսլամութիւնը եւ որդեգրած` թրքական անուններ:

Տարիներ ետք Միացեալ Նահանգների մէջ ապրող անոնց հարազատները կը վերագտնեն Գրիգորն ու Զերմանը: Այսօր զոյգին թոռնիկը իմամ է, մինչ անոնց երկրորդ սերունդի քեռորդին Նոր Եորքի մէջ Կիլիկիոյ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեանն է:

Ռամանի լեռներու փոքր աղջիկը

Հաճեան կ՛արձանագրէ նաեւ «ծածուկ հայեր»-ու գոյութիւնը Տէրսիմի մէջ եւ կը պատմէ Սասնոյ շրջանին մէջ անոնց հետ իր հանդիպումներուն մասին: Լրագրողը կը նկարագրէ վեցէն եօթը տարեկան աղջնակ մը, որ խումբ մը հայ ուխտաւորներու հետ կ՛ուղղուէր Ռաման լեռները: Զօրաւոր քամին պատճառ կը հանդիսանայ, որ աղջկան ճերմակ ուսապարկը շրջի ու կը յայտնաբերէ հայկական խաչը: Հաճեան երբ կը մօտենայ լուսանկարելու համար փոքրիկ աղջիկը, ան անմիջապէս կը պահէ իր դէմքը իր քողին ետին: Երբ կը հարցնեն իրեն, թէ հա՞յ է կամ հայ հարազատներ ունի՞, ան կը պատասխանէ. «Մենք իսլամ ենք»:

http://akunq.net

 

 

 

Նախորդը

Հայրենասիրութիւնը Մանրադիտակի Տակ

Յաջորդը

Պատառիկներ 1915 Թ. Աղէտից (Ցեղասպանութիւնից). «Քարաւան»

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.